Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մայիս 1969)

Մայիս 22, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկ. Սիմոն Վրացեանի Մահով

Հայ Ժողովուրդը Խոր Սուգի Մէջ

Հեռագիրներ ղրկուեցան` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահին, խորհրդարանի նախագահին, վարչապետին, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին, Վազգէն եւ Խորէն վեհափառ հայրապետներուն եւ զանազան կազմակերպութեանց ու հաստատութիւններու

Յուղարկաւորութիւնը` Շաբաթ, 24 Մայիս,
Կէսօրէ Ետք Ժամը 4:00-ին

Երէկ հայ ժողովուրդի հայրենասէր եւ ազատախոհ զանգուածները խոր կսկիծով իմացան մեր բազմավաստակ ու մեծանուն ընկերոջ` Ս. Վրացեանի մահուան լուրը:

Վերջին դարուն հայ ժողովուրդին ապրած ազգային, քաղաքական ու մշակութային բուռն զարթօնքին իրենց մասնակցութիւնը բերած երախտաշատ գործօններէն մէկը եղաւ Ս. Վրացեան, մէկը` բազմակողմանի, բազմաշնորհ, եռանդայորդ այն ընտիրներէն, որոնք անհատական կեանք չունեցան բնաւ, շնչեցին ու տքնեցան ժողովուրդին ու հայրենիքին համար` իրենց բովանդակ անձը ընծայաբերելով իրենցմէ դուրս ուժերու, իրենցմէ վե՛ր ուժերու խորացման, հմայքին, փառքին:

Վերջին դարուն հայ կեանքին մէջ երեւցած կոչեցեալներու պայծառանուն փաղանգին պէս, Ս. Վրացեան ինք եւս կտոր կտոր ըրաւ ինքզինք, մոռցաւ իր եսը, սեփական եսը ընդխառնեց իր ժողովուրդի հաւաքական եսին` իր ժողովուրդին հաւաքական եսը խորացնելու եւ անոր ինքնուրոյն որակը ուռճացնելու անդիմադրելի տարփանքով:

Պատմութիւնը լեցնող եւ սերունդներուն յիշողութեան մէջ տեւող անձնաւորութիւնները անո՛նք են անպայման, որոնք առողջ բնազդով ու իմաստութեամբ կառչած կը մնան հարազատ ժողովուրդին խորագոյն բաղձանքներուն եւ այդ բաղձանքներուն մարմնացումին համար կ՛ընդառաջեն իրենց ուղղուած ճակատագրական կոչերուն, կ՛աշխատին առ այդ, կ՛արիւնին, կը կառուցեն, կ՛արդիւնաւորեն:

Ս. Վրացեան ա՛յդ ըրաւ իր կեանքի ամբողջ տեւողութեան, ընդառաջեց ցեղին բոլոր կոչերուն` առանց երկընտրանքի, երկնչելու, առանց սակարկութեան, ամբողջական ինքնամոռացմամբ, բաշխելով իր անձին ու ժամանակին լաւագոյն մասերը խօսքի, գրչի, զէնքի ասպարէզներուն, պատանութենէն մինչեւ խոր ալեւոյթ, դառնալով փոխ առ փոխ ուսուցիչ, խմբագիր, գործիչ, յեղափոխական, քաղաքական գործօն, այդ ամէնուն հետ միաժամանակ ծաւալելով հրապարակագրական, պատմագրական, գրական հսկայ գործունէութիւն մը:

Քսաներորդ դարու անկիւնադարձային երեւոյթներուն մէջ չկա՛յ վճռական փուլ մը, ուր կարեւոր դեր մը վստահուած չըլլայ Ս. Վրացեանին. պաշտօն` կամաւորական շարժումին առնչութեամբ,  Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ, Փետրուարեան ժողովրդական ապստամբութենէն ետք Փրկութեան կոմիտէի վարիչ դէմք ու սփիւռքի մէջ նո՛ր գործ, եւ ամէնէն առաջ` մօտիկ անցեալի վերիվայրումներուն համագումար արձանագրութիւնը, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» անուն կոթողական գործը, «Խարխափումներ»-ը, «Վէմ» հանդէսի 24 հատորները, «Կեանքի ուղիներով»-ի եւ վեց հատորեակը եւ ուրիշ աշխատութիւններ եւ մեր անմիջական կեանքին վերաբերող հազարաւոր յօդուածներ:

Հարուստ շրջանի մը հարուստ դէպքերը պատկերացնող ու դէպքերուն աւագ դերակատարները կարելի մանրամասնութեամբ կենսագրող այս գործերը թանկագին նպաստ մը կը բերեն մեր պատմութեան եւ մշակութային կալուածներուն եւ ունին իրենք զիրենք պարտադրելու անհերքելի արժանիք մը: Վրացեան չէ հրատարակած գիրք մը, որ չփնտռուի, չէ ստորագրած յօդուած մը, որ չկարդացուի, չարձագանգէ մարդոց մտքին ու հոգիին մէջ: Ու անծանօթ չէ այդ առաւելութեան ակունքը: Մարդիկ նման արժանիքներ կը նուաճեն ա՛յն ատեն միայն, երբ իրենց գրաւոր վաստակը կը դադրի փաստերու չոր կուտակում մը ըլլալէ ու կը դառնայ զօրութեամբ ապրուած կեանքի մը վկայութիւնը: Ս. Վրացեան կրցաւ իր ընդգրկած համարեա՛ բոլոր հարցերը օժտել շահագրգիռ մարդու հոգիէն բխած իւրայատուկ դրոշմով եւ էջերուն հաղորդել վերակենդանացնող շունչ մը:

Եկաւ, նուիրուեցաւ, գործեց, վաստակեցաւ ու բնութեան օրէնքով այսօր կը վերադառնայ բնութեան: Այս տարողութեամբ մարդոց ձգած պարապը անտանելի պիտի ըլլար, եթէ վայրկեան մը աւելի տեւէր պարապին յառաջացուցած զգայնութիւնը: Վաստակաւորներուն առիթով կայ, սակայն, մեծ մխիթարութիւնը, իրենք կը մեկնին, վաստակը կը մնայ, ու վաստակը կը փոխարինէ վաստակաւորը` յաւիտեան յաւիտենից:

Սիմոն Վրացեան մեր մէջն է: Փա՛ռք իր վաստակին:

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի Պատուաբեր Արդիւնքը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?