Երկրորդ Յիսնամեակը
Նահատակներ չունին այն ժողովուրդները, որոնք բան մը չեն ուզեր, ուստի նաեւ հարկ չեն տեսներ այդ բանին համար արիւն թափելու:
Սակայն մենք հակասութիւններ սիրող ժողովուրդ ենք. կը տօնենք մեր պարտութիւններ եւ գրեթէ կը մոռնանք մեր յաղթանակները: Ինչո՞ւ այս հակասութիւնը, կը կարծենք` պատճառն այն է, որ կրցած ենք յաղթանակի վերածել մեր պատերազմը:
Պարտութիւն էր Աւարայրի պատերազմը:
Պարտութիւն էր ապրիլ 24-ը:
Պարտութիւն էր փետրուար 18-ը:
Այս պարտութիւնները տօնելով` մենք կը մտածենք յաղթանակի մասին, իսկ յաղթանակները տօնելով` կրնայինք մտածել պարտութեան մասին:
Պիտի ըսենք անվարան, որ մեր բոլոր պարտութիւնները ստորակէտ են միայն այն մեծագոյն յաղթանակին բաղդատմամբ, զոր շահեցանք ժամանակին եւ տարածութեան դէմ, քանի որ կանգուն կը մնանք ահաւասիկ քառասուն այսքան դարերէ ի վեր:
Գրեթէ կամ մօտաւորապէս կը տօնենք այս յաղթանակը` ապրիլ 24-ի պարտութիւնը տօնելով:
Եթէ թուրքը յաղթէր ռազմաճակատին վրայ եւ ռազմաճակատին ետեւ, եւ պարտուողը մենք ըլլայինք միայն, յայնժամ կրնայինք մոխիր ցանել մեր գլխուն եւ ողբալ ողբասաց մարգարէին պէս: Իրականին մէջ պարտուողը թուրքն էր սակայն, իսկ յաղթողը մենք էինք:
Թուրքը կորսնցուց իր հողային տարածութեան երեք չորրորդը, մենք շահեցանք երեսուն հազար քիլոմեթր տարածութեամբ այն հողաշերտը, ուր կ՛ապրի եւ պիտի ապրի մեր ժողովուրդը` ամէն օր մեծնալով, ամէն օր բարգաւաճելով, ամէն օր յառաջ երթալով եւ ամէն օր զօրանալով:
Ասիկա պարտութի՞ւն է, թէ՞ յաղթանակ է:
Հիմա, ճիշդ այն անապատներուն մէջ կամ մօտիկը, ուր ապրիլեան Եղեռնը գործուեցաւ, կ՛ապրին մեր խնկելի նահատակներուն զաւակներն ու թոռները շէն` ուրախ, բարգաւաճ ու տեւական յառաջընթացի մէջ:
Ու եթէ հեռու հեռաստաններէ ուխտաւոր մը երթայ այդ կողմերը` փնտռելու համար «խաչեալ»-ը, Աստուծոյ հրեշտակը պիտի ըսէ անոր, ինչպէս որ ըսաւ Յիսուսի գերեզմանը փնտռողներուն.
«ՉԷ ԱՍՏ, ԱՅԼ ՅԱՐԵԱՒ»:
Եւ յարութեան այս հրաշքը առաջինը չէ մեր պատմութեան մէջ, վերջինն ալ պիտի չըլլայ անշուշտ:
«ՅՈՒՍԱԲԵՐ»