Արդի Հայուն «Հայր Մեր»-ը
Մայիսի այս աղուոր օրերուն, մայրութեան, ծաղիկներու թարմ ու խանդակաթ շունչին հետ, կը յիշենք մեր պատմութեան մայիսը:
Խիստ էր արշալոյսը մեր հերոսներու անգերեզման շիրիմներուն վրայ:
Բառ մը միայն աստանդական մեր ժողովուրդին հետ կը սաւառնէր Անիէն Կիլիկիա, մինչեւ Ղարաբաղ, մինչեւ Սարդարապատ: Ազատութի՛ւն:
Ոչ ոք այնքան գիտցաւ քաղցրութիւնը անոր, որքան` հայը, որ մի՛շտ, մի՜շտ նահատակուեցաւ անոր համար, շատ յաճախ կորսնցուց զայն, ստիպուած եղաւ լքել հայրենիքը` անոր փնտռտուքին համար:
Հայը հայրենիքէն դուրս, ամէն տեղ գտաւ Ազատութիւնը, գուրգուրանքով պահեց զայն իր հոգիին մէջ, պահեց, ուռճացուց իր հոգեմտաւոր ժառանգութիւններուն, ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Հայը Ռաքքայի աւազներուն մտերմացաւ, գլխիկոր նուաճեց կեանքը, արհամարհեց հայակուլ ահեղագոռ Եփրատի ալիքները, ապրեցա՛ւ:
Կորսնցուց շատ բան, բայց անոր պահեց կորսուած հայրենիքին համար իսկ, կորսուած հայրենիքին ոգեղէնո՛վ, այն աննիւթական յուշարձանը, որուն շուրջ համախմբուած հաւատաւոր զինուորներու ուխտը կը լսենք ամէն օր ծագող արշալոյսին հետ, ամէն տեղ, մեր դէմքերը Արարատին, աղօթքներով հոգեխռով: Մենք Արարատը կրցանք պոկել իր լայնանիստ պատուանդանէն` տանելով մեզի հետ հեռուները, բազմապատկել զայն, կոթողելու համար մեր պատմութեան իր հոգին բացող, մեր աշխարհագրութեան իր աչքը բացող ամէն բողբոջ հայորդիի սրտին ու աչքերուն մէջ:
Ահաւասիկ այսօր թրծուած ու հզօրացած սերունդներ կը մերժեն ուծացումի, այլասերումի ամէն մեղադրանք, նոր շունչ կ՛ուզեն տալ սփիւռքեան իրականութեան մէջ ապրող մեր ժողովուրդին, կ՛ուզեն բարձր պահել իրենց փոխանցուած հայկական արժէքները, կ՛ուզեն քալել յաւերժութեան ուղիէն, քալել` Սարդարապատի ոգիով:
Սարդարապատը, 1918-էն ասդին, դադրած է աշխարհագրական անուն, պատմական ճակատամարտ ըլլալէ: Սարդարապատը եթէ գիւտն էր Ազատութեան մեր որոնումին, եթէ փառքն էր մեր դարաւոր նուաճումներուն, եթէ պսակն էր նահատակներու սրբազան պայքարին, այսօր ան մեր աչքերուն խիզախութեան ուխտն է, մեր սրտերուն մշտանորոգ քաջութիւնն է:
Պատերազմ կայ այսօր ամէնուրեք: Սպաննել կ՛ուզեն մեզ ու մեր աննուաճելի ձգտումները, բայց յամառ ու կատաղի կը գտնեն բուռ մը հայեր, որոնց աչքերուն մէջ անթեղուած կրակը մեր պատմութեան` զիրենք կը դարձնէ ամեհի, անխոցելի, անտեղիտալի:
Պատերազմին մէջ երէկ չկրցան սպաննել ձգտումը, որ նահատակ ձգտողէն հայու յատուկ հրաշքով անցաւ կանգուն ու պայքարող հայուն:
Ինկան մեր աստուածահաճոյ եւ գեղակերտ եկեղեցիներու գմբէթները, դարձան աւերակ, դարձան խօսուն արուեստ ու մեղմ երգեցին յաւերժութեան մեղեդին: Փճացաւ մեր հանճարներու սուրբ ծորումը աւերի, աւարի, հրդեհի մէջ, բայց մեր երկրի օդը, ջուրը, լեռն ու ժայռը մեզի տուին անկորնչելի նուաճումին զօրութիւնը:
Ամէն օր նոր կոթող մը Սարդարապատի, ամէն օր նոր ուխտ մը յաւերժութեան, ամէն ափէ նոր փարոս մը լոյսի ու յոյսի…
Ազատութիւն երգեցինք մենք չծնած, ազատութիւն երգեցինք դեռ նոր ծնած, ու պիտի երգենք ազատութիւն` մահէն առաջ ու մահէն ետք: Պիտի երգենք աղօթքի պէս, արդար պահանջի մը իրաւունքով:
Երեւանէն մինչեւ Թեհրան ու Պէյրութէն մինչեւ Մոնրէալ, մինչեւ Քալիֆորնիա, Աւստրալիա, տարբեր անուններով նո՜յնն է հայը, անփոփոխ, յամառ, հաւատաւոր:
Մէկ է աղօթքը մեր, մէկ է Աստուածը մեր, մէկ է ու բացարձակ ապրումը, ձգտումը մեր:
Ազատութիւն մեր սուրբ անդաստաններուն…
ԱՐՄԷՆ ՏՕՆՈՅԵԱՆ