Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Այս ամառ Միացեալ Նահանգներու հարաւը մասնագէտներ իսկական գանձ մը գտած են Ատլանտեան ովկիանոսին խորերը, 1000 արծաթէ դրամներ, 5 ոսկիէ դրամներ եւ քանի մը  ոսկիէ առարկաներ: Շատ արժէքաւոր գանձ մը:

Սակայն այս կտորները պարզապէս մէկ մասն են աւելի մեծ գանձի մը, որ կը փոխադրուէր Ամերիկայէն մինչեւ Սպանիա բազմաթիւ նաւերու միջոցով, որոնք դժբախտաբար կ՛ընկղմին 1715 թուականին:

Այս արծաթի եւ ոսկիի կտորները կու գային շրջաններէ, որոնք Սպանիոյ կը պատկանէին` Փերուի, Պոլիվիոյ եւ Մեքսիքայի մէջ: Կարգ մը կտորներու վրայ տակաւին յստակ է դրոշմը այն աշխատանոցին, ուր անոնք շինուած էին: Անոնք բոլորը նոյն վիճակին մէջ կը գտնուին, հետեւաբար բոլորն ալ կու գան նոյն սնտուկին մէջէն:

* * *

Ուրկէ՞ եկած է այդ գանձը

16-րդ դարէն մինչեւ 19-րդ դար սպանական կայսրութիւնը գրաւած էր ընդարձակ շրջաններ Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայի մէջ: Անոնք կը կոչուէին «Հնդկաստաններ», որովհետեւ Քրիստափոր Քոլոմպոս կը կարծէր, թէ ինք Հնդկաստան հասած է 1492 թուականին:

Այս շրջանները շատ հարուստ էին` փայտ, արծաթ, ոսկի, արժէքաւոր քարեր, համեմներ, ծխախոտ, շաքար… Սպանական կայսրութիւնը այս հարստութիւններուն պէտք ունի իր եւրոպացի դրացիներուն դէմ մղած պատերազմին համար:

Մինչեւ 1790 թուական նաւերը մինչեւ Սպանիա կը փոխադրեն Ամերիկայէն առնուած բոլոր այս հարստութիւնները: Ասոնք կը կազմեն «Հնդկաստաններու նաւատորմիղը»:

Ծովահէններու յարձակումներէն պաշտպանուելու համար այս նաւերը շարասիւներով կը տեղափոխուին: Անոնցմէ կարգ մը նաւեր նոյնիսկ օժտուած են թնդանօթներով: Իսկ երբեմն անոնք իրենց ճամբուն վրայ սաստիկ փոթորիկներու կը հանդիպին:

1715-ի նաւաբեկութիւնը

1715-ի յուլիսի վերջաւորութեան տասնեակ նաւեր կը ձգեն Քուպայի Հավանա քաղաքը եւ կ՛ուղղուին դէպի Սպանիա, Սեւիլիա քաղաքը: Անոնք կը փոխադրեն յատկապէս դրամները եւ գոհարեղէններ:

Քանի մը օր ետք փոթորիկ մը կը սկսի Ատլանտեան ովկիանոսին մէջ: Բոլոր նաւերը, բացի ամէնէն առջեւը գտնուող նաւէն կ՛ընկղմին: Անոնք կը փճանան: Մօտաւորապէս 1000 նաւատէրեր կը մահանան եւ շատ քիչ անձեր կը փրկուին:

Ներկայի փնտռտուքները

Այս նաւերուն արժէքաւոր բեռը տակաւին կը գտնուի ովկիանոսին յատակը, նուազ քան 30 մեթր խորութեան վրայ, Միացեալ Նահանգներու հարաւը գտնուող Ֆլորիտա քաղաքին ջուրերուն մէջ: Այս շրջանը կոչուած է «Գանձերու ծովեզերք»: Սուզուողներ յաճախ զայն կը հետախուզեն եւ կանոնաւոր կերպով ջուրին մէջէն կը հանեն արծաթէ կամ ոսկիէ դրամներ:

Ըստ անոնց, այս գանձին ընդհանուր արժէքը կը հասնի 350 միլիոն եւրոյի:

Այս գանձէն միայն շատ փոքր մաս մը գտնուած է մինչեւ հիմա: Ֆլորիտա քաղաքը ձեռք կը բերէ կարգ մը առարկաներ եւ զանոնք կը ցուցադրէ թանգարաններուն մէջ:

Ծանօթ Էի՞ր
«
Քէյք Փիքնիք»-ներուն

«Նօ քէյք, նօ էնթրի», «առանց կարկանդակի, մուտք չկայ», այս, է «Քէյք փիքնիք»-ներու կարգախօսը:

Այս ձեռնարկներուն ընթացքին կը հաւաքուին կարկանդակնեու սիրահարները, անոնցմէ իւրաքանչիւրը իրեն հետ կը բերէ տունը պատրաստուած իր կարկանդակը:

Այս հաւաքոյթներու գաղափարը յղացած է ամերիկացի խոհարարուհի մը` Էլայզա Սունկա: Ան պէտքը զգացած է կարկանդակներու իր սէրը փոխանցել իր շուրջիններուն, հաւաքոյթի մը ընթացքին, երբ ընկերներու խումբէն իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ ինքզինք եւ իր պատրաստած կարկանդակը:

Ժամանակի ընթացքին այս հաւաքոյթները սկսած են կազմակերպուիլ աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ: Հաւաքոյթին մասնակցելու համար պէտք է պարզապէս արձանագրուիլ եւ ապա դաշտագնացութեան գալ` բերելով տունը պատրաստուած կարկանդակ մը, բոլոր մասնակցողներուն հետ համտեսելու համար: Այս ձեւով հոկտեմբերի վերջաւորութեան, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ կազմակերպուած «Քէյք փիքնիք»-ի մեծ հաւաքին 2068 կարկանդակներ բերուած են:

Գիտէ՞իր, Թէ…

Ինչի՞ կը նմանէին առաջին կարկանդակները: Մեզի ծանօթ կարկանդակի առաջին ձեւերը տափակ էին, խիտ սկաւառակներ` չորցուած եւ սեղմուած հատիկներէ: 18-րդ դարուն է, որ այժմ մեզի ծանօթ կարկանդակներու ձեւին մօտ կերպարանք ունեցող կարկանդակները յայտնուեցան: Այդ թուականէն առաջ կարկանդակները կը պատրաստուէին թթխմորով, եւ այս պատճառով անոնք կարկանդակէ աւելի` հացի կը նմանէին:

Ո՞րն է կարկանդակի համի ամէնէն շատ տարածուած տեսակը: Մարդոց մեծ մասին համար, յատկապէս` տարեդարձի կարկանդակներու պարագային, ամէնէն շատ սիրուած տեսակը տուրմով կարկանդակն է: Սակայն անոր շատ մօտէն կը հետեւի վանիլայով կարկանդակը:

Տարեդարձի կարկանդակի ծագում: Տարեդարձի կարկանդակները սկսան ժողովուրդներուն մէջ տարածուիլ մօտաւորապէս 17-րդ դարուն եւ նմանութիւններ ունէին մեզի ծանօթ ներկայի կարկանդակներուն հետ: Սակայն այս շքեղ անուշեղէններուն բաղադրութիւնները, ինչպէս շաքարը, շատ սուղ էին, հետեւաբար միայն հարուստ դասակարգի մարդիկ կրնային ձեռք ձգել նման ուտելիք մը: 18-րդ դարուն է միայն, երբ այդ բաղադրութեան նիւթերուն գինը սկսաւ նուազիլ, եւ աւելի մեծ թիւով մարդիկ սկսան կարենալ այդ անուշեղէնը վայելել:

                                                           Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել իրարու նմանող 2 կարկանդակները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (7 Նոյեմբեր 2025)

Յաջորդը

Այսպէս Պիտի Երթեւեկենք

RelatedPosts

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ
Մանկապատանեկան

Արհեստական Բանականութիւնը Կրնա՞յ Խօսիլ

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?