Թուրք Պատուիրակութեան Մը
Այցելութեան Առթիւ
Ապրիլ 11-ին Պոլիսէն Հարաւային Ամերիկա մեկնեցաւ թրքական 156 հոգինոց պատուիրակութիւն մը` այցելելու համար Արժանթին, Ուրուկուէյ եւ Պրազիլ: Այս երկիրները երեք շաբաթ մնալէ ետք, պատուիրակութիւնը Թուրքիա պիտի վերադառնայ մայիս 4-ին:
Նախ` աչքի կը զարնէ թրքական պատուիրակութեան բազմամարդ ըլլալը: Ոչ մէկ պետութիւն արտասահման կ՛ուղարկէ 156 հոգիէ բաղկացած պաշտօնական առաքելութիւն մը:
Երկրորդ` յատկանշական է թրքական պատուիրակութեան կազմը` ութսուն հրեայ, ութ հայ եւ վաթսունութ թուրք: Բոլորն ալ` առեւտրականներ եւ գործարանատէրեր: Ի հարկէ թուրք կառավարութիւնը տնտեսական այնպիսի առաքելութիւն մը չէր ուղարկեր արտասահման, որուն մեծամասնութիւնը կազմէին օտարազգիներ: Հետեւաբար ինչո՞վ բացատրել այս երեւոյթը: Ատոր պատասխանը տալու համար անհրաժեշտ է բանալ փակագիծ մը:
Լատին Ամերիկայի մէջ սկսաւ ծփալ հայանպաստ ալիք մը: Եւ առաջին գծի վրայ գտնուեցաւ Լատին Ամերիկայի Զուիցերիան` Ուրուկուէյը:
Ապրիլեան Մեծ եղեռնի յիսնամեակին առթիւ Ուրուկուէյի խորհրդարանը ի նպաստ Հայ դատի բանաձեւ քուէարկեց, ապրիլ 24-ը պաշտօնապէս սուգի օր հռչակեց, եւ տեղական դպրոց մը «ԱՐՄԵՆԻԱ» կոչուեցաւ: Կլատսթոնի եւ Ժորեսի ահարկու ձայնը արձագանգ գտաւ Ուրուկուէյի խորհրդարանին մէջ:
Այս իրողութիւնները լուրջ մտահոգութիւն պատճառեցին Անգարայի կառավարութեան: Թուրք արտաքին գործոց նախարարութեան թելադրանքով Լատին Ամերիկայի թրքական դեսպանատուները եռանդագին գործի լծուեցան` հակազդելու հայերու կողմէ ձեռնարկուած հակաթուրք քարոզչութեան:
Պուէնոս Այրեսի թուրք դեսպանատունը անստորագիր գրքոյկ մը հրատարակեց, զոր տեղական մամուլը նոյնիսկ նկատի չառաւ:
Պրազիլի թուրք դեսպանատան առեւտրական կցորդը անճարակ յօդուած մը հրատարակեց տեղական թերթի մը մէջ` առանց որեւէ ուշադրութեան արժանանալու մամուլի եւ ժողովուրդի կողմէ:
Արժանթինի թուրք դեսպանը անձամբ հանդիպում մը ունեցաւ արժանթինեան պետական կարեւոր անձի մը հետ` հերքելու համար Թուրքիոյ հասցէին հայերու կողմէ ուղղուած ամբաստանութիւնները եւ այդ միեւնոյն անձը Թուրքիա այցելելու հրաւիրեց:
Նոյն դեսպանը միեւնոյն փորձը կատարեց նաեւ Ուրուկուէյի մէջ` տարհամոզելու հայոց իրաւունքներու ջերմ պաշտպան տոքթոր Ալպա Ռոպալիոն եւ զայն Թուրքիա հրաւիրեց:
Թուրք դեսպանը երկուքէն ալ ոչ միայն ժխտական պատասխան ստացաւ, այլեւ անոնց բերնէն լսեց շատ մը անհաճոյ խօսքեր: Ու ստիպուած եղաւ իր պայուսակները շալկած` Թուրքիա վերադառնալ:
Այդ օրէն ութ ամիս անցած է, եւ տակաւին Թուրքիա նոր դեսպան չէ նշանակած արժանթինեան կառավարութեան մօտ:
Թուրք կառավարութիւնը կարծած է, որ ապրիլ ամսուն` Մեծ եղեռնի տարեդարձի օրերուն անպաշտօն պատուիրակներու բանակ մը ուղարկելով Ուրուկուէյ, Արժանթին եւ Պրազիլ, ուր հոծ հայութիւն կ՛ապրի, կրնայ հակազդել հայերու հակաթուրք ելոյթներուն: Իր այդ անխոհեմ քայլը ճիշդ հակառակ արդիւնքն ունեցաւ:
Ուրուկուէյէն թուրք պատուիրակները մեկնեցան, երեւակայական ռումբի սարսափի տակ, իսկ Արժանթինի մէջ կազմակերպուած ապրիլեան նահատակներու յուշատօնին, տոքթոր Ալպա Ռոպալիօ սրահը թնդացուց իր հակաթուրք հրաշունչ ելոյթով:
Նման անփառունակ վախճան ունեցաւ թուրք կառավարութեան դիւանագիտական նոր ռազմավարութիւնը:
«ԱՐՄԵՆԻԱ»
Զրոյց
Կոմիտաս Վարդապետ
Դասախօս`
Յովհաննէս Սալիպեան
Տեղի ունեցաւ հինգշաբթի, 8 մայիս, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, քաղաքի Համազգայինի ակումբի սրահը:
Յովհաննէս Սալիպեան` շրջանաւարտ Երեւանի պետական երաժշտանոցէն, յօրինող, ուսուցիչ Պէյրութի երաժշտանոցին մէջ, ներկայացուց Կոմիտասը` իբրեւ գիտական հետախուզողի եւ իբրեւ յեղափոխական առաջնորդի: Լաւագոյն կերպով փաստելու եւ լուսաբանելու համար իր բացատրութիւնները` Սեդրակ Տաղլեան երգեց Կոմիտասէն երկու շատ յատկանշական նմուշներ` «Հայաստան» եւ «Անտունի»-ն:
Յ. Սալիպեան մասնագէտի հեղինակութեամբ վերլուծեց Կոմիտասի` երաժշտական վաստակը, առանձնայատկութիւնները, տեսութիւնները եւ քննադատութիւնները բոլոր այն հոսանքներուն դէմ, որոնք հայկական երաժշտութեան հարազատութիւնը կը խաթարեն: Մէջբերումներով յաճախ աշխատեցաւ փաստել, Կոմիտասի իսկ բառերով, մեծ երաժշտագէտին գաղափարները: «Ժողովուրդն է ամէնէն մեծ ստեղծագործողը, գնացէք եւ սովորեցէք նրանից»:
Հետաքրքրական է ներկայացնել Կոմիտասի կարծիքը Մակար Եկմալեանի պատարագին մասին` ինքը եւս ունենալով պատարագի իր յօրինումը. «Յարգելի երաժիշտ Մակար Եկմալեանը մեր երգեցողութեան ամայի անդաստանին մէջ ներդաշնակութեան անդրանիկ բուրաստանը տնկեց: Սրտանց ուրախ ենք, որ հայերս այժմ կարող ենք պարծել, թէ մենք էլ յետ չենք մնացել վսեմ գեղարուեստի եւ կատարելագոյն երաժշտութեան զարգացումից: Դէպի կատարելութիւն ձգտելով` մենք կ՛ուզէինք մի այսպիսի ծրագրով մշակած եւ կազմած, գեղարուեստական միութիւն ներկայացնող պատարագ»:
«Պատմութիւնը գրեթէ լռում է, ոչինչ չի հաղորդում հայոց եկեղեցական հին եղանակների, ինչպէս եւ խազերի մասին», կ՛ըսէ Կոմիտաս, բայց պեղումի արշաւը չէր կրնար ընկճել այս մեծ վարպետը, որ 1909 թուականին կը գտնէ հին խազերու բանալին եւ կը սկսի կարդալ պարզ եղանակները:
Այսպիսի գիւտ մը կրնար ընել միայն Կոմիտասը, որ քաջածանօթ էր լեզուներու, ձայնագրութեան բազմաթիւ տեսակներու եւ գործիքագիտութեան:
Երկրորդ մասի մը մէջ` Յ. Սալիպեան ներկայացուց Կոմիտաս յեղափոխականը, որ` «Ազատութիւնը կորսնցուցած մեր ժողովուրդին ցոյց տուաւ պայքարելու ինքնուրոյն եղանակ»:
Հոգեւորականութիւնը աշխատեցաւ ամէն կերպ սահմանափակել վարպետին «աշխարհիկ գործունէութիւնը», որ կը կայանար Կոմիտասի ցուցաբերած բացառիկ հետաքրքրութեան մէջ` դէպի «հայ գեղջուկ երաժշտութիւնը»: Գիտական ապացոյցներով Կոմիտաս մշակոյթի ծնունդը կը ներկայացնէր ժողովուրդի ակունքէն:
Աւելի ազատութիւն ձեռք ձգելու փափաքով Կոմիտաս հրաժարեցաւ, մեկնեցաւ Էջմիածնէն եւ բնակութիւն հաստատեց Պոլսոյ մէջ: Հոն եւս հանդիպեցաւ տիրացուներու եւ վաճառականներու: Առողջ մտաւորականութիւն մը, սակայն, Թերլեմեզեան, Օտեան, Վարուժան եւ ուրիշներ թիկունք կեցան երաժշտանոց հիմնելու Կոմիտասի ծրագրին, որտեղ կարելի էր չխաթարուած սերունդ պատրաստել, լոյս սփռել: Յանդուգն ծրագիր մը, որ իրականութիւն պիտի դառնար շնորհիւ «Գուսան» երգչախումբէն գոյացած եկամուտներէն:
1914-ին, իր իսկ վկայութեամբ, Կոմիտաս երաժիշտը կը նուաճէր համաշխարհային չափանիշով հանգրուաններ. Միջազգային երաժշտական ընկերութեան համաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենար` պարտադրելով սրբագրութիւններ «Ազգերու երաժշտութիւն» գրքին երկրորդ հրատարակութեան մէջ: Օգտուելով առիթէն` կրամոֆոնի պնակներու վրայ տպել կու տար հայկական երգեր, տպել կու տար իր ձայնագրած եւ մշակած երգերը:
Կոմիտասի դէմ պայքարը կը սաստկանար. ձայնապնակները առաջին պատճառն էին, կար նաեւ «Գուսան» երգչախումբը, որուն համերգներուն կ՛ուզէին արգելք հանդիսանալ: Մամուլով մարդիկ ելոյթ կ՛ունենային ժխտելու համար հայկական ինքնուրոյն երաժշտութեան գոյութիւնը, որուն պաշտպանն էր Կոմիտաս:
Յովհաննէս Սալիպեան եզրակացուց` Կոմիտասը նկատելով հայ երաժշտութեան Մեսրոպը, Անդրանիկը կամ հայ ժողովուրդի ազատութիւնը: Անոր շառաւիղին մէջ կը դնէ Ա. Խաչատուրեան, Ալան Յովհաննէս, Օ. Տուրեան, Ռ. Եարտմեան եւ Շ. Ազնաւուր, «բանակ մը արուեստագէտներու, որոնք կ՛ապրին Կոմիտասը իրենց մէջ ունենալով»:
ՇԱՔԷ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ