Օր Նահատակաց
Ասկէ ուղիղ քսան օր առաջ հայութիւնը ոգեկոչեց թուրք ցեղասպանութեան զոհ իր մէկ ու կէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը, իսկ այսօր Լիբանանը կ՛ոգեկոչէ ի՛ր նահատակները, որովհետեւ ասկէ ալ անցած է թուրքը:
Թուրքին ոտք դրած տեղը խոտ չի բուսնիր, ըսած են, ու սխալ չեն ըսած:
Թուրքին ոտք դրած տեղը կախաղաններու չոր փայտեր կը բուսնին, ըսած են, ու դարձեա՛լ սխալ չեն ըսած:
Արաբական թերակղզիէն մինչեւ Կովկաս ու մինչեւ Պալքանեան երկիրները, ամենայն տեղ, ուր հասած է Ասիոյ խորերէն թաւալգլոր եկած բարբարոսներու այս խուժանը, ձգած է նո՛յն հետքերը, ճամբաներուն վրայ` աւեր, քաղաքներուն մէջ` աւերակ, հոգիներուն մէջ` սուգ:
Ցեղասպան այս ցեղին ամենաբիրտ շրջանին մենք եւ լիբանանցիները եղած ենք ճակատագրակից ժողովուրդներ, հարստահարուած ենք միասին, սովահար եղած ու միեւնոյն թուականին ողբացած ենք թուրք Մողոքին զոհ մեր ընտրելագոյն զաւակներուն կորուստը:
Արիւնով ու կախաղաններու տեսիլքով գինովնալու թուրք մոլեռանդութիւնը 1915-ին հասաւ իր ծայրագոյն աստիճանին, բայց երկար չտեւեց: 1918-19 թուականներուն մեզի եւ լիբանանցիներուն համար կեանքը ստացաւ նոր դասաւորում մը: Այս երկրէն կրնկակոխ նահանջեց արիւնախում գազանը եւ անկախութեան դրօշին ծածանումով` նահատակները հատուցում գտան, իսկ հոն` մեր երկրին մէջ նահատակներուն արի յետնորդները կրցան միայն հայրենիքին կէսը ազատագրել եւ միւս կէսին համար ողջերը ի սփիւռս աշխարհի ու մեռելները իրենց անյայտ գերեզմաններուն մէջ դեռ կը մնան անհանգիստ:
Լիբանանցիները տարին անգամ մը պաշտօնապէս կը խարանեն բռնակալութիւնը, յարգանք կ՛ընծայեն ազատութեան համար մարտնչողներուն, այսուհանդերձ, նիւթական ու մարդկային կորուստներու առնչութեամբ առկախ հաշիւներ չունին Թուրքիոյ հետ, հողային դատ չունին, մենք ունի՛նք, բայց մեր պայքարին մէջ առանձին ձգած չեն մեզ, լիբանանցի կորովի դէմքեր` մտաւորականներ, փաստաբաններ, պետական մարդիկ դիրք բռնած են մեր կողքին եւ Պէյրութի պորտին կանգնած Նահատակաց յուշարձանին առջեւ, թերթերով, գիրքերով թէ այլ ատեաններէ, յաճախ կ՛անդրադառնան մեր Դատին` երախտապարտ ձգելով մեզ եւ իրենց խօսքին զօրութեամբ ահաբեկելով նոր թուրքերու հին հոգին:
Մեզ բնաջնջելու եւ Լիբանանի պարտադրուած գերութիւնը յաւերժացնելու թրքական ծրագիրը խորտակուած է վաղուց: Եաթաղանին ենթակայ երէկուան մարդն ու գերին վերընձիւղած կ՛ապրին այսօր եւ ազատութեան համար նահատակուած սուրբերուն յիշատակին մէջ եղբայրացած` կը շարունակեն տէր կանգնիլ իրարու իրաւունքներուն:
Երբ երկրի մը սրտին նահատակներու յուշարձաններ կը բարձրանան եւ զոհերուն ընծայուած յարգանքը կը ծաւալի օրըստօրէ, բռնակալները չեն կրնար յաւիտեանս յաւիտենից անպատիժ մնալ:
Թուրքերը սկսած են հասկնալ այս ճշմարտութիւնը: Իրենց պարբերական գազազումները ատոր լաւագոյն ապացոյցը կը հանդիսանան:
Լիբանանի նահատակները յարգել` կը նշանակէ դատապարտել բռնութիւնը ու յարգել աշխարհի բաղձանքը, ազատ ապրելու մարդոց ամենաթանկ իրաւունքը…
Պ. Ս.
Կա՛նք, Պիտի Լինենք
Սփիւռքի ընթերցողները, ինչպէս նաեւ զանազան հանդիսութիւններու հանդիսատեսները լաւապէս կը ճանչնան Պարոյր Սեւակի «Կա՛նք, պիտի լինենք» խորագրուած քերթուածը, որ իրապէս կը բնութագրէ մեր ժողովուրդը` իր բոլոր կողմերով:
Պ. Սեւակ քալած է մեր պատմութեան ընդմէջէն ու հայ հոգին մարմնացնող յուշարձանները, մատեանները, ձեռակերտ եւ անձեռակերտ խորհրդանշանները թուելէ ետք, սեղմ տողերու մէջ խտացուցած է մարդոց ու աշխարհի հանդէպ հայ ժողովուրդի ողջ աշխարհահայեացքը.
Եթէ գերել ենք`
Գիրքերով միայն,
Եթէ տիրել ենք`
Ձիրքերով միայն:
Գիրքը ծաղկեցնելու, ձիրքը զարգացնելու եւ այդ երկու առաքինութիւններուն լոյսն ու բարիքը աշխարհով մէկ տարածելու անկողոպտելի արժանիք մը ունի հայ մարդը, որ հակառակ ուրիշ մարդոց կողմէ իրեն պարտադրուած դարաւոր ու սեւաւոր բախտին` միշտ հաւատարիմ մնացած է ինքն իրեն եւ ամէնուրեք պահած է կառուցելու, ծաղկեցնելու եւ հրաշակերտելու իր հրաշալի թափը:
Պարոյր Սեւակի քերթուածը կը թելադրէ նոյն ատեն հակառակ խառնուածքի տէր կարգ մը ուրիշ ժողովուրդներու նկարագիրը եւ ամէնէն առաջ` աւանդական մեր թշնամիին ներքին անձը կազմող աւերումի եւ արիւնահեղութեան անսրբագրելի գիծերը:
Հայ ժողովուրդի առաքինութեանց թւումը ընող Սեւակի տողերուն հետ, անկարելի է, արդարեւ, տող առ տող ու հակադրաբար չյիշել թուրքը, որ քանդած է աւելի, քան` կառուցած, հրդեհած է աւելի, քան` ծաղկեցուցած, մեծերու ծնունդ տալէ աւելի` խողխողած է ուրիշ ազգերու մեծերը, մեծ բանաստեղծները, գրագէտները, արուեստագէտները եւ իր պատմութիւնը զարդարած է մեծ մարդասպաններու եւ ցեղասպան հրէշներու զարհուրելի աւանդներով:
Աշխարհագրականօրէն երկու ժողովուրդներ` քով քովի, բայց հոգեպէս ի՜նչ մեծ է երկուքին միջեւ բացուած անջրպետը: Մէկը իր ներքին պայծառատեսութեամբ աշխարհը պայծառակերպելու տենդավառ խառնուածք, իսկ միւսը` կառուցուած գեղեցկութիւնները փճացնելու մոլուցքով արբշիռ: Մէ՛կը, մի՜ւսը…
Մեր ուսանողներէն մէկը` Յարութիւն Սասունեան, Սեւակի բանաստեղծական հերոսին հակադրաբար, այլ Սեւակի արուեստի հետեւելով` նկարագրած է թուրք տիպարը, որ կը գտնուի քովի տողերուն մէջ…
Մենք մեզ բոլորից ենք գերադասում:
Պարզապէս, թուրքեր, պիտի ընդունենք,
Որ մենք, միայն մենք Եաթաղան ունենք
Եւ որ այստեղ է` մեր ոսկրուտ ձեռում.
Նրանով ենք մենք միշտ հոգի հանում:
Պարզապէս Թալաաթն այստեղ է դաւել.
Պարզապէս Քեմալն այստեղ է քծնել,
Պարզապէս գիտենք վանքեր աւերել,
Քարով ճզմել գանկ,
Ջարդ սարքել մարդից,
Ուսուցման համար եւ աշակերտել
Տգեղին, Վատին, Նսեմին, Դաւին…
Մենք մեզ բոլորից ենք գերադասում:
Պարզապէս մեր միտքն ուրիշ է եղել.-
Պարզապէս շատ ենք մենք արիւն խմել.
Պարզապէս մենք մեր ահաւոր կեանքում,
Միշտ թուրք ենք եղել
Ու եղել անքուն.
Շատ լաւ ճնշել ենք ուրիշ ազգերի.
Շատերն են տուժել զարկից մեր բազկի:
Եթէ գերել ենք`
Սրերով միայն,
Եթէ տիրել ենք`
Բիրերով միայն…
Իսկ երբ մի քանիսն մենք հողն ենք թաղել`
Ուր էլ որ հասել, որտեղ էլ եղել,
Վառել ենք խարոյկ մենք նրանց համար.
Շինել ենք դագաղ,
Կապել ենք բերան,
Ամէնուր հնձել,
Շատցընել զոհեր,»
Ամէնքից առել շունչ, գանձ եւ ինչքեր,
Պահպանել նրանց երկրի երեսից,-
Ամէնուր թողել մեր սրից հետքեր,
Հոգուց` նախատինք
Եւ նզովք` սրտից…
Մենք շատ ենք, այո, եւ կոչւում ենք թո՛ւրք.
Գիտենք նոր անցած վէրքերը բանալ,
Եւ արնածարաւ հրճուել ու ցնծալ,
Գիտենք արդարին կողը մխրճուել
Նոյնպէս նրան` որ մե՛զ է աջակցել,
Դուրս գալ մեզ արուած բարութեան տակից
Բարութեան աղբիւրն շուտ չորացնելով:
Յօգուտ աւերի եւ աւերակի,
Գիտենք քուէարկել մեր ձայնով նաեւ:
Գիտենք մենք գիւղեր, աւաններ վառել,
Ու նաեւ ջահեր, օճախներ մարել:
Իսկ եթէ պէտք է ցերեկը ցրել`
Գիտենք մոխրացնել ու մոխիր ցանել…
Մենք մեզ բոլորից ենք գերադասում,
Մենք մեզ լաւ գիտենք.
Մեզ թուրք են ասում:
Եւ ինչո՞ւ պիտի չհպարտանանք…
Կանք:
Պիտի լինենք:
Ու դեռ… թրքանանք:
Յ. ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ