Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Առաջին անգամ ըլլալով մժեղներ նշմարուած են իսլանտական բնութեան մէջ: Մինչեւ այս թուականը հիւսիսային Եւրոպայի այս երկրին մէջ խայթող այս փոքրիկ միջատները գոյութիւն չունէին: Հետեւաբար, ի՞նչ փոխուած է…
* * *
Մինչեւ այսօր Իսլանտա աշխարհի հազուագիւտ երկիրներէն էր, ուր խայթող այս միջատները մուտք չէին գործած: Երկու էգ եւ մէկ արու` երեք մժեղներ գտնուած են Ռեյքիաւիք մայրաքաղաքին մօտաւորապէս 30 քմ դէպի հիւսիս շրջանի մը մէջ: Այս մժեղները կը պատկանին «Քուլիսեթա Անուլաթա» ընտանիքին, որ ճանչցուած է նաեւ «Օղակաձեւ Զարմիկ» անունով:
Այս մժեղները պատահաբար բռնուած են շաքարոտ գինիի մէջ թաթխուած թելերու վրայ, որոնք ընդհանրապէս կը գործածուին ուրիշ միջատներ, ինչպէս` թիթեռնիկներ գրաւելու համար: Ըստ մասնագէտներու, ասիկա առաջին անգամն է, որ իրենք մժեղներու կը հանդիպին իսլանտական բնութեան մէջ: Մինչեւ այսօր միայն մէկ մժեղ գտնուած էր… օդանաւի մը մէջ: Եւ ան անհետացած էր ժամանակի ընթացքին:
* * *
Սակայն ինչո՞ւ Իսլանտայի մէջ մժեղներ գոյութիւն չունին, եւ հիւսիսային Եւրոպայի այս երկիրը իսկական ամրոց մըն է մժեղներուն դէմ: Անթարքթիքայի կողքին, ան աշխարհի հազուագիւտ երկիրներէն մէկն է, ուր ո՛չ մէկ մժեղ կրցած է կայուն կերպով հաստատուիլ: Մինչ այս միջատները կրցած են յարմարիլ ուրիշ ցուրտ շրջաններու, ինչպէս` Քանատա կամ Կրինլենտ: Հետեւաբար, ի՞նչն է, որ Իսլանտան իւրայատուկ կը դարձնէ: Անոր իւրայատուկ կլիման:
Բազմանալու համար մժեղները պէտք ունին հեղուկ ջուրի բազմաթիւ շաբաթներու ընթացքին. անոնց հաւկիթները եւ թրթուրները կ՛ապրին անշարժ եւ ոչ շատ խորունկ ջուրերու մէջ, ինչպէս` լճացած ջուրերը, ջրակոյտերը կամ լճակները: Արդ, Իսլանտայի մէջ այս վիճակները անդադար կը խանգարուին: Ձմեռները երկար են, սակայն` անկայուն. ջրակոյտերը կը սառին, կը հալին, ապա դարձեալ կը սառին բազմաթիւ անգամներ` աշունէն մինչեւ գարուն, երկարող ամիսներուն ընթացքին: Այս փոփոխութիւնները` սառելու եւ հալելու վիճակներուն միջեւ, արգելք կը դառնան հաւկիթներուն եւ թրթուրներուն վերապրելու: Իբրեւ հետեւանք` ո՛չ մէկ մժեղ կրնայ ամբողջացնել իր աճումի շրջանը:
* * *
Սակայն ընդհանուր կլիմայի տաքութեան պատճառով Իսլանտան հաւանաբար չկարենայ երկար ատեն դիմադրելու մժեղներու ներխուժումին: Ըստ գիտնականներուն, աւելի մեղմ գարուն մը կամ աւելի երկար տեւող աշուն մը բաւարար է նուազեցնելու սառելու ժամանակաշրջանները` մժեղներուն բաւարարաչափ ժամանակ տալով աճելու:
Այս մժեղներուն յայտնուիլը ուրիշ հարցականներ ալ կը յառաջացնէ: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ անոնք երկիր հասած են պատահաբար, հաւանաբար` նաւերու կամ ծովային բեռնարկղերու միջոցով: Աւելի մօտէն ուսումնասիրութիւն մը անհրաժեշտ է վճռելու համար, թէ անոնք իսկապէ՛ս հաստատուած են շրջանին մէջ: Այս վարկածը հաւանական կրնայ ըլլալ, որովհետեւ այս ընտանիքին պատկանող մժեղները կրնան տոկալ ցուրտ կլիմաներու, յատկապէս անոնց այն կարողութեան պատճառով, որ չափահաս տարիքին անոնք պաշտպանուած վայրերու մէջ ձմեռնային քունի կը մտնեն:
* * *
Մինչեւ այս ուսումնասիրութիւններու արդիւնքները վերջնականապէս արձանագրուին` Իսլանտան, Անթարքթիքային հետ, կը մնայ երկրագունդին վրայ մժեղներէ գրեթէ ամբողջովին զերծ մնացած հազուագիւտ շրջաններէն մէկը, սակայն այս յայտնաբերումը կը փաստէ, որ նոյնիսկ ամէնէն ցուրտ շրջանները պաշտպանուած չեն մեր մոլորակին վրայ ազդող փոփոխութիւններէն…
Ո՞ւր Կ՛երթան
Մժեղները Ձմրան
– Մժեղները ցուրտը չեն սիրեր, եւ ձմրան անոնք բաւարար ուտելիք չեն գտներ իրենց շրջապատին մէջ: Հետեւաբար, երբ ցերեկային ժամերը կը կարճնան, եւ ջերմաստիճանը կը նուազի, անոնք ձմրան համար ապաստարան մը կը փնտռեն:
– Սակայն, անշուշտ, մժեղներու բոլոր տեսակները նոյն ձեւով չեն վարուիր: Կարգ մը մժեղներ, նոյնիսկ` չափահաս մարմնով, ցուրտի չեն կրնար տոկալ: Հետեւաբար այս պարագային հաւկիթներն ու թրթուրներն են, որոնք գարնան պիտի սպասեն մժեղի վերածուելու եւ թռչելու համար:
– Մժեղի ուրիշ տեսակներ ձմեռը կ՛անցընեն չափահաս վիճակի մէջ, սակայն` ապահով վայրի մը մէջ, ուր շատ ցուրտ չէ, ո՛չ ալ շատ խոնաւ: Այս ձեւով անոնք կրնան հաստատուիլ` շտեմարանի մը կամ մառանի մը մէջ, պարտէզի տնակի մը մէջ, ծառերուն կոճղի ծակերուն մէջ, ծաղիկներու թաղարի մը մէջ… եւ ձմեռնային քունի մէջ կը մտնեն:
– Անշուշտ եթէ ձմեռը երկար եւ ծանր ըլլայ, աւելի մեծ թիւով մժեղներ պիտի չկարենան ապրիլ: Սակայն երբ տաք օդը կը վերադառնայ, վերապրած մժեղները իրենց քունէն պիտի արթննան: Բնութեան մէջ ծաղիկները դարձեալ նեկտար կ՛արտադրեն, եւ պտուղները շաքարոտ հիւթեր կը նուիրեն: Հետեւաբար մժեղները բաւարար սնունդ ունին իրենց տրամադրութեան տակ:
Ընդհանուր Գիտելիքներ
Կարգ մը ծառեր կրնան իրարու հետ հաղորդակցիլ սունկերու ցանցերու միջոցով:
Անտառներու ծառերը իրարու կապուած են ստորգետնեայ սունկերու ընդարձակ ցանցով մը, որ կը կոչուի «Ուուտ Ուայտ ուեպ»` «Փայտի ընդարձակ ցանց»: Անոնք այս ցանցը կը գործածեն իրարու հետ բաժնեկցելու սնունդ, վտանգի պարագային իրարու լուր տալու եւ նոյնիսկ աւելի տկար ծառերու նեցուկ կանգնելու համար: Ասիկա կարելի է նմանցնել բոյսերու յատուկ բնական համացանցի:
Անասունները քարի վերածող լիճը.
Թանզանիոյ մէջ Նաթրոն լիճը այնքան շատ բարձր ալքալայններ (հանքային նիւթեր) եւ բարձր տոկոսով աղ ունի իր ջուրերուն մէջ, որ կրնայ իր մէջ ինկած անասունները պատել քալսիոմով` անոնց արձաններու կերպարանք մը տալով: Ասիկա երեւակայական, բայց շա՜տ շա՛տ բնական երեւոյթ մըն է:
Կարգ մը մանրէներ կրնան անջրպետին մէջ ապրիլ:
Թարտիկրատ անունով մանրէները, որոնք ճանչցուած են նաեւ ջուրի արջեր անունով, եւ կարգ մը ուրիշ մանրէներ կրնան անջրպետի դատարկութեան, չափազանց շողարձակումի եւ սառեցնող ջերմաստիճաններու տոկալ: Այս դիմացկունութեան պատճառով անոնք մեզի ծանօթ կեանքի ամէնէն զօրաւոր տեսակներէն են:











