Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

November 29, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Յուզում մը մարմնին ինքնագործ եւ շատ արագ հակազդեցութիւն մըն է իրավիճակի մը առջեւ: Մենք կը զգանք` ուրախութիւն, վախ, տխրութիւն, անախորժութիւն, բարկութիւն, կամ կը գտնուինք անակնկալի առջեւ: Այս յուզումները մեզի կ՛օգնեն ապրելու:

Անոնք մեզի տեղեակ կը պահեն վտանգներու պարագային, կամ երբ կը գտնուինք մեզի օգտակար դարձող պարագայի մը առջեւ:

Անոնք մեր ուղեղին եւ մարմնին ահազանգ մը կը ղրկեն` հակազդեցութիւններու շարք մը յառաջացնելով: Մեր մարմինը պատրաստ կը դառնայ «պատասխանելու», հակազդելու` ըստ այդ իրավիճակին: Օրինակի համար, անախորժութիւնը մեզի կ՛ազդարարէ չուտելու փճացած ուտելիք մը: Անակնկալ դէպք մը մեզ կը պատրաստէ պայքարելու, կամ… փախչելու: Ասոր կողքին, յուզումները մեզի կ՛օգնեն նաեւ կապեր ստեղծելու: Մենք կը մօտենանք անձերու, որոնց հետ հանգիստ կը զգանք, եւ կը հեռանանք միւսներէն…

* * *

Սակայն արդեօք մենք կրնա՞նք հասկնալ մեր այս յուզումները: Ժամանակի ընթացքին մենք յատկապէս կը սորվինք զանոնք մտիկ ընելու. ձեւով մը մենք մեր ներքին «օդերեւութաբանական» վճակը կը քննենք` արեւ, անձրեւ, փոթորիկ…

Ուրախութիւնը մեզի կը տեղեկացնէ բոլոր այն կէտերուն մասին, որոնք մեզի հանգստութիւն կը պատճառեն, ինքնավստահութիւն կու տան: Բարկութիւնը կ՛ազդարարէ, որ սահման մը ոտնակոխուած է: Բան մը ճիշդ չէ, եւ ատիկա պէտք է փոխուի:

Երբ յուզում մը կ՛ապրինք, մեր դէմքին եւ մարմնին վրայ անիկա տեսանելի կը դառնայ: Դուն ասիկա կրնաս նշմարել` ուսումնասիրելով ընտանիքիդ անդամներուն կամ ընկերներուդ հակազդեցութիւնները: Բարկութիւնը կը ձեւազեղծէ դէմքը եւ ձայնին աստիճանը կը փոխէ: Ուրախութիւնը դէմքին վրայ ժպիտ կը դնէ, եւ երբեմն պարի քանի մը քայլ կը յառաջացնէ:

Այս լեզուն համաշխարհային է: Ան մեզի կարելիութիւնը կու տայ հասկնալու մեր շուրջիններուն զգացածները, եւ հետեւաբար անոնց հետ աւելի լաւ հաղորդակցելու համար: Եւ անշուշտ նոյնը կը պատահի անոնց հետ` մեզի հետ վերաբերումի պարագային:

Անհաւատալի, Բայց Իրաւ…

– Ցամաքի վրայ քալելով ամէնէն երկար հեռաւորութիւնը աւելի քան 22530 քմ է: Այս ձեւով կարելի է Ռուսիոյ Մակատան քաղաքէն քալելով երթալ մինչեւ Հարաւային Ափրիկէ` առանց ինքնաշարժ գործածելու:

– Բոլորիս ծանօթ են M&M շաքարով ծածկուած տուրմէ գնդիկները: Սակայն գիտէի՞ր, թէ ուրկէ՛ եկած է անոնց անունը: Այս բոլորին կողմէ սիրուած տուրմերը անուանուած են զանոնք ստեղծող երկու գործատէրերու` Ֆորեսթ Մարզի եւ Պրուս Մըրրիի անունով:

– Աշխարհի հարսի ամէնէն երկար քողը 63 ֆութպոլի դաշտերէն ալ աւելի երկար էր: 6962.6 մեթր երկարութիւն ունեցող քողը հարսը գործածեց Լառնաքայի մէջ, Կիպրոս, 14 օգոստոս 2018-ին տեղի ունեցած հարսնիքին:

– Աշխարհի առաջին օդանաւային թռիչքը տեղի ունեցաւ 17 դեկտեմբեր 1903-ին: Ուիլպըր եւ Օրվիլ Վրոյթ եղբայրները չորս կարճ թռիչքներ կատարեցին առաջին օդանաւով, Հիւսիսային Քարոլայնայի Քիթի Հաոք շրջանին մէջ:

– Աշխարհի առաջին ամերիկեան զանգակով ժամացոյցը հնարեց Լեւի Հաչընս, 1787-ին: Ան կրնար հնչել միայն առտուան ժամը 4:00¬ին: 60 տարիներ ետք ֆրանսացի Անթուան Ռետիէ վերջապէս պաշտօնապէս արձանագրեց լարուող ժամացոյցի մը գիւտը:

– Գիտէի՞ր, թէ ցպիկներով պաղպաղակը հնարուած է պատահաբար, 11 տարեկան տղու մը կողմէ: 1905-ին փոքրիկ Ֆրանք Էփըրսըն սխալմամբ տունէն դուրս մոռցաւ սոտայի փոշիով խառնուած ջուրի գաւաթ մը, եւ մէջն ալ խառնելու համար գործածուած փայտէ ցպիկ մը:

– Մեզի ծանօթ ամէնէն հին տաբատը «կարուած էր» մօտաւորապէս … 3000 տարիներ առաջ: Ան գտնուած է Չինաստանի գերեզմաններէն մէկուն մէջ:

– Աշխարհի ամէնէն հին ծանօթ խոհագիրներէն մէկը գարեջուրի պատրաստութեան ձեւն է: Հնագէտները Չինաստանի մէջ գտած են 5000 տարուան գարեջրատուն մը, եւ ՔԱ 3400-2900 թուականէն գարեջուր պատրաստելու ապրանքներու տուփեր` անոր ստորերկրեայ սենեակներէն մէկուն մէջ:

– Էյֆելի աշտարակը Փարիզի ամէնէն նշանաւոր խորհրդանիշն է: Սակայն սկզբունքով ան պիտի չցուցադրուէր Փարիզի մէջ, այլ… Պարսելոնայի մէջ, Սպանիա: Երբ Պիւսթու Էյֆել իր ծրագիրը առաջարկեց սպանական քաղաքի պատասխանատուներուն, անոնք մերժեցին, որովհետեւ պատկերացումը շատ տգեղ գտան: Ապա Էյֆել գաղափարը ներկայացուց Ֆրանսայի, ուր տեղացիներն ալ շատ գոհ չէին անոր տեսքով: Սակայն աշխարհի չորս կողմերէն զբօսաշրջիկները սկսան ուղղուիլ դէպի Փարիզ` զայն տեսնելու համար, զայն դարձնելով աշխարհահռչակ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած ինքնաշարժը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջի պահուած թիւերը:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (28 Նոյեմբեր 2025)

Յաջորդը

Խաչքարերու Մոխիրը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Սեղանին Վրայ

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.