Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (15 Մայիս 1969)

Մայիս 15, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Բերիոյ Թեմի Ազգային
Գաւառական Ժողովի
Լրացուցիչ Ընտրութիւնները

Հալէպէն կը հաղորդուի մեզի.-

Կիրակի, 11 մայիսին Հալէպի մէջ տեղի ունեցան Բերիոյ թեմի Ազգ. Գաւառական ժողովի լրացուցիչ ընտրութիւնները:

Առաւօտեան ժամը 8:00-էն մինչեւ իրիկուան ժամը 6:00, Հալէպի հայ լուսաւորչական համայնքի զաւակները` մեր սահմանադրական կարգերուն լաւապէս գիտակից, խուռներամ դիմեցին երեք քուէատուփերը` կատարելով իրենց ազգային-եկեղեցական պարտականութիւնը եւ ընտրելով 14 նոր անդամներ` վիճակով դադրած, մեռած կամ մեկնած անդամներուն փոխարէն:

Անկախ օրուան իրապէս ոգեւորիչ մթնոլորտէն` ընտրութիւնները կատարուեցան խիստ կարգապահ եւ խաղաղ եղանակով: Պետական յատուկ վերահսկիչ յանձնաժողով մը հսկեց ընտրութեան օրինաւորութեան եւ ապահովութեան եւ ընտրական կեդրոնական յանձնախումբին հետ կատարեց քուէահամարը:

4336 ձայներ ինկած էին սնտուկներու մէջ` կազմելու համար պերճախօս պատասխան մը բոլոր այն պոռոտախօս հաղորդագրութիւններուն, որոնց մէջ… «ջախջախիչ մեծամասնութիւն» մը կը յաւակնէր խօսելու ժողովուրդին անունով` մետասաներորդ ժամուն անհետանալու համար հրապարակէն:

Յետ ընտրութեան, ազգային իշխանութիւն թէ ժողովրդական զանազան խաւեր իրենց խորին գոհունակութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնեցին սուրիական յեղ. կառավարութեան արդարակորով ղեկավարներուն, որոնք կատարեալ անաչառութեամբ ըմբռնեցին Ազգ. սահմանադրութենէն բխող մեր իրաւունքները եւ հոգածու եղան անոնց անփոփոխ կիրարկումին:

«Հայ Մը Ինչպէ՞ս…»

Գատըգիւղ: Սինեմա մը: Սինեմայի երկու պաշտօնեաներ, հայ մը` Հայկօ Կիւլ եւ թրքուհի մը` Ինճի: Ապա` Երկրաչափական բարձրագոյն վարժարանի ուսանող մը` Պահէտտին Տէտէշան: Տէտէշան պագշոտ խօսքեր կ՛արտասանէ Ինճիի հասցէին եւ Հայկոն պաշտպանելու համար իր պաշտօնակցուհիին պատիւը` այդ պահուն ձեռքը գտնուած թորնովիտայով կը զարնէ լրբութիւններ դուրս տուող ուսանողին, որ շուտով կ՛աւանդէ հոգին:

Սիրային կամ արժանապատուութեան զգացումներու մղումով` նման դէպքեր կը պատահին ամէն տեղ, բոլոր քաղաքներուն ու թաղերուն մէջ, տարբեր ժողովուրդներու զաւակներուն միջեւ, ցեղակիցներու միջեւ ա՛նգամ ընտանեկան յարկերէ ներս, եւ այդ դէպքերը կը քննարկուին ու կը դատուին իրենք իրենց մէջ` առանց աջ կամ ահեակ խոտորելու, մարդկային շարժառիթներու լոյսին տակ:

Հայկօ Կիւլ հետեւեալ ձեւով կը բացատրէ իր արարքը.

«Սպաննելու համար չզարկի: Նպատակս, յօրինակ այլոց, վախցնել էր զայն, որպէսզի թաղին աղջիկներուն դէմ այդօրինակ արարքներ չգործուին: Եթէ չէ մեռած, թող ներէ ինծի»:

Ըստ ամենայնի սովորական այդ դէպքը, ըսենք` այս արկածը, կը կարդանք, որ իր սահմաններէն դուրս հանուած է Գատըգիւղի մէջ եւ վերածուած է ցեղային հարցի մը: Սպաննուած Պահէտտին Տէտէշանի ուսանող ընկերները ցոյցեր կատարած են փողոցներու մէջ, յարձակած են Հայկոյի բնակած թաղին փոքրամասնութիւններուն պատկանող տուներուն ու խանութներուն վրայ, բազմաթիւ բաներ փոշիի վերածելով` հասած են Գատըգիւղի գայմագամութեան պաշտօնատան առջեւ, մահապատիժ պահանջած են Հայկոյին, անվերջ գոռալով`

«Հայ մը ինչպէ՞ս կը զարնէ թուրքին: Դրօշակ պարզեցէք»:

Պատուախնդրութեան համար յանկարծական պոռթկումով կատարուած սովորական սպանութիւն մը եւ`

«Հայ մը ինչպէ՞ս կը զարնէ թուրքին»:

Թուրք ուսանողներուն համար իրենց թուրք ընկերոջ մահը այնքան կսկծալի չէ, ըստ երեւոյթին, որքան կսկծալի է թուրքի մը վրայ հայու մը ձեռք բարձրացուցած ըլլալու յանդուգն փաստը:

Եւ մտածել, որ այս պատահարը ցեղային ակօսով շահագործողները ամբոխային տրամաբանութեամբ դատող թանձրամիտ խաւերը չեն, Թալէաթի սատակումէն յիսուն տարի ետք համալսարան յաճախող քսանամեայ տղաքն են, որ, տարօրինակ է, կ՛ապրին նոյն նեղմտութեամբ, այլամերժութեամբ, թուրք տարրը գերիվեր համարող անսրբագրելի տգիտութեամբ մը:

Ո՞ր մէկն է առաւել ողբալին արդեօք, նոր հող դրուած Պահէտտին Տէտէշա՞նը, թէ՞ հողին վրայ անոր դիակը շահագործող այս նոր թուրքերը…

Պ. Ս.

Կարգը Մերն Է…

Ոչ ոք կրնայ հերքել, որ այդ երիտասարդութեան որոշ մէկ տոկոսը գիտակ է ոչ միայն երէցներու զոհաբերութեան եւ իրագործումներուն, այլեւ տէր կանգնած է արդէն պատասխանատուութիւններու:

Իջած է հանրային եւ քաղաքական ասպարէզ, երէցներու հետ կողք-կողքի ու ձեռք ձեռքի, կամուրջը անխախտ եւ ապահով պահելու համար` երէկուան ու այսօրուան, ներկայի եւ ապագայի միջեւ:

Լծուած է կազմակերպական, միութենական, մշակութային եւ ազգային ճիգերու, երիտասարդական շարժումներու եւ գաղափարական գործունէութեան` հիմնական ձգտում դաւանելով հետապնդումը Հայ դատին. նուիրական իրաւունք հռչակելով` հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու նպատակը:

Եթէ պարբերաբար մտահոգութիւններ կը բանաձեւենք կամ մութ կը տեսնենք ապագան, պատճառը այն է, որ եղածը բաւական չենք նկատեր, ու նկատի ունինք անհամեմատօրէն պատկառելի թիւը անտարբերներուն, ինքնագոհներուն, հայ կեանքէ ու հայութեան հաւաքական նախաձեռնութիւններէն խզուած երիտասարդական հոծ զանգուածներու:

Ծաղիկնե՜ր ունինք ամէն տեղ: Հայաշատ բոլոր քաղաքներուն մէջ, նոյն լուծին կապուած են տղաք ու աղջիկներ, որոնց շրթունքին վրայ մայրենի բարբառը կը թրթռայ, փոյթ չէ թէ` ազազուն, եւ որոնց մտքին ու հոգիին մէջ հայութեան ծառայելու հրայրքը կայ, հոգ չէ թէ երբեմն տհաս, կամ կարօտ` յաւելեալ գիտութեան ու փորձառութեան: Կարեւորը մղումն է ի վերջոյ, յօժարութիւնը եւ պատրաստակամութիւնը` ծառայելու: Ժամանակին հետ նաեւ թերիները ու սխալները կը դարմանուին:

Ինչ որ ալ եղած ըլլայ երիտասարդութեան բաժինը` իր այս այլայլումին եւ տժգունացման մէջ, եւ ցաւի կամ դժգոհանքի ինչ արդար պատճառներ ալ որ ունենանք, ի վերջոյ հանրային մեր ղեկավարութեան ազգային եւ կազմակերպական մարմիններուն, երէցներու եւ վաղուան ապահովութեամբ մտահոգ դասերուն վրայ կը ծանրանայ պարտաւորութիւնը` փորձելու կարելին, փրկելու` ինչ որ կրնանք, կանգ չառնելու որեւէ խոչընդոտի ու պատուարի առջեւ:

Կրնանք վստահ ըլլալ, թէ «կարգը մե՜րն է» աղաղակող երիտասարդութեան համրանքը կրնայ մէկ օրէն միւսը բազմապատկուիլ, եթէ նահանջականութիւնը մէկ կողմէ ձգելու քաջութիւնը ցոյց տանք ու մանաւանդ ամրացնենք ցանցը հոս ու հոն բարձրացող Մեսրոպեան յարկերուն:

«ՀԱՅՐԵՆԻՔ»

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Պատմական Մեծ Դէմքեր. Խրիմեան Հայրիկ Եւ Իր Ժամանակները

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?