Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (14 Մայիս 1969)

Մայիս 14, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ատանայի Դէպքը»

 

Բնաւ կասկած մի՛ ունենաք, որ թուրքը զղջումի ընդունակ ժողովուրդ չէ, ո՛չ ալ իր գործած չարիքները դարմանելու կամ հատուցում ընելու յօժար է: Իր ցեղային խառնուածքին իսկ բերումով, կը մտածէ միայն առնելու մասին, բայց երբե՛ք` տալու մասին:

Առնելը ազգային քաղաքականութիւն է իրեն համար, տալը ազգային դաւաճանութիւն է:

Կողոպտելը, սպաննելը, ջարդելը, աւերելը նկարագիր են այս ժողովուրդին մէջ եւ ոչ թէ` պատահականութիւն:

Եօթը մահացու մեղքերը եօթը առաքինութիւններ են իրեն համար:

Իմաստութեան եօթը սիւները դաւի ու խարդաւանանքի աշտարակներ են, ուրկէ կը նայի աշխարհի վրայ եւ կը ծիծաղի լայնաբերան:

Վարժուած ենք արդէն պատմութիւնն ու իրողութիւնները նենգափոխելու եւ զանոնք մեկնաբանելու այն կերպին, որուն անմրցակից դրօշակիրն է թուրքը:

Վերջին փաստը` ահաւասիկ:

Մեր ընթերցողներն ալ մեզի պէս կարդացին անշուշտ թուրքերէն թերթի մը մեկնաբանութիւնը` «Ատանայի հայկական դէպք»-ին շուրջ: Ատանայի ջարդը թուրք թերթին համար դարձած է դէպք, իբր թէ շուն մը մարդ մը խածած է, եւ ոչ թէ մարդ մը շուն մը խածած է: Կամ` իբր թէ սրճարանային ընթացիկ, ամէնօրեայ եւ շատ սովորական կռիւ մըն է տեղի ունեցածը:

«Դէպք» ըսուածը մեզի արժած է ԵՐԵՍՈՒՆ ՀԱԶԱՐ նահատակներ` առանց հաշուելու միլիոններու հասնող նիւթական կորուստը, անթիւ որբերը, որբեւայրիները, վիրաւորները, հաշմանդամները, վիշտէ խելագարած այրերն ու կիները:

Այս բոլորին գումարը թուրք թերթին համար «դէպք» մըն է եւ ոչ թէ` ոճիր մը, եւ ոչ թէ` ցեղասպանութեան առաջին արարը, որ գործուեցաւ յուլիսեան սահմանադրութենէն անմիջապէս ետք, մէկ կողմ ձգելով անկէ առաջուան «դէպք»-երը, որոնք ԵՐԵՔ ՀԱՐԻՒՐ ՀԱԶԱՐ զոհ տուինք մենք:

Բայց ահաւասիկ թուրք թերթին` «Կիւնայտըն»-ի մեկնաբանութիւնը:

«Վաթսուն տարի առաջ, 1909 ապրիլին, Ատանայի շրջանի հայ եպիսկոպոս Մուշեղի 14 ապրիլ 1909-ին արձակած հրամանով Ատանայի, Թարսուսի եւ շրջակայից նախապէս զինեալ հայերը թուրքերուն դէմ ձեռնարկած էին յարձակումի մը, որ չորս օր եւ չորս գիշեր պիտի տեւէր:

«Հայերը թուրքերու տուները մտնելով` պատիւի, ինչքի եւ կեանքի վրայ յարձակում կը գործէին, օրօրոցի թուրք մանուկներն անգամ կը սպաննէին: Զինուորը եւ ոստիկանը պատրաստ չըլլալուն, երբ չկրցան այս յարձակումին առաջքը առնել, տեղացի թուրքերը ոգի ի բռին հայկական յարձակումին դէմ ցցուեցան: Չորս օրուան երկպառակութենէն ետք, հայերը 1850 թուրք սպաննած էին: Յարձակման ենթարկուած թուրքերն ալ հայերէն 17 հազարը մաքրագործեցին: Օսմանեան պատմութեան մէջ իբրեւ «հայկական իրարանցում» անցած դէպքին կազմակերպիչ հայ եպիսկոպոս Մուշեղ կեանքը փրկելու հետամտելով` Եգիպտոս խոյս տուաւ»:

Թուրք պետական վարիչները, թերթերը, պատմաբանները, նաեւ շարքային թուրքերը իրենք ճիշդ այս ձեւով մեկնաբանած են հայկական Եղեռնը, որ կը սկսի ո՛չ թէ 1915-ին, այլ` 1515-ին, նոյնիսկ աւելի առաջ կամ աւելի ետք: Յարձակողները հայերը եղած են միշտ, իսկ պաշտպանուողները` թուրքերը…

Այս նոյն ձեւով մեկնաբանուած ու «բացատրուած» են Վանի, Մուսա Տաղի, Շապին Գարահիսարի, Ուրֆայի եւ այլ վայրերու «դէպք»-երը: Հայերն են, որ օրօրոցի մանուկներ ջարդած են, իսկ թուրքերը պարզապէս իրենք զիրենք պաշտպանած են…

Հայ երեսփոխան մը` Պալլարեան կը յայտարարէր, որ 1875-ին առիթով մը հարցուցեր է Էրզրումի վալիին.

–  Ինչո՞ւ թուրք կառավարութիւնը թոյլ կու տայ, որ քիւրտ եւ թուրք յելուզակներ կողոպտեն ու կոտորեն հայոց պէս շինարար, երկրին համար խիստ պիտանի ու օգտակար տարր մը:

Վալին պատասխաներ է.

– Ատիկա հիքմեթը հիւքիւմեթ է (պետական գաղտնիք է):

Միայն մենք գիտենք եւ միայն թուրքը գիտէ, թէ ի՛նչ էր այդ գաղտնիքը, եւ թէ ի՛նչ արժեց ան մեզի:

 

***

 

1915-ի յունուարին Պոլսոյ մէջ կը գումարուէր Իթթիհատի Կեդրոնական կոմիտէի այն գաղտնի նիստը, ուր առաջին անգամ եւ ՄԻԱՁԱՅՆՈՒԹԵԱՄԲ կ՛որոշուէր հայերու ամբողջական բնաջնջումը:

Մեւլանզատէ Ռիֆաթ, որ մաս կը կազմէր Իթթիհատի Կեդր. կոմիտէին եւ անձամբ մասնակցած էր 1915 յունուարի գաղտնի նիստին, առաջ կը բերէ Իթթիհատի պատասխանատու քարտուղար տոքթ. Նազըմի զեկուցումը:

Ահա՛ կարճ քաղուածք մը` այդ զեկուցումէն, որ կը վերաբերի նաեւ «Ատանայի դէպք»-ին.

ՏՈՔԹ. ՆԱԶԸՄ.- 1909-ին Ատանայի մէջ եւ ասդին-անդին մեր ըրած ջարդերուն պէս բան մը եթէ պիտի ընենք, օգուտի տեղ վնասը անպայման է: Արմատախիլ պէտք է ըլլայ հայ ազգը: Մեր երկրին մէջ մէկ հայ իսկ պէտք չէ թողուլ. մոռցնելու է հայ անունը: Այս անգամուան գործողութիւնը բնաջնջումի գործողութիւն մը պէտք է ըլլայ: Հայերու մէկ անհատն իսկ չմնալու պայմանով բնաջնջումը անհրաժեշտ է»:

Ատանայի «դէպք»-ը այս հրէշի բերնին մէջ գտած է իր ճիշդ, նոյնիսկ ճշդագոյն առումը: Հրէշը կը խոստովանի, որ դէպք ըսուածը «մեր ըրած ջարդերուն պէս բան մըն է» եւ ոչ թէ արմատական բնաջնջում: Մերը թուրքն է, իր ըրածը ջարդերն են:

Մեր վկան հայ չէ, եւրոպացի ալ չէ, թուրք մըն է, Մեւլանզատէ Ռիֆաթ, պատասխանատու անդամ` չարաշուք Իթթիհատի չարաշուք Կեդր. կոմիտէին:

Թուրք ազգային քաղաքականութեան ձգտումն էր բնաջնջել հայութիւնը ազգովին` առաջքը առնելու համար ապագային մեծ ու ընդարձակ հայկական պետութեան մը կազմակերպութեան: Այս քաղաքականութիւնը ձեւակերպողն ու զայն գործադրել ուզողն էր Պեհաէտտին Շաքիր:

Միւս կողմէ` նոյն շրջանի սպայակոյտի նախագահ Ալի Ֆուատ իր մտածումները խտացուցած էր սա կարճ, բայց յատկանշական բանաձեւին մէջ. «Հայկական մեծամասնութիւնները վերածել հայկական փոքրամասնութեանց»:

Կը հասկցուի անշուշտ, թէ ի՛նչ կը նշանակէ մեծամասնութիւնը վերածել փոքրամասնութեան:

Ըսած ենք ուրիշ առիթով, որ բոլոր յեղափոխութիւնները, գրեթէ առանց բացառութեան, պատճառ չեն, արդիւնք են: Հայ յեղափոխական շարժումը նոյնպէս պատճառ չէր, արդիւնք էր: Պատճառը Թուրքիոյ ազգային քաղաքականութիւնն էր, Պեհաէտտին Շաքիրի յղացումն էր, Ալի Ֆուատի մտածումն էր: Արդիւնքը եղաւ հայ յեղափոխութիւնը: Եթէ չըլլար առաջինը, եթէ չըլլար երկրորդը, չէր ըլլար նաեւ երրորդը` հայ յեղափոխութիւնը:

Հինգ հարիւր տարուան մէջ երբեք, որեւէ ատեն, որեւէ տեղ, որեւէ առիթով խաղաղասէր ու շինարար հայ ժողովուրդը ձեռնարկած չէ զինեալ որեւէ նախայարձակումի թուրքերուն դէմ: Նախայարձակը եղած է միշտ թուրքը, իսկ հայը հազիւ միայն կրցած է մտածել ինքնապաշտպանութեան մասին:

Զոհը հայն է, զոհարարը թուրքն է:

Նոյն բանը պատահած էր նաեւ 1909-ին, «Ատանայի դէպք»-ին ատեն:

Այս իրողութիւնը մեզմէ աւելի լաւ գիտեն «Կիւնայտըն»-ները եւ իր պաշտօնակիցները: Սակայն, գիտնալով հանդերձ, հետամուտ են շփոթելու զոհը եւ զոհարարը:

Ասիկա արդէն հիքմեթը հիւքիւմեթ է, ինչպէս պիտի ըսէր Էրզրումի վալին…

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Աւարտականներու Ուխտագնացութիւնը` Դպրոցական Շրջանի Աւարտին Առիթով

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?