Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

January 17, 2026
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Ուղղուինք դէպի քարտէսին վրայ ամէնէն արեւելքը գտնուող երկիրը` Քիրիպասի Հանրապետութիւնը: Իսկ գիտէի՞ք, թէ ան միշտ Նոր տարին դիմաւորող առաջին երկիրը կ՛ըլլայ:

Քիրիպաս, բազմաթիւ կղզիներէ կազմուած հանրապետութիւն մըն է: Այս Հանրապետութիւնը բաղկացած է 33 կղզիներէ: Ան կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ եւ ունի միայն 810 քառակուսի քմ տարածք: Այս ձեւով ան աշխարհի վրայ ամէնէն փոքր երկիրներէն մէկը կը համարուի:

Սակայն, եթէ մենք հաշուենք նաեւ ծովային տարածքները, Հանրապետութեան ընդհանուր տարածքը շատ ընդարձակ է` 3,5 միլիոն քառակուսի քմ), որուն մէջ սփռուած են 33 կղզիները: Ան իսկական դրախտ մըն է ծովու սիրահարներուն համար:

* * *

Քիրիպասի կղզիները բաժնուած են երեք մեծ խումբերու:

– ժիլպեր կղզիները Քիրիպասի կենդանի սիրտը:

Անոնք կը գտնուին երկրին արեւմուտքը. հոն է, որ կը գտնուի մայրաքաղաքը` Թարաուա-Սուտ, եւ ուր կ՛ապրի բնակչութեան մեծ մասը: Անոնք ամէնէն շարժուն կղզիներն են: Անոնք կազմուած են բնական նիւթերով, գլխաւորաբար փայտէ եւ հնդկաընկոյզի ծառերու տերեւներով շինուած տուներով գիւղերէ:

– Ֆինիքս կղզիները` պահպանուած բնական գանձ մը:

Ֆինիքս կղզիները կը գտնուին Քիրիպասի կեդրոնը, սակայն անոնք ամէն ինչէ հեռու են, մեկուսացուած միւս կղզիներէն: Գրեթէ ո՛չ մէկ բնակիչ ունին կղզիները: Անոնք դասաւորուած են իբրեւ պահպանուած շրջան, որովհետեւ օժտուած են շատ հարուստ բնական միջավայրով մը:

Հոն կարելի է հանդիպիլ բուստի հսկայական ժայռերու, բազմաթիւ կրեաներու եւ շանաձուկերու, ինչպէս նաեւ` թռչունի հազարաւոր տեսակներու: Ֆինիքս կղզիները կը համարուին աշխարհի ամէնէն մեծ ծովային բնական «պարտէզներէն» մէկը:

– Լայն (գիծ) կղզիները, որոնք առաջինը դիմաւորեցին 2026 թուականը:

Լայն կղզիները կը գտնուին Հանրապետութեան արեւելքը: Անոնց անունը` լայն, այսինքն` գիծ, եկած է «թուականը փոխելու գիծէն» (ասոր մասին պիտի կարենաս կարդալ յաջորդ թիւին մէջ): Այս կղզիներու խումբին ամէնէն մեծ կղզին Քիրիթիմասն է, որ աշխարհի բուստերու ամէնէն մեծ ժայռերով կազմուած կղզին է. աւելի քան 300 քառակուսի քմ ցամաք` շրջապատուած ջուրի տարածքներով: Իսկական դրախտ մը:

Այս կղզին Նոր տարուան հերոսուհին է: Ան աշխարհի առաջին վայրն է, որ կը դիմաւորէ Նոր տարին: Հետեւաբար անոր բնակիչները եղան 2026-ի արեւը տեսնող առաջին անձերը եւ առաջինը տօնեցին Նոր տարին: Սակայն այս կղզիին մէջ մեծ տօնակատարութիւններ եւ հրավառութիւններ չկան, ինչպէս` մեծ քաղաքներու մէջ: Հոն Նոր տարուան ժամանումը կը տօնուի երգերով, պարերով եւ ընտանեկան հաւաքոյթներով: Իւրաքանչիւր գիւղ կը կազմակերպէ իր արարողութիւնները, եւ բոլորը միասին կը տօնեն Նոր տարուան գալուստը:

* * *

Երաժշտութիւն Եւ Սովորութիւններ

Քիրիպաս երկիր մըն է, որուն ժողովուրդը շատ հպարտ է իր աւանդութիւններով:

Համանքային կեանքը էական է բնակիչներուն համար. բոլորը իրարու կ՛օգնեն եւ միասին կ՛ապրին: Իւրաքանչիւր գիւղի մէջ գոյութիւն ունի մանաապա մը` հաւաքուելու մեծ տուն մը, ուր գիւղացիները կը հաւաքուին գիւղին վերաբերեալ որոշումներ կայացնելու, ինչպէս նաեւ խորհրդակցելու, երգելու եւ պարելու համար:

Կեդրոնական տարր մը կը կշռութաւորէ բնակիչներուն կեանքը. ան ծովն է: Բնակիչները շատ ձկնորսութիւն կ՛ընեն: Անոնք գլխաւորաբար խորոված ձուկ կ՛ուտեն, ինչպէս նաեւ` հնդկաընկոյզ, պանան եւ թարօ, որ արմատ բանջարեղէն մըն է: Քիրիպասի գլխաւոր աւանդական ճաշը փալու սամին է: Ան տերեւներով փաթթուած թարօ է, հնդկաընկոյզի քրեմով, եւ շոգիով եփուած:

Քիրիպասցիներուն կեանքին մէջ կարեւոր տեղ ունին երաժշտութիւնը եւ պարը: Անոնց աւանդական երաժշտութիւնը կը նուագուի բնական տարրերով շինուած գործիքներով, ինչպէս` թմբուկը: Անոնց երգերը եւ պարերը կը ներշնչուին բնութեան, ծովուն, թռչուններուն եւ առօրեայ կեանքի պատմութիւններէն:

* * *

Աշխարհի Մէջ Իւրայատուկ Բնութիւն Մը

Քիրիպաս իսկական դրախտ մըն է բնութեան բոլոր սիրահարներուն. հոն կարելի է հանդիպիլ անասուններու տեսակներու, որոնք միայն այդ շրջաններուն մէջ կ՛ապրին, ինչպէս, օրինակի համար, պոքիքոքիքոն, որ շատ անուշիկ փոքրիկ թռչուն մըն է:

Քիրիպաս ամբողջ աշխարհին մէջ ճանչցուած է նաեւ բացառիկ ընդծովեայ միջավայրով եւ պարապ, հանդարտ, մեծ քաղաքներէն հեռու ծովափներով:

* * *

Գիտէի՞ր, Թէ…

– Ճիշդ է, որ այս Հանրապետութիւնը կը կոչուի Քիրիպաս, սակայն ան կը գրուի Քիրիպաթի, որովհետեւ տեղական լեզուով «թի» կը ներկայացնէ «ս» հնչիւնը:

– Տեղական լեզուն ժիլպերթերէնն է, իսկ կղզիներուն մէջ կը խօսուին ժիլպերթերէն եւ անգլերէն:

– Քիրիպաս եղաւ աշխարհի առաջին երկիրը, որ դիմաւորեց 2026 թուականը, մինչ աշխարհի միւս ծայրը Նոր տարին տօնող վերջին բնակիչները զայն կը դիմաւորէին 25 ժամ ետք:

Ժամանց

Կէտերը իրարու միացուր 1-69` յայտնաբերելու համար պահուած պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել իւրաքանչիւր ձեւի համապատասխան տեղ`
ամբողջացնելու համար պատկերը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Նախորդը

Յայտարարութիւններ (16 Յունուար 2026)

Յաջորդը

Առօրեայ Մտորումներ

RelatedPosts

Սպասելով Ս. Ծնունդը…
Մանկապատանեկան

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

January 3, 2026
Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է
Մանկապատանեկան

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

December 27, 2025
Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)
Մանկապատանեկան

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

December 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.