Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լռութեան Վարժութիւն Մը

February 21, 2026
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Յատկապէս քաղաքներուն մէջ մենք կ՛ապրինք աղմուկով լեցուն կեանք մը: Ան այնքան ներկայ է մեր առօրեային մէջ, որ գրեթէ «սովորութիւն» մը դարձած է: Սակայն դժբախտաբար այդ աղմուկներուն միշտ տիրապետելը մեր կարողութենէն դուրս է:

Այս ծիրին մէջ Շուէտի հարաւը գտնուող Սքանիա քաղաքին զբօսաշրջութեան գրասենեակը հետաքրքրական գաղափար մը յղացած է: Ան կազմակերպած է կեցութիւն մը… ամբողջական լռութեան մէջ:

Այս ձեւով ան առաջարկած է երկու անձերու չորս օրուան կեցութիւն մը` անտառին մէջ մեկուսացած տնակի մը մէջ: Այս հրաւէրին գլխաւոր պայմանն էր, որ հիւրերը իրաւունքը չունէին 45 տեսիպելէն աւելի բարձր ձայներ հանելու: Ասիկա կը հսկուէր բնակիչներուն ձայնը չափող յատուկ մեքենայի մը կողմէ:

Հետեւաբար այս դրութիւնը կը մղէր հիւրերը փսփսալու եւ նոյնիսկ բնաւ չխօսելու: Եւ ասոր շնորհիւ` անոնք պիտի կարենային հանգստանալ եւ օգտուիլ բնութեան մէջ տիրող խաղաղութենէն:

Անցած աշնան առանձնաբար երեք զոյգեր յաջողած են այս փորձառութեան մէջ: Հետեւաբար Սքանիոյ զբօսաշրջութեան գրասենեակը որոշած է այս հրաւէրը դարձեալ առաջարկելու 2026 թուականին:

Արդեօք քեզ ալ պիտի հետաքրքրէ՞ նման փորձառութիւն մը:

Ձայները

Ձայներուն ուժգնութիւնը կը նշուի տեսիպլներով` dB: Ըստ անոնց ուժգնութեան, անոնք կը նշեն ամէնէն թոյլ (ցած dB) ձայներէն մինչեւ ամէնէն բարձր եւ ցաւագին (բարձր dB) ձայները:

Այս ձեւով ամէնէն թոյլ եւ հանդարտ ձայներ կը նկատուին փսփսոցները, հովին ձայնը` ծառերուն մէջ…

Երկրորդ կարգի վրայ կու գան հանդուրժելի ձայները, ինչպէս` խօսակցութիւնները, լուացքի մեքենային ձայնը: Ապա կու գան նեղացնող ձայները, որոնք կրնան նաեւ վտանգաւոր դառնալ մեր ականջներուն համար, ինչպէս` գորքի փոշեկուլին ձայնը, ինքնաշարժներու խճողումները, դպրոցի ճաշասրահին մէջի աղմուկը, հաջող շուն մը…

Մեր լսողութեան համար վնասակար կրնան ըլլալ, օրինակի համար, հեռաձայնէն հնչող երաժշտութեան առաւելագոյն բարձրութիւնը, ինքնաշարժներուն ճչակները, երգահանդէս մը, կամ տիսքոթեք մը…

Վերջապէս, ցաւագին կը դառնան փորելու գործիքներուն ձայնը, դէպի երկինք թռչող օդանաւը, եւ անշուշտ` դէպի անջրպետ ուղղուող հրթիռ մը:

* * *

Չմոռնանք, որ շատ ուժգին ձայները եւ աղմուկը մեր լսողութիւնը կը տկարացնեն: Անոնց յառաջացուցած անհանգստութիւնը եւ սթրեսը կրնան ազդել նաեւ մեր ընդհանուր առողջութեան եւ տրամադրութեան վրայ: Հետեւաբար փորձենք մեր լսողութեան առողջութեան ալ հոգ տանիլ:

Ձմրան Ա՛լ Բոյսեր
Կը Ծաղկին

Գիտէի՞ր, թէ ամէն յունուար ամսուն Անգլիոյ մէջ բնակիչները կը հրաւիրուին հաշուելու եւ արձանագրելու իրենց շուրջ ծաղկող բոյսերը: Այս ձեւով, 2026-ի արդիւնքները արդէն յայտարարուած են: Արձանագրուած են 663 տեսակի ծաղիկներ բուսած են այս տարի, ինչպէս` զատկածաղիկը եւ կռաբանջարը, որոնք արդէն ծաղկած են:

Այս թիւը անցած է 2025-ի թիւը` 647-ը, իսկ 15 տարուան ուսումնասիրութիւններուն մէջ 3-րդ անգամն է, որ նման բարձր թիւ մը կ՛արձանագրուի: Սակայն ասիկա լաւ լուր մը չէ. գարնան փոխարէն`  բոյսի մը ձմրան ծաղկիլը մոլորակին կլիմային տաքնալու հետեւանքներէն մէկն է…

Տարօրինակ Բնակարաններ`
Աշխարհի Չորս Կողմերը

Կարճ պտոյտ մը կատարենք այցելելու համար տարբեր վայրեր եւ բնակչութեան ծանօթանալու` անոնց ապրած տարբեր բնակարաններուն մէջ

:* * *

Յարդէ տանիքներով տուները

Մենք այս տուները կրնանք տեսնել յատկապէս արեւմտեան Եւրոպայի մէջ, ինչպէս` Ֆրանսա, Հոլանտա, Անգլիա, սակայն նաեւ` Ճափոնի մէջ…

Այս տուներուն տանիքները կազմուած են յարդով եւ եղէգով: Հին ժամանակներուն այս նիւթերը կը գործածուէին գիւղերուն մէջ տանիքները ծածկելու համար, որովհետեւ սուղ չէր եւ անձրեւէն ու ցուրտէն կը պաշտպանէին:

Ափրիկեան տնակը

Այս տնակին տանիքը ծածկուած է յարդով, եւ պատերը շինուած են կաւային հողով, քարերով…

Այս տնակները յաճախ կլորակ եւ պզտիկ կ՛ըլլան եւ շատ լաւ կը պահպանեն տաքէն:

Եուրթ վրանները

Այս վրանը, մոնկոլներուն նման, Կեդրոնական Ասիոյ հին ու թափառաշրջիկ ժողովուրդներու բնակարանն է: Ան միայն մէկ բաժին կը պարունակէ, որ կը կազմակերպուի կեդրոնական կրակարանին շուրջ: Եուրթ կոչուած այս վրանին դուռը միշտ դէպի հարաւ կը գտնուի, արեւուն ուղղութեամբ:

Քարայր տունը

Այս տունը ուղղակիօրէն ժայռին մէջ փորուած է: Կարելի է այս տուներուն հանդիպիլ աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, ինչպէս` Չինաստան, Մալի, Պարսկաստան, Ֆրանսա, Հայաստան (հին Խնձորեսկ)…

Ցիցերու վրայ կառուցուած տունը

Այս տունը կը հանգչի գետնին մէջ տնկուած մեծ փայտէ գերաններու վրայ: Ասիկա առիթը կու տայ տան բարձր մնալու ջուրէն, կամ կակուղ գետնէն, սակայն նաեւ` արգելք ըլլալու անասուններուն, որ անոնք տուներէն ներս մտնեն: Ցիցերու վրայ կառուցուած այս տուներուն կարելի է հանդիպիլ, օրինակի համար, Քամպոտիոյ կամ Ինտոնեզիոյ մէջ:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել տան հասցնող ճամբան:
Կրնա՞ս վերակազմել կատուին պատկերը` պզտիկ ձեւերուն միջոցով:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ զետեղուած վարի թիւերը:

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Զգաստանալու Ժամանակն Է

RelatedPosts

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար
Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.