Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

November 22, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ափրիկէի հարաւը Պոսթուանիա երկրին մէջ գտնուող Քարուէ հանքը նշանաւոր է իր արտադրած մեծ եւ շատ որակաւոր ադամանդներով:

Հոն գտնուած են 1758 քարաթ Սէուէլօ եւ 2492 քարաթ Մոթցուէտի (որ մինչեւ այժմ գտնուած երկրորդ ամէնէն մեծ ադամանդն է) ադամանդները: Սակայն հոկտեմբեր 15-ին գտնուած ադամանդը գրաւեց աշխարհի չորս կողմերէն թանկագին քարերու մասնագէտները եւ հաւաքորդները: Ան 37,41 հազար քարաթ կը կշռէ, եւ կէս վարդագոյն ու կէս թափանցիկ է:

* * *

Ադամանդները կը կազմուին գետնին շատ խորերը, երբ բնածուխը կը գտնուի շատ զօրաւոր տաքութեան եւ ճնշումի տակ միլիոնաւոր տարիներու ընթացքին: Անոնց մեծ մասը ջինջ են եւ թափանցիկ, սակայն կարգ մը ադամանդներ գոյներ կրնան ստանալ, ինչպէս` դեղին, կապոյտ, կանաչ, ուրիշ տարրերէ շատ մանր քանակով մասնիկներու շնորհիւ:

Սակայն վարդագոյն  ադամանդները տարբեր են: Անոնք կը կազմուին, երբ ադամանդը սաստիկ ճնշումի եւ տաքութեան տակ կը գտնուի գետնին խորերը, եւ երկրագունդին խաւերը կը շարժին: Այս երեւոյթը կը փոխէ ադամանդին բիւրեղեայ կառուցուածքը` անոր տալով վարդագոյն երանգ մը: Սակայն ամէն ինչ կախեալ է ճիշդ քանակով ճնշումէն, եթէ ճնշումը թեթեւ է, ադամանդը թափանցիկ կը մնայ, իսկ եթէ ան չափազանց զօրաւոր է, ադամանդը սրճագոյն կը դառնայ: Այս պատճառով է, որ վարդագոյն ադամանդները հազուագիւտ են:

Աւստրալիոյ Արկայլ Տայմոնտ հանքը կ՛արտադրէր աշխարհի վարդագոյն անդամանդներու աւելի քան 90 առ հարիւրը, փակուելէն առաջ, 2020-ին: Հոն գտնուած գրեթէ 1000 ադամանդներէն մէկը վարդագոյն կ՛ըլլար:

* * *

Իսկ երկու գոյներով ադամանդները շատ աւելի հազուագիւտ են: Անցեալին գտնուած քիչ թիւով վարդագոյն ադամանդները ընդհանրապէս պզտիկ եղած են, մեծ մասով` 2 քարաթէն պակաս: Այս պատճառով Պոսթուանիոյ մէջ գտնուած երկու գոյներով այս ադամանդը ա՛լ աւելի ուշագրաւ է: Գիտնականները կը մտածեն, որ այս երկու գոյներով ադամանդը կազմուած է երկու հանգրուանով: Նախ կազմուած է վարդագոյն բաժինը, ապա աւելի ջինջ եւ թափանցիկ բաժին մը յառաջացած է եւ միաձուլուած` վարդագոյն ադամանդին հետ:

Մասնագէտները տակաւին կ՛ուսումնասիրեն այս քարին որակը: Ըստ արդիւնքներու, ան կրնայ աւելի փոքր քարերու բաժնուիլ եւ յղկուիլ, կամ ձեռք չտալ անոր` իբրեւ բնական նմուշի մը, կամ նոյնիսկ ցուցադրել յատուկ ցուցադրութիւններու ու թանգարաններու մէջ:

Սակայն այս բոլոր կարգադրութիւններէն առաջ մասնագէտները պիտի փորձեն անուն մը գտնել այս իւրայատուկ ադամանդին:

Անդամանդներու Մասին

– Հին հռոմէացիները եւ յոյները կը հաւատային, որ ադամանդները չաստուածներուն արցունքներն էին, կամ` աստղերէն ինկած փշրանքներ:

– Ադամանդ մը կարելի է յղկուիլ միայն ուրիշ ադամանդի մը միջոցով: Ադամանդները աշխարհի վրայ մեզի ծանօթ ամէնէն կարծր նիւթն են:

– Ադամանդները գրեթէ 100 առ հարիւր բնածուխէ կազմուած են, այսինքն` միայն մէկ տարրէ:

– Ադամանդը ապրիլ ամսուան ծնած անձերու քարն է:

– Մինչեւ այժմ գտնուած աշխարհի ամէնէն մեծ ադամանդը Քուլինըն ադամանդն էր. ան 3106 քարաթ կը կշռէր: Ան գտնուած էր Հարաւային Ափրիկէի մէջ, 1905-ին: Այս ադամանդը բաժնուեցաւ 9 մեծ ադամանդի կտորներու, որոնցմէ երեքը ցուցադրուած են Լոնտոնի Աշտարակին մէջ, թագաւորական գոհարեղէններու հաւաքածոյին մէջ:

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Սկիւռները տարեկան հազարաւոր նոր ծառեր «կը տնկեն»` պարզապէս մոռնալով, թէ ո՛ւր թաղած են իրենց կաղինները:

– Չղջիկ մը մէկ ժամուան մէջ կրնայ ուտել մինչեւ 1200 մժեղ:

– Մկան բառը  եկած է լատիներէն «փոքրիկ մուկ» արտայայտութենէն, որովհետեւ լատինական ժամանակաշրջանին մարդիկ մորթին տակի մկանները կը նմանցնէին փոքրիկ մուկերու:

– Աչքի եղջերենին մեր մարմնին միակ բաժինն է, որ արիւն չի ստանար:

– Մեր սովորաբար գործածած ձեռքին եղունգները աւելի շուտ կ՛աճին, քան` միւս ձեռքի եղունգները:

– Տաք ջուրը աւելի շուտ կը սառի, քան` պաղ ջուրը: Ասիկա ճանչցուած է Մփեմպա երեւոյթով:

– Միջնադարուն մարդիկ երբեմն անասունները դատավարութեան կ՛ենթարկէին անոնց գործած ոճիրներուն համար:

– Աշխարհի մէջ ամէնէն շատ գողցուած ուտելիքը պանիրն է:

– Ստեպղինները սկիզբը մանիշակագոյն եղած են: Ժամանակի ընթացքին է, որ ստեպղիններու կարգ մը տեսակներ նարնջագոյն երանգը ստացած են:

– Խնձորները ջուրին վրայ կը ծփան, որովհետեւ անոնք 25 առ հարիւր օդէ բաղկացած են:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 կարկանդակները:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր կերպարի պատկանող փուչիկը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Ցոյց Գլխաւոր Դատախազութեան Առջեւ

Յաջորդը

9 Նոյեմբեր 2020-ին Կնքուած Եռակողմ Ամօթալի Համաձայնագիրն Ու Արցախի Յանձնումը Դատապարտող Թերթիկ

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.