Ապրիլ 24-ը Երեւանի Մէջ
Երեւանէն ստացուած եւ հարազատի մը ուղարկուած նամակէ մը քաղելով` ստորեւ մեր ընթերցողներուն կը ներկայացնենք հինգշաբթի, 24 ապրիլ 1969-ին, ամբողջ օրը, դէպի Ծիծեռնակաբերդ` Մեծ եղեռնի նահատակներուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանը հոսող հարիւր հազարաւոր երեւանցիներու խումբերով անվերջանալի տողանցքը, նկարագրուած` հայրենասիրական խոր ապրումով եւ յուզումով:
Ապրիլ 24-ին` մեր ազգային մեծ սուգի օրը, ականատես եղանք աննկարագրելի այնպիսի երեւոյթի մը, որ սուգի օրուան յատուկ մեր տրամադրութիւններն ու տխուր յիշատակներու վշտառիթ մտորումները փոխեց երջանկացուցիչ բերկրանքի մը: Ատիկա մեր վերածնուած ժողովուրդի անթիւ, անհամար զանգուածներուն հեղեղն էր` դէպի 1915 թուականի Մեծ եղեռնի զոհերու յուշարձանը` Ծիծեռնակաբերդ:
Առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսած, քաղաքի բոլոր ծայրերէն, անոր հազարաւոր փողոցներէն եւ պողոտաներէն, տարբեր փոխադրամիջոցներով սկսաւ դէպի Ծիծեռնակաբերդ հոսիլ մարդոց խումբերու հեղեղը, որ շարունակուեցաւ մինչեւ ուշ գիշեր:
Քանի մը հարիւր հազար երեւանցիներ, Հայաստան աշխարհի այլ վայրերու բնակիչներ, անգամ` մեր հարեւան պետութեան սահմաններէն դուրս գտնուող խումբեր, լեցուցած էին անոր լայնահուն ուղին, որ կը տանի դէպի նահատակներու յիշատակը յաւերժացնող կոթողի հրապարակը: Ասիկա աներեւակայելի եւ աննկարագրելի տեսարան էր, որ դիտեցինք, եւ որուն մասնակցեցանք… սրտի անհուն հրճուանքով եւ բերկրութեամբ:
Որքա՜ն կ՛ուզէի, որ դուք ալ այդ օր Երեւանի մէջ ըլլայիք, մեզի հետ ականատես ըլլայիք այս ծովացած բազմութեան, գերազանցապէս երիտասարդութեան երթի անվերջանալի հոսանքին: Լսէիք յուզիչ մեղեդիները, որոնք մերթ առանձին խումբերու կողմէ իբրեւ երգ, մերթ դամբարանի մէջ հնչող հոգեպարար երաժշտութիւն` կը յաջորդէին իրարու եւ կը լրացնէին զիրար` դարձնելով վայրը հոյակապ սրբավայր մը: Գրիչս տկար է նկարագրելու համար մեր տեսածն ու վայելքը այնպէս, որ գէթ հեռաւոր պատկերացումը կարողանար տալ ամբողջ կատարուածին…
Ահա մեր կողքերով կ՛անցնին առանձին հիմնարկութիւններու, կազմակերպութիւններու, բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու, հարիւրաւոր դպրոցներու, համալսարանի արհեստագիտական, մանկավարժական, բժշկական, գիւղատնտեսական եւ միւս հաստատութիւններու ուսանողութեան խումբերը` իրենց փրոֆեսէօրներով եւ դասախօսներով, արտասահմանեան հայ ուսանողներու խումբերը, բոլորը, բոլորը իրենց առջեւէն տանելով հսկայ ծաղկեպսակներ, որոնց վրայ ծածանուող սեւ ժապաւէններու վրայ արծաթագիր կամ ոսկեգիր տպուած են` «Մեծ եղեռնի նահատակներուն», «… (ծաղկեպսակը տանող խումբի անունը)… կողմէն» մակագրութիւնները:
Ահա եւ Հայաստանի Գրողներու միութեան պատկառելի խումբը, անուանի բազում հայ գրողներ եւ մտաւորականներ, հանրապետութեան նախագահ ակադեմիկոս Նագուշ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ, իրենց գլուխներէն շատ բարձր բռնած` հսկայ եւ սքանչելի գեղեցկութեամբ ու կենդանի ծաղիկներէ պատրաստուած ծաղկեպսակը, դժուարութեամբ ճեղքելով դամբարանի մօտ ծովացած բազմութեան խիտ զանգուածը, երկիւղածութեամբ եւ հանդիսաւորութեամբ կ՛իջնեն դէպի դամբարանի սրահը տանող աստիճաններէն, կը շրջին նահատակներու յիշատակին յաւերժութեան խորհրդանիշը հանդիսացող անշէջ բոցի շուրջ, ուրկէ դուրս ժայթքող հրեղէն լեզուներու հետ այդ սրբավայրը կը լեցնեն մեր հայկական անկրկնելի գեղեցկութեամբ հմայիչ հոգեւոր եւ հայրենաշունչ երգերու եւ երաժշտութեան մեղմ հնչիւնները:
Դուրսը, դամբարանի 12 հսկայ շրջանակաձեւ, դէպի դամբարանի անշէջ հուրը, խոնարհած պատերու մօտ, նոր ծաղկեպսակներ զետեղելու տեղ չկայ, բայց դեռ կու գան ու կու գան նորանոր խումբեր` ծաղկեպսակներով: Ծաղկեպսակներ ուղարկած էին նաեւ Վրաստանի հայաշատ բնակավայրերու հայերը` իրենց ներկայացուցիչներու հետ: Բոլորը հաշուել անհնարին է:
Այստեղ, ամբողջ օրը, առաւօտէն մինչեւ երեկոյ, զիրար կը փոխարինեն առանձին երգեցիկ խումբեր, ինչպէս նաեւ` բանաստեղծութիւններ արտասանող երիտասարդներ: Կը հնչեն հայրենաշունչ երգեր, յուզիչ, ոգեւորիչ, ազգային ոգին բարձրացնող բանստեղծութիւններ, ու այդ ամէնքը` ինքնաբուխ, առանց նախապէս կազմուած ընդհանրական ծրագրի, բայց` ինչ-որ աներեւոյթ, անմարմին ղեկավարութեամբ:
Այո՛, ինծի համար ասիկա երբեւիցէ վայելած երջանկաբեր հանդիսութիւններուն մեծագոյններէն մէկն էր, որ կրնար համեմատուիլ Երեւանի հիմնադրութեան 2750-ամեակի առիթով ծաւալուած հանդիսութիւններու հետ…
Ահա՛ հայ ժողովուրդը, անոր երիտասարդութիւնը, հազար հազարներով. (միայն Երեւանի մէջ 50 հազարէ աւելի ուսանողութիւն կայ, դեռ չհաշուած` հարիւր հազարը անցնող դպրոցական պատանիներն ու միւս աշխատող երիտասարդութիւնը, անվերջանալի հաւատքով կու գան ու կ՛երթան: Անոնք կան, կ՛ապրին, շատցած են, բազմապատկուած ու պիտի բազմապատկուին` ի հեճուկս թուրք ջարդարարներու դիւային ծրագիրներուն եւ զանոնք իրականացնողներու ցանկութիւններուն եւ կանխագուշակութիւններուն:
Ահա՛ իմ ժողովուրդը, երիտասարդացած, նորոգուած, ընձիւղուած, նման` այն անտառի առողջ ծառերուն, որոնց ճիւղերը թրածած էր վայրենիներու վոհմակը: Այդ անտառը աւելի հզօրացած, նորանոր շիւեր արձակած է ու կը բարձրանայ դէպի վեր, դէպի երկինքները, արեւները` ցոյց տալով աշխարհին իր արժանի տեղը արժանաւորներու մէջ…:
Ներէ՛, սիրելի՛ս, իմ այս ոգեւորութեան համար: Ասիկա բնական է ամէն մէկ ճշմարիտ հայրենասէրի համար, նման պարագաներու մէջ: Ափսո՜ս, որ ընդունակ չեմ զգացածս ու ընկալածս այնպէս ներկայացնել, որ ան ճշմարիտ թարգմանը ըլլար իմ խոհերուն եւ մտորումներուն: Այն, ինչ որ չկրցայ թուղթին յանձնել, քու հզօր երեւակայութեամբ լրացուր:
Ընկեր Սիմոն Վրացեանի
Վերջին Նկարը
Ընկ. Ս. Վրացեան երկար ժամանակ մնաց անկողին: Արտասահմանէն եկած ազգայիններ եւ ընկերներ նուիրական պարտականութիւն կը նկատէին այցելել մեծանուն ընկերոջ` մտահոգ անոր առողջութեամբ: Վերջին այցելուներէն մէկը եղաւ ամերիկահայ ազգային բարերար Ճորճ Մարտիկեանը (նկարին վրայ աջին)` ընկերակցութեամբ ընկ. Պերճ Մըսըրլեանի: Ձախին` Ճեմարանի բազմամեայ ուսուցիչներէն Անթուան Քեհեայեանը, որ վերջին տարիներուն անձնուիրաբար ծառայեց ընկ. Վրացեանին: