Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հաւանաբար նշմարած ես, որ Երկիր մոլորակին վրայ, ուր մենք կը գտնուինք, ժամերը ամէն տեղ նոյնը չեն: Այս ձեւով, երբ մենք կը խօսինք հեռու երկիրներ գտնուող ազգականներու կամ բարեկամներու հետ, կը նշմարենք, որ մեր քովը կրնայ կէսօրէ ետք ըլլալ, մինչ անոնց քով կա՛մ առտուն կանուխ, կա՛մ ուշ գիշեր… Այս նոյն պատճառով է նաեւ, որ ամբողջ աշխարհը միասին Նոր տարին չի տօներ:
* * *
Այս երեւոյթը հասկնալու համար մենք պէտք է խօսինք ժամանցի գօտիներուն մասին:
Որովհետեւ երկրագունդը արեւուն շուրջ կը դառնայ, ամէն տեղ միաժամանակ առտու (կամ գիշեր) չ՛ըլլար: Հետեւաբար մեր մոլորակը բաժնուած է ժամային տարբեր գօտիներու: Երբ գօտիի մը մէջ կէս գիշեր է, ուրիշ ժամային գօտիի երկրի մը մէջ կրնայ տակաւին նախօրեակը ըլլալ:
Այս վիճակը յստակացնելու համար աշխարհի երկիրները 1884 թուականին որոշեցին նշել մեկնակէտ մը մոլորակին վրայ` ամբողջ աշխարհի ժամերը ստանալու համար: Եւ որովհետեւ ճամբորդութեան բազմաթիւ քարտէսներ կը գործածէին Կրինուիչի միջօրէականը իրենց դիրքը նշելու ժամանակին եւ վայրին մէջ, այս «գիծը» պահուեցաւ իբրեւ դիրքորոշման մեկնակէտը:
* * *
Սակայն ի՞նչ է միջօրէականը… Միջօրէականները երեւակայական գիծեր են, որոնք երկրագունդը ուղղահայեաց կերպով կը կտրեն հիւսիսէն հարաւ: Մարդիկ այս գիծերը հաստատած են մեզի օգնելու նախ եւ առաջ վայրի մը մէջ (յատկապէս` նաւաստիներուն համար), եւ ապա ժամանակի մէջ մեր դիրքը նշելու համար գոյութիւն ունի նաեւ հորիզոնական երեւակայական գիծ մը, որ երկրագունդը կը կտրէ արեւելքէն արեւմուտք, որ նոյնպէս կ՛օգնէ դիրք մը նշելու համար: Այս գիծը հասարակածն է:
Գոյութիւն ունին 360 միջօրէականներ, որոնք կ՛ընթանան 0 միջօրէականէն եւ թուագրուած են 0-180 դէպի արեւելք (դէպի աջ), եւ 0-180` դէպի արեւմուտք (դէպի ձախ): Համաձայնուած է, որ 0 միջօրէականը Կրինուիչինն է, որ կ՛անցնի Անգլիոյ մայրաքաղաք Լոնտոնէն: Ան կը նշուի` իբրեւ UTCO գօտի: Աշխարհի բոլոր ժամերը կը հաշուըուին այդ կէտէն սկսելով:
Դէպի արեւելք ժամերը կ՛աւելնան, + 1 ժամ, + 2 ժամ…
Դէպի արեւմուտք մենք ետ կ՛երթանք` – 1 ժամ, – 2 ժամ…
Սակայն ուշադրութի՛ւն: Ճիշդ է, որ գոյութիւն ունին 360 միջօրէականներ, սակայն բարեբախտաբար մենք իւրաքանչիւր շերտի ժամ չենք փոխեր: Այլապէս աշխարհին վրայ բաւական իրարանցում պիտի տիրէ: Իւրաքանչիւր ժամային գօտի (աշխարհին այն շրջանները, ուր ժամը նոյնն է) կը համախմբէ միջին հաշուով` 15 միջօրէականներ:
Հետեւաբար գոյութիւն ունին 24 ժամային գօտիներ, եւ անոնցմէ իւրաքանչիւրը կը նշէ օրուան ընթացքին յատուկ ժամ մը:
Ժամերը հասկնալու համար կ՛ըսուի, որ շրջան մը կը գտնուի «UTC+1», «UTC+2»…-ի մէջ: UTC անուանումը համաձայնեցուած է անգլերէնի եւ ֆրանսերէնի միջեւ. ան կը նշէ Universel Time Coordinated եւ Universel Temps Coordonné անուանումը: Հետեւաբար իւրաքանչիւր ժամային գօտի մէկ ժամ տարբերութիւն ունի դրացի գօտիին հետ: Այս ձեւով, օրինակի համար, Լիբանանի մէջ մեր ժամը UTC+3 է ժամը, իսկ Հայաստանի մէջ` UTC+4:
Ճիշդ է, որ սկզբունքով գոյութիւն ունին 24 ժամային գօտիներ, սակայն գիտէի՞ր, թէ իրականութեան մէջ կարգ մը երկիրներ ընտրած են քիչ մը տարբեր ժամեր… ինչպէս, օրինակի համար, + 30 վայրկեան: Հետեւաբար աշխարհի վրայ գոյութիւն ունին 24-էն քիչ մը աւելի ժամային գօտիներ:
* * *
Երբ մենք քարտէս մը ուսումնասիրենք, պիտի նշմարենք, որ միջօրէականները միշտ ուղիղ գիծի մը չեն հետեւիր: Կարգ մը երկիրներ որոշած են իրենց ամբողջ տարածքին վրայ ունենալու նոյն ժամը: Մինչ ուրիշ երկիրներ որդեգրած են տարբեր ժամային գօտիներու դրութիւնը: Այս տարբեր ժամային գօտիներու դրութիւնը որդեգրած երկրին առաջնութիւնը տրուած է Ֆրանսայի, որ ծովերէն անդին իր ունեցած հողերուն պատճառով ունի 13 տարբեր ժամային գօտիներ: Երկրորդ կարգին վրայ կու գան Միացեալ Նահանգները եւ Ռուսիան. անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իրարու հետեւող 11 տարբեր ժամային գօտիներ: Այս երկու երկիրները շատ ընդարձակ են:
* * *
Այս պատճառով է, որ, ինչպէս մենք տեսանք անցեալ շաբթուան սիւնակին մէջ, Քիրիպասի Լայն (գիծ) կղզիները քարտէսին վրայ ամէնէն աջ կողմը` Խաղաղական ովկիանոսին մէջ գտնուող այս շրջանը առաջինը ընդունեց Նոր տարին: Հոն ժամը UTC+14 է:
Այս սահմանին միւս ծայրի ամէնէն վերջին ժամային գօտին, որ կ՛արձանագրէ UTC-12 ժամ, կը նշէ նաեւ «թուականի փոփոխութեան գիծը»: Այս ձեւով, այս տարի, Նոր տարին ընդունող վերջին բնակիչները եղան Խաղաղական ովկիանոսի մէջ Սամօա եւ Նիու կղզիները: Իսկ երկրագունդին ժամերով ամէնէն հեռու գտնուող, սակայն աշխարհագրական գետնի վրայ իրարու «դրացի» այս երկու վայրերուն` Քիրիպաս եւ Սամօա ու Նիւ կղզիներուն միջեւ ժամի տարբերութիւնը 25 ժամ է:
Գիտէի՞ր, Թէ
«Կինես» Մրցանիշերու Գիրքը
70 Տարեկան Է
Գիտէի՞ր, թէ «Կինես» մրցանիշերու գիրքը առաջին անգամ լոյս տեսած է 1955 թուականին: Անոր գաղափարը ծնած է, երբ որսորդութեան արշաւէ մը ետք բարեկամներու միջեւ վէճ մը կը սկսի` փնտռելով ամէնէն արագ թռչունի տեսակը: Վէճը եզրակացութեան մը չի յանգիր:
Ժամանակի ընթացքին «Կինես»-ի մրցանիշերու գիրքէն աւելի քան 155 միլիոն օրինակներ ծախուած են: Ան կը տպուի 30 տարբեր լեզուներով:
Հետեւաբար այս դասական դարձած գիրքը իր 2025-2026 տարուան հրատարակութեան մէջ ո՛չ միայն նոր մրցանիշեր պիտի յայտարարէ, այլ նաեւ պիտի ներկայացնէ յետահայեաց երեւոյթներ:
Այս վերջին թիւին նորութիւնները շատ են: Անոնցմէ յիշենք քանի մը հատը, որոնցմէ բաժին մը արձանագրուած է նաեւ Լիբանանի մէջ:
– Աշխարհի ամէնէն մեծ կենդանի ջուրի գոմէշը, որ կ՛ապրի Թայլանտի մէջ. անոր մեծութիւնը կը հասնի 1 մեթր եւ 85 սմ:
– Միացեալ Նահանգներու բնակիչներէն մէկուն «Քրոքս» հողաթափերու հաւաքածոն, 3569 զոյգ:
– Չինաստանի մէջ ստնաւորի մը ամէնէն մեծ պանիրէ արձանը` 1 մեթր եւ 73 սմ մեծութիւն ունեցող կով մը:
– Լիբանանի Ռումիէ շրջանին մէջ բնական օճառներով շինուած ամէնէն մեծ Կաղանդի ծառը, որուն հասակը կը հասնէր 2,5 մեթրի եւ կը կշռէր քանի մը թոն:
– Ամէնէն երկար տեւող Կաղանդի համերգը, որ տեղի ունեցաւ 16-23 դեկտեմբեր Քֆարտպիան շրջանին մէջ, որուն ընթացքին իրարու հետեւեցան 135 երգչախումբեր` անդադար երգելով 170 ժամ, այսինքն` 7 հետեւողական օրեր, 200 երաժիշտներու ընկերակցութեամբ:
Ժամանց
Թիւերը իրարու միացուր 1 – 124` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս ամբողջացնել եղջերուին պատկերը` գործածելով բոլոր պզտիկ բաժինները:
Քանի՞ նմուշ կրնաս գտնել իւրաքանչիւր առարկայէն:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:









