Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Շատեր վստահաբար արդէն սկսած են գրելու Կաղանդ պապային իրենց նամակը եւ անհամբեր կը սպասեն անոր այցելութեան: Հետեւաբար ուղղուինք դէպի Հիւսիսային բեւեռ` ֆինլանտական Լափոնիի մէջ գտնուող Ռովանիեմի քաղաքը, ուր կը գտնուի Կաղանդ պապային գիւղը:
* * *
Ռովանիեմի ֆինլանտական Լափոնիի ո՛չ պաշտօնական մայրաքաղաքն է: Ան կը գտնուի հիւսիսեւրոպական Ֆինլանտա երկրին ամէնէն հիւսիսային շրջանը, հոն կը բնակին 62-65 հազար անձեր: Հոն ձմեռը ջերմաստիճանը կրնայ մինչեւ -25 աստիճան իջնել:
Ռովանիեմին ճանչցուած է իբրեւ Կաղանդ պապային պաշտօնական բնակութեան վայրը, եւ այս պատճառով ան մեծ թիւով զբօսաշրջիկներ կը գրաւէ: Ամէն տարի մօտաւորապէս 500 հազար անձեր կ՛այցելեն 7.582 քառ. քմ տարածք ունեցող այս քաղաքը: Պէտք է ըսել, որ այս շրջանը իսկապէս բազմաթիւ հրապուրիչ վայրեր ունի: Հոն կարելի է զմայլիլ սքանչելի բնական երեւոյթներուն վրայ, համտեսել համեղ տեղական ճաշեր եւ օգտուիլ ձիւնին մէջ պտոյտներէ:
* * *
Անշուշտ բնական երեւոյթներուն առաջին հերթին կու գան հիւսիսային բնական երկնքի լոյսերը եւ անոնց սքանչելի ալիքաւոր շարժումները: Այս տեսարանները կարելի է տեսնել յատկապէս Ֆինլանտայի հիւսիսը օգոստոս ամսուն եւ ապրիլ ամսուն վերջաւորութեան: Մինչ ամառը հոն կարելի է ներկայ գտնուիլ կէս գիշերի արեւի երեւոյթին: Այդ ամառնային շրջանին արեւը անդադար երկնքին մէջ կը մնայ 24 ժամ 24 ժամի վրայ, առանց մար մտնելու:
Եթէ ուտել կը սիրես, կրնաս նաեւ նոր համերու ծանօթանալ Ռովանիեմիի մէջ: Ան կը համարուի հիւսիսի խոհագիտութեան մայրաքաղաքը: Հոն կարելի է համտեսել պզտիկ խորոված ձուկեր, եւ նոյնիսկ սունկերով եւ պզտիկ գնդիկի ձեւով պտուղներով եփուած եղջերուի միս:
Իսկ եթէ կը սիրես բնութեան մէջ պտոյտները եւ ժամանցները, հոն շատ ուրախ պիտի ըլլաս: Ռովանիեմիի մէջ կարելի է այցելել Կաղանդ պապային գիւղը, կամ եղջերուներու ագարակ մը: Կարելի է նաեւ շուներու կողմէ քաշուած սահնակներով երկար պտոյտներ կատարել ճերմակ բնութեան մէջ, ձիւնին մէջ քաշել յատուկ ռաքեթի ձեւով «կօշիկներով», սառած լիճի մը վրայ ձկնորսութիւն ընել…
Քաղաքին մէջ կարելի է նաեւ այցելել բազմաթիւ հետաքրքրական վայրեր եւ սքանչելի յիշատակներ ամբարել յիշողութեանդ մէջ, Կաղանդ պապային գրասենեակը, հասքիներու հանրային պարտէզը, պահպանուած բնական շրջաններ, ինչպէս` Քորուոմա, Ռիսիթունթրի եւ Ուլանքա:
Սակայն, եթէ այս տեղեկութիւնները քեզ ներշնչեցին եւ ուզեցիր ուղղուիլ դէպի հիւսիս, մի՛ մոռնար հետդ շատ հաստ եւ տաքուկ հագուստներ տանիլ:
Ձեռային Աշխատանք
Կաղանդի Պատրաստութիւններ (1)
Վստահաբար արդէն սկսած էք մտածելու Կաղանդի մասին, ծառը պատրաստ է, ինչպէս նաեւ` Կաղանդ պապային նամակը: Ահա երկու ձեռային աշխատանքներ` տան մէջ տօնական մթնոլորտը հարստացնելու համար:
* * *
– Զարդարանքի պսակներ

Այս ձեռային աշխատանքին համար պարզապէս պէտք ունիս թուղթերու` ճերմակ կամ գունաւոր: Կրնաս բազմաթիւ օրինակներ պատրաստել, սակայն սկզբունքը միշտ նոյնն է. թուղթը ծալել ձեռնադաշնակի նման, ինչպէս նշուած է պատկերին մէջ: Ապա, կողքի բաժինին վրայ, ճիշդ ծալուած կողմին փակած գծէ ընտրած օրինակդ, կտրէ: Երբ բանաս, պիտի ստանաս զարդարանքի պսակ մը, զոր կրնաս գործածել զարդարելու համար սենեակիդ դուռը, պատուհանները, կամ նոյնիսկ` Կաղանդի ծառը: Եթէ ճերմակ թուղթ գործածեցիր անոնց համար, կրնաս իւրաքանչիւրը գունաւոր մատիտներով ներկել եւ մանրամասնութիւնները աւելցնել:
– Մօրուքաւոր Կաղանդ պապա
Այս մօրուքաւոր Կաղանդ պապային պատրաստութիւնն ալ շատ պարզ է: Ճերմակ թուղթին վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային դէմքը եւ մօրուքը:
Իւրաքանչիւր Կաղանդ պապայի համար կրնաս տարբեր մօրուք մը պատրաստել: Ապա գունաւոր թուղթի մը վրայ գծէ եւ կտրէ Կաղանդ պապային դէմքին լայնքով երկար եռանկիւն մը, որուն սուր ծայրը պիտի ծալես եւ վրան ճերմակ կլորակ մը փակցնես: Վերջապէս, գլխարկները փակցուր Կաղանդ պապայի դէմքերուն վրայ:
Կարանդ պապաները պատրաստ են զարդարելու եւ տօնական մթնոլորտին մասնակցելու տանդ մէջ:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած բեւեռային արջը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:








