Արդի Ընկերութեան Ցաւը
Հակառակ մեր ժամանակներուն իրագործուած գիտական հսկայ նուաճումներուն, հակառակ նոր ընկերութեան արտադրութեանց եւ սպառումներու աննախընթաց չափերուն, Արեւելքի թէ Արեւմուտքի մէջ, մարդկութիւնը հեռու կը մնայ երջանկութեան այն իտէալէն, որուն կը ձգտէր դարերէ ի վեր:
Ինչո՞ւ ամէն կողմէ կը բարձրանան դժգոհութեան ալիքներ: Ինչո՞ւ երիտասարդութիւնը կը տուայտի խելակորոյս մոլորանքի մը բաւիղներուն մէջ: Ինչո՞ւ ուսանողութիւնը կ՛ուզէ քանդել գոյութիւն ունեցող կարգուսարքը: Ո՞ւր կը ձգտին հասնիլ, ի՞նչ է ուզածնին, որո՞ւնն է յանցանքը:
Հարստութի՞ւն… Բայց պատմութեան մէջ չէ եղած ժամանակաշրջան մը, ուր կեցութեան եւ վայելքի այսքա՛ն առատ միջոցներ գտնուէին: Մեքենաներ կը թաւալին անդադար եւ ճարտարարուեստական ապրանքներու հետ միասին հրապարակը կ՛ողողեն նաեւ թերթն ու գիրքը, երգն ու երաժշտութիւնը:
Աշխարհիս երեսին կարծես թէ գիշեր-ցերեկ տօնահանդէս կայ: Այսպէս պիտի տպաւորուէին գերերկրային էակներ, եթէ առիթը ունենային վերէն դիտելու մեր աշխարհի վրայ տիրող արտադրութիւնը ու վայելքի տենդավառ եռուզեռը:
Այսուհանդերձ, երկրայիններս գիտենք, թէ ծուռ բան մը կայ մեր ընկերութեան կազմէն ներս, թաքուն վէրք մը, որ կ՛արիւնի եւ կ՛արիւնէ մարդոց կեանքը:
Նոր ժամանակներու «չարիքը» երեւան հանելու համար բազմապիսի տեսակէտներ հրապարակ կը նետուին յաճախ: Անոնցմէ ոմանք խնդիրը կ՛աշխատին քննել ընկերաբանական տեսակէտէ, ուրիշներ` կրօնաբարոյագիտական եւ կամ տնտեսական ու քաղաքական տուեալներու լոյսին տակ: Ախտանշումները շատ են եւ ամէնուն մէջ ալ ճշմարտութեան որոշ բաժին մը կայ անշուշտ:
Նման պարագաներու առաւելագոյն ուշադրութիւն գրաւողը կ՛ըլլայ ան, որ կը յաջողի փիլիսոփայական կառոյցի մը մէջ ներկայացնել հարցը եւ պարագայական տուեալներէ վեր բարձրանալով` ընդհանուր տեսութիւն դարձնել զայն:
Իմաստասիրական մօտեցումով, քսաներորդ դարու ախտաճանաչումը կատարողներէն կը թուի թէ ամէնէն աւելի տիրական սկած է դառնալ Հերպերթ Մարքիւզի դէմքը:
Ինչո՞ւ:
Պարզ այն պատճառով գուցէ, որ Մարքիւզ նոր ընկերութեան տեսանելի առաւելութիւններուն մէջ իսկ կ՛որոնէ եւ կը գտնէ անոր անտեսանելի ախտը: Արդարեւ, ան կը դատապարտէ հաւասարապէս ամերիկեան եւ խորհրդային երկու մեծ ընկերութիւնները` իրենց ծայրայեղ ճարտարարուեստականացումով եւ այլ երկիրներու կեանքին վրայ ունեցած խորունկ անդրադարձով:
Մարքիւզ մեր օրերու այն փիլիսոփան է, որ բուռն կերպով կը քննադատէ արդի բարձր եւ յառաջընթաց քաղաքակրթութիւնը այն պատճառով, որ բնաւ համապատասխան չեն իրարու քաղաքակրթական բարիքներու եւ մշակութային ստեղծագործութիւններու զարգացումները: Ճարտարարուեստ եւ տնտեսական դիւրակեցութիւն` չեն նշանակեր մշակոյթ եւ հոգեկան արժէքներու բարձրացում: Անհաշուելի հարստութիւնները, զոր նոր ընկերութիւնները կը ստեղծեն, կ՛օգտագործուին քաղաքական նպատակներու համար:
Ըստ Մարքիւզի, ամբողջատիրական ընկերութիւններ են հաստատուած թէ՛ Արեւմուտքի եւ թէ՛ Արեւելքի մէջ, ուր անհատներու եւ խմբաւորումներու ազատութիւնը բրտօրէն խեղդուած է: Չարիքը կը ծնի ասկէ: Ճարտարարուեստի գերարտադրութիւններէն օգուտ չկայ մարդկային հոգիին համար, որ կը մնայ ճնշուած` կա՛մ քաղաքական գաղափարախօսութիւններու օղակին մէջ, կամ սանձարձակ սեռայնութեան մը տիրապետութեան ներքեւ:
Իսկապէս, ի՞նչ է մեր դարուն երեւան եկող սեռային չափազանցութիւններու սա պոռթկումը` շարժանկարի պաստառներուն վրայ, գիրքերուն մէջ, պողոտաներու եզերքին, եթէ ոչ` հոգեկան ապրումներու երաշտը, ոգեղինացող թեւաւոր զգացումներու սնանկացումը:
Անհատը ընկերութեան գերին է դարձած` սպառողակալն իր տենդով եւ անվերջանալի պահանջներով: Որքան արտադրուի, այնքան պէտք է սպառի: Փակ շրջանակ մը, որուն մէջ ինկած անհատը ի վիճակի չէ իր անձին ազատութիւնը վերագտնելու:
Եւ որպէսզի յարատեւէ այս կացութիւնը, հրապարակ նետուած են նաեւ համապատասխան սկզբունքներ: Արդիակա՞ն կ՛ուզես երեւիլ, պէտք է պաշտես նիւթական արժէքներ եւ խօսիս միայն շօշափելի նիւթական արժէքներու մասին: Այլապէս կը դառնաս «հին գլուխ», ժամանակավրէպ մարդ: Ո՞վ այսօր կը համարձակի նախկին ջերմութեամբ եւ համոզումով քարոզել խղճի ազատութիւն, բարոյական մաքրութիւն, հաւատքի զօրութիւն եւ նման ոչ նիւթեղէն արժէքներ: Ինչ որ վայրկեանի հաճոյքին չի պատկանիր, ինչ որ անմիջականօրէն մատչելի չէ, ինչ որ արտադրողական հարստութեան մաս չի կազմեր, ինչ որ խստօրէն կազմակերպուած ընկերութիւնը չի հայթայթեր, դուրս կը մնայ արդի ժամանակներու ձգտումէն ու փառասիրութենէն:
Կեանքը կը քալէ մէկ մակարդակի վրայ. նիւթը եւ վայելքը, արտադրութիւնը եւ սպառումը: Մինչդեռ բուն երջանկութիւնը տարբեր մակարդակներ կը պահանջէ, ուր հոգեկանն ու նիւթականը զուգահեռ ընթանան: Ոչ միայն ճարտարարուեստ, այլ նաեւ` մշակոյթ, ոչ միայն արտադրութիւն, այլ նաեւ` ստեղծագործութիւն:
Մինչեւ որ ընկերութիւնները չազատագրուին, կ՛ըսէ Մարքիւզ, սոցիալիստական կամ դրամատիրական նիւթապաշտութենէն, մինչեւ որ մարդ անհատին հոգին ազատ չշնչէ, բաղձալի երջանկութիւնը պիտի մնայ միշտ հեռաւոր երազ:
Մ. ԻՇԽԱՆ