Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Այս շաբաթ մենք պիտի մնանք ձմեռնային մթնոլորտին մէջ, սակայն այս անգամ պիտի ուղղուինք դէպի հիւսիս-արեւմուտք` դէպի Քանատայի Մանիթապա շրջանը: Հոն 1 յունուար 2026-ին մասնագէտները հազուագիւտ եւ ուշագրաւ դէպքի մը ներկայ գտնուած են: Վայրի էգ բեւեռային արջ մը որդեգրած է իրեն անծանօթ ձագ արջուկ մը:
Հինգ տարեկան մամա արջը ճանչցուած է իբրեւ X33991 արջը: Ան մաս կը կազմէ Մանիթոպայի հիւսիսային շրջանի Արեւմտեան Հատսըն ծոցի բեւեռային արջերու խումբին: Գիտնականները յայտնած են, որ ասիկա միայն 13-րդ որդեգրութիւնն էր, որուն անոնք ներկայ գտնուած են 45 տարիներ առաջ սկսուած այս խումբին իրենց ուսումնասիրութիւններուն ընթացքին:
* * *
Մասնագէտներու խումբը առաջին անգամ հետեւած է X33991 արջին 2025-ի գարնան: Ան «Ուափուսք նաշընալ փարք»-ին մէջ գտնուող իր որջէն դուրս եկած է մէկ քոթոթի մը ընկերակցութեամբ: Այս քոթոթին աճին կարենալ հետեւելու համար մասնագէտները անոր վրայ դրած են յատուկ գործիք մը:
Սակայն, երբ անոնք դարձեալ հանդիպած են արջերուն նոյեմբեր ամսուն, նշմարած են, թէ մամա արջը կը շրջէր գրեթէ նոյն տարիքը ունեցող երկու քոթոթներու հետ: Անոնցմէ մէկը կը կրէր հետեւելու յատուկ գործիքը, մինչ միւս քոթոթը անծանօթ էր: Մասնագէտները կասկածելով, թէ ասիկա կրնայ որդեգրութեան նշան մը ըլլալ, DNA-ի քննութիւններ ըրին: Արդիւնքները փաստեցին, որ երկրորդ քոթոթը X33991 արջին բնական քոթոթը չէր:
* * *
Այժմ մասնագէտները մանրակրկիտ փնտռտուքներ կը կատարեն այդ քոթոթին իսկական մայրը գտնելու համար: Եթէ ան տակաւին կենդանի է, այս «որդեգրութիւնը» կրնայ ենթադրել տալ, թէ ասիկա «փոքրիկ փոխանակութեան» պարագայ մըն է: Այս հազուադէպ պարագան կրնայ պատահիլ, երբ քոթոթները ակամայ կը փոխանակուին շրջաններու մէջ, ուր բազմաթիւ արջեր հաւաքուած կ՛ըլլան: Եթէ DNA-ի քննութիւնները փաստեն, որ ձագուկը կը պատկանի էգ արջի մը, որ վերջին շրջաններուն չէ նշմարուած, ասիկա կրնայ ենթադրել տալ, եթէ այդ էգ արջը սատկած կրնայ ըլլալ: Այս ձեւով այդ քոթոթը իսկական որբ կը մնայ ըլլալ:
Ինչ կը վերաբերի X33991 արջին, նշմարուած է, թէ նոյեմբերէն ի վեր ան երկու քոթոթները առաջնորդած է աւելի քան 800 քմ երկարութեամբ տարածքի մը վրայ Հատսընի ծոցին մակերեսին նոր կազմուած սառոյցին վրայէն: Այս արշաւը մաս կը կազմէ տարեկան գաղթի մը: Երբ ծոցին ջուրերը կը սառչին ամէն ձմրան, բեւեռային արջերը կը տեղափոխուին դէպի ծովափ` սառոյցին տակը ապրող փոկեր որսալու համար:
X33991 մամա արջը պէտք է բաւականաչափ փոկեր որսայ, որպէսզի լաւ վիճակի մէջ ըլլայ եւ իր երկու քոթոթներուն համար բաւարար կաթ արտադրէ: Ան պէտք է նաեւ անոնց սորվեցնէ ինչպէս որսալ, սպասելով, որ փոկերը դէպի մակերես բարձրանան շնչելու համար սառոյցին տակէն բացուած ծակերուն ընդմէջէն:
Հակառակ անոր որ մամա արջը պէտք է երկրորդ քոթոթի մըն ալ հոգ տանի, ուսումնասիրութիւնները ցոյց կու տան, թէ երեք արջերը լաւ վիճակի մէջ կը գտնուին: Ասիկա շատ քաջալերական է, որովհետեւ այդ շրջանին մէջ ճանչցուած նախկին 12 որդեգրութիւններու պարագային, միայն երկու քոթոթներ կրցած են հասնիլ չափահաս տարիքի:
Ձեռային Աշխատանք
Թռչուններուն Համար
Ձմեռնային եղանակը կրնայ ծանր ըլլալ կարգ մը անասուններու համար, եւ յատկապէս` թռչուններուն. անոնք դժուարութիւններ կրնան ունենալ բաւարար ուտելիք գտնելու այս ծանր եւ ցուրտ եղանակին: Դուն կրնաս անոնց օգնել` թռչուններու յատուկ փոքրիկ «քուքիներ» պատրաստելով:
Այս աշխատանքին համար դուն պէտք պիտի ունենաս քանի մը բաղադրութիւններու եւ առարկաներու:
– 4 գաւաթ թռչուններու կուտ կամ արեւածաղիկի կուտ
– 3/4 գաւաթ ալիւր
– 1/2 գաւաթ ջուր
– 3 ապուրի դգալ թեթեւ քորն սիւրոփ
– 1 փոքրիկ ծրար առանց համի ժելաթին
– Բարակ թել
– Մեծ խորունկ աման մը
– Փարչմընթ թուղթ
Պատրաստութիւն
1 – Խորունկ ամանին մէջ դիր` կուտերը, ալիւրը, ջուրը, ժելաթինը, եւ քորն սիրոփը:
2 – Բոլորը լաւ խառնէ:
3 – Այս խառնուրդը բաժնելու եւ տարբեր բաժիններուն ձեւեր տալու համար կրնաս գործածել կրկնեփներու կաղապարներ:
4 – Կաղապարին մէջ դիր դգալ մը խառնուրդէն, մինչեւ կաղապարի ծայրը: Եթէ կաղապարներդ մետաղեայ են, անոնց մէջ գիծ մը ձէթ քսէ, որպէսզի խառնուրդը չփակչի:
5 – Կուտերու քուքիները շարէ փարչմենթ թուղթով ծածկուած ափսէի մը վրայ, անոնց մէկ ծայրը փոքրիկ ծակ մը բաց եւ ձգէ, որ նուազագոյնը 2 ժամ չորնան ու կարծրանան: Կրնաս նաեւ զանոնք ամբողջ գիշեր մը ձգել:
6 – Կրնաս նաեւ այս քուքիները պատրաստել առանց ժելաթինի: Այս պարագային, փոխանակ ձգելու, որ չորնան, կրնաս զանոնք 170 աստիճան ջերմութեամբ, կամ փուռիդ ամէնէն ցած ջերմութեամբ մէկուկէս ժամ եփել: Ապա ձգէ, որ պաղին:
7 – Նաեւ կրնաս, ժելաթինին եւ քորն սիրոփին փոխարէն, գործածել 1/2 գաւաթ պիստակի կարագ (փինաթ պաթըր): Սակայն այս պարագային, զանոնք սառնարանը պիտի դնես, որպէսզի կուտերը իրարու փակչին:
8 – Վերջապէս, պզտիկ ծակերուն մէջէն բարակ թել մը անցուր եւ այս քուքիները կախէ պաշտգամբիդ թելերէն մէկու վրայ, կամ նոյնիսկ եթէ թաղիդ մէջ կան ծառեր, անոնց ճիւղերուն վրայ:
Ժամանց
Կրնա՞ս Գտնել 2 Պատկերներուն Միջեւ Գոյութիւն Ունեցող
7 Տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս Գտնել Ելքի Ճամբան:
Կրնա՞ս Գտնել Պատկերին Մէջ Պահուած Առարկաները:
Կրնա՞ս Գտնել Թիւերուն Տեղերը Տախտակին Մէջ:








