Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Փետրուար 6-ին սկսան 28-րդ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը Իտալիոյ Միլանօ եւ Քորթինա տ՛Ամփեզզօ քաղաքներուն մէջ: Այս ձեւով, ձմեռնային այս խաղերը Իտալիա կը վերադառնան երրորդ անգամ ըլլալով, 20 տարի ետք Թուրենի 2006-ի, եւ 70 տարի ետք Քորթինա տ՛Ամփեզզոյի 1956-ի մրցաշարքերէն ետք:
Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Միլանոյի Սան Սիրօ դաշտին մէջ: Այս խաղերուն ընթացքին 16 մարզաձեւերու մրցաշարքերը տեղի պիտի ունենան, եւ ընդամէնը` 116 մրցումներ: Խաղերուն պիտի մասնակցին 2900 մարզիկներ, 90 տարբեր պատուիրակութիւններ, եւ, վերջապէս, պիտի բաժնուին ընդամէնը 245 մետալներ:
Միլանոյի մէջ, ուր կը գտնուի Ողիմպիական դաշտը, տեղի պիտի ունենան չմշկասահքի եւ սառոյցի վրայ հոքիի մրցումները: Մինչ Քորթինա պիտի ընդունի քըրլինկի, պոպսլէյի եւ Ալպեան դահոյկի խաղերը: Վերջապէս, մնացած մրցումները տեղի պիտի ունենան Իտալիոյ հիւսիսային 5 տարբեր քաղաքներու մէջ:
* * *
Ծանօթանանք
Միլանոյին Եւ Քորթինային
2026-ի ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու 2 քաղաքները Միլանօ եւ Քորթինա տ՛Ամփեզզոն են:
– Միլանօ քաղաքը կը գտնուի Իտալիոյ հիւսիսը: Ան երկրին երկրորդ ամէնէն շատ բնակուած քաղաքն է մայրաքաղաք Հռոմէն ետք:
Հոն զբօսաշրջիկները կ՛այցելեն Տուոմոն (իտալերէն` քաթետրալ), Վիթթորիօ Էմանուէլէ Բ. կալերիան, միջնաբերդը… Անոնք կրնան պտտիլ նաեւ ջրանցքներուն երկայնքին:
Միլանոյի մէջ հաստատուած են բազմաթիւ ընկերութիւններ:
Սակայն Միլանօ ճանչցուած է նաեւ իբրեւ նորոյթի մայրաքաղաքներէն մէկը: Հոն գոյութիւն ունին բազմաթիւ նշանաւոր նորոյթի վաճառանիշեր, եւ ուր տեղի կ՛ունենան նորոյթի շքերթներ:
Չմոռնանք նաեւ, որ Միլանօ ունի նաեւ զօրաւոր երկու ֆութպոլի խումբեր` Էնթեր Միլան եւ Ա.Սէ. Միլան:
– Քորթինա տ՛Ամփեզզօ, որ պարզապէս կ՛անուանուի Քորթինա, դարձեալ Իտալիոյ հիւսիսը գտնուող ձմեռնային մարզանքներու կեդրոն մըն է. ան կը գտնուի 1210 մեթր բարձրութեան վրայ:
Ան կը գտնուի Տոլոմայթ լեռներուն վրայ: Այս շրջանին մէջ կը կազմակերպուին բազմաթիւ ձմեռնային մարզաձեւերու մրցաշարքեր:
Ծանօթանանք Ձմեռնային Ողիմպիական
Խաղերէն 4 Նուազ Ծանօթ Մարզաձեւերու
Այս տարուան ձմեռնային Ողիմպիական խաղերու 16 մարզաձեւերը տեղի կ՛ունենան ձիւնին կամ սառոյցին վրայ: Անոնցմէ մաս մը սահելու մարզաձեւեր են, իսկ ուրիշ խումբ մը կ՛ընդգրկէ աւելի լարախաղացական ձեւեր… երբեմն այս տարբեր մարզաձեւերը կը խաղցուին խումբով, ինչպէս քըրլինկը կամ սառոյցի վրայ հոքին: Իսկ այս տարի նոր մարզաձեւ մը մուտք պիտի գործէ խաղերուն շարքին մէջ` Ալպեան դահոյկը:
Այսօր պիտի ծանօթանանք տարօրինակ անուն ունեցող 4 մարզաձեւերու:
* * *
Ասիկա խմբային մարզաձեւ մըն է, որուն օրէնքները կը նմանին ֆրանսական փեթանք խաղին: Անոր նպատակն է քարեր սահեցնել «տունը» կոչուած թիրախի ամէնէն մօտը:
Աւելի մը օգնութեամբ, խաղցողները քարին առջեւ սառը կը տափակցնեն եւ կը տաքցնեն. ասիկա կարելիութիւնը կու տայ քարին ընթացքը արագացնելու եւ կառավարելու անոր ընթացքը:
– Շորթ-թրաք
Անգլերէն շորթ-թրաք կը նշանակէ «կարճ շաւիղ»: Ան կարճ տարածքի մը վրայ արագութեան չմշկասահանքի մարզաձեւն է:
Մարզիկները արագութեան մրցումը կ՛ընեն 111 մեթր երկարութիւն ունեցող եւ հաւկթաձեւ օղակ մը կազմող սառէ դաշտի մը վրայ:
Մարզիկներուն չմուշկները ունին երկար եւ բարձր շեղբ մը: Արագութիւն հաւաքելու համար մարզիկը կը հակի դարձուածքներուն վրայ` ձեռնոցով մը պահպանուած ձեռքը սառոյցին վրայ դնելով իր հաւասարակշռութիւնը պահելու համար:
– Պոպսլէյ
Այս մարզաձեւը կը կրէ գործածուած մեքենային անունը, չմուշկներով օժտուած սահնակ մը: Նպատակն է ամէնէն արագը սահիլ եւ կտրել երկար սառած անցք մը: Այս անցքը ունի 1,5 քմ երկարութիւն եւ բազմաթիւ դարձուածքներ:
Մրցումին սկիզբը մարզիկները իրենց թափը կ՛առնեն վազելով եւ պոպսլէյը հրելով` անոր մէջ ցատկելէ առաջ:
Մարզիկները կը մտնեն կամ 1 հոգինոց (կիներու պարագային), կամ 2 հոգինոց (այր մարդիկ կամ կիներ), կամ ալ 4 հոգինոց (այր մարդիկ) մեքենայի մը մէջ: Առջեւը կը նստի վարորդը, իսկ անոր ետեւի մարզիկները իրենց գլուխը վար կը ծռեն արագութիւն հաւաքելու համար:
– Սքելեթոն
Այս պարագային մարզիկը կը սահի պոպսլէյի համար գործածուած սառած անցքին վրայէն: Սկիզբը ան կը վազէ իր տախտակը բռնած` իր թափը առնելու համար, եւ ապա անոր վրայ կը պառկի:
Մարզիկը իր փորին վրայ կը գտնուի, եւ ո՛չ իր կռնակին վրայ, ինչպէս է սահնակի պարագային: Անոր գլուխը դէպի առջեւ է, քիթը սառին մօտ եւ թեւերը` մարմնին երկայնքին:
* * *
Իսկ դուն, այս տարուան խաղերուն ո՞ր մրցաշարքերուն պիտի հետեւիս:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել բոլոր վերի առարկաները վարի տախտակին մէջ:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:







