Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Նոյեմբեր 15, 2025
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Շաբաթ, 1 նոյեմբերին մեծ հանդէս մը կազմակերպուած էր Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ` նոր թանգարանին բացումը նշելու համար: Այս մեծ թանգարանը կառուցուեցաւ Կիզէի նշանաւոր բուրգերուն մօտ: Հսկայական արդի այս կառոյցը շինուած է քարով եւ ապակիով` ամէնէն լաւ ձեւով ներկայացնելու համար Եգիպտոսի մէջ գտնուած հազարաւոր հնագիտական առարկաները` արձաններ, գործիքներ, գոհարեղէններ, մոմիաներ… Հոն է, որ նաեւ նոր միջավայրի մը մէջ կը ցուցադրուին 100 տարիներ առաջ գտնուած Թութանխամոն փարաւոնին գերեզմանին մէջի գանձերը:

Ո՞վ Է Թութանխամոն

Թութանխամոն փարաւոն մըն էր, որ Եգիպտոսի մէջ ապրած է աւելի քան 3000 տարիներ առաջ: Մօտաւորապէս 9 տարեկանին ան գահ կը բարձրանայ եւ խորհրդաւոր մահ մը կ՛ունենայ 18-19 տարեկանին: Նման կարճ թագաւորութենէ մը ետք, իր կեանքէն շատ քիչ հետքեր ձգած է:

Հակառակ ասոր, անոր անունը ծանօթ կը դառնայ ամբողջ աշխարհին մէջ` շնորհիւ 1922 թուականին իր գերեզմանին մէջ գտնուած հսկայական գանձին, որ աշխարհի մէջ գտնուած ամէնէն մեծ հնագիտական հետքերէն մէկն է: 1922-ին է, որ անգլիացի հնագէտ Հաուըրտ Քարթըր պեղումներ կը կատարէ Թագաւորներու հովիտին մէջ, ուր թաղուած են մեծ թիւով փարաւոններ: Հոն կը յայտնուի ժայռին մէջ փորուած աստիճան մը, որ կ՛իջնէ դէպի դուռ մը, անոր ետեւը` թագաւորական գերեզմանը…

Քարթըր եւ իր խումբը կը մտնեն գերեզմանին մէջ եւ կը գտնուին անհաւատալի գանձի մը առջեւ, ինչպէս իր ժամանակաշրջանի բոլոր իշխողները, Թութանխամոն նաեւ թաղուած էր առարկաներու մեծ հաւաքածոյով մը, այդ առարկաները իրեն պիտի ընկերանային մահէն ետք, հազարաւոր գոհարեղէններ, անօթներ, արձաններու որոնք շատ լաւ վիճակի մէջ պահուած էին բազմաթիւ սենեակներէ կազմուած գերեզմանին մէջ:

Այդ սենեակներէն մէկուն մէջ կը գտնուի թագաւորին մոմիան, որ կը հանգչի սքանչելի ոսկի դիմակով մը, իրարու մէջ դրուած չորս տարբեր դագաղներու մէջ: 10 տարուան աշխատանք պահանջուեցաւ այդ գերեզմանին մէջ գտնուած իւրաքանչիւր առարկան նկարելու, թուագրելու, չափելու եւ նորոգելու համար:

Ճիշդ է, որ Թութանխամոնին գերեզմանը գտնուեցաւ նոյեմբեր 1922-ին, սակայն 3 տարի ետք է` 28 հոկտեմբեր 1925-ին, որ փարաւոնին մոմիան պահպանող դագաղը բացուեցաւ:

***

Թութանխամոնի գանձին 4500 առարկաները այսուհետեւ պիտի ցուցադրուին եգիպտական Մեծ թանգարանին մէջ` ուրիշ 100 հազար եգիպտական հնախօսական առարկաներու կողքին:

Թութանխամոնին գանձը

Թութանխամոն 18-րդ թագաւորական ընտանիքին նախավերջին փարաւոնն էր: Ան ծնած է ՔԱ 1354-ի շուրջ: Ան գահ կը բարձրանայ 9-10 տարեկանին: Անոր փոքր տարիքին պատճառով 2 ուրիշ անձեր կ՛իշխեն Եգիպտոսի վրայ. ան, որ վարչապետի մը պէս կը բանի, եւ Հորեմհեպ, որ բանակներուն հրամանատարն է:

Երբ Հաուըրտ Քարթըր կը գտնէ գերեզմանատան մուտքը եւ կ՛իջնէ աստիճաններէն վար, ան կը յայտնուի երկաթէ գոց դուռի մը առջեւ, որուն վրայ դրուած էր Թութանխամոնի կնիքը: Աշխատաւորները կը ծակեն դուռը եւ կը յայտնուին 7 մեթր երկարութեամբ անցքի մը մէջ, ուր դիզուած են գաւաթներ, անօթներ… Ապա անցքին վերջաւորութեան կը յայտնուի երկրորդ դուռ մը: Քարթըր ծակ մը կը բանայ անոր մէջ եւ անոր ընդմէջէն կը տեսնէ անկողիններ, արձաններ… Ընդամէնը 650 առարկաներ իրարու վրայ դիզուած` մինչեւ առաստաղ:

Այս սենեակէն ետք կու գայ յուղարկաւորութեան սենեակը: Անոր մեծութիւնը 6,40 մեթրով 4 մեթր է եւ կը պարունակէ 4 խորաններ ու ոսկիով զարդարուած սնտուկներ: Հոն նաեւ կը գտնուին իրարու մէջ անցած 3 դագաղները, իսկ չորրորդին մէջ, որ ամբողջովին ոսկի է եւ աւելի քան 110 քիլօ կը կշռէ, կը գտնուի փարաւոնին մոմիան: Այս դագաղը կը բացուի 1925-ին` բացայայտելով փարաւոնին մարմինը, որուն դէմքը ամբողջովին ծածկուած է 10 քիլօ կշռող ոսկիէ դիմակով մը, իսկ անոր մարմինը զարդարուած է 143 գոհարեղէններով:

 

Վերջապէս, կը յայտնուի վերջին սենեակը, որ կ՛անուանուի «Գանձին սենեակը»: Անոր մէջ կը գտնուին մեծ թիւով սքանչելի առարկաներ` գաւաթներ, անօթներ, ոսկեղէններէն եւ գոհարեղէններով լեցուն գանձեր եւ արձաններ: Հսկայական շքեղ սնտուկի մը մէջ կը գտնուին անօթներ, որոնց մէջ պահուած են փարաւոնին գործարանները:

Հսկայական Սարդոստայն Մը
Քարայրի Մը Մէջ

Գիտնականներ հսկայական սարդոստայն մը գտած են քարայրի մը մէջ, Յունաստանի եւ Ալպանիոյ միջեւ: Անոր տարածքը կը հասնի աւելի քան 100 քառ. մեթրի (1 քառ. մեթր  = 1 մեթր երկարութեամբ կողմեր ունեցող քառակուսիի մը): Ուսումնասիրութիւններէ ետք յայտնաբերուած է, որ այս հսկայական ոստայնը հիւսուած է բազմաթիւ սարդերու կողմէ եւ իրարու հետ համախմբուած բազմաթիւ ոստայններէ: Այդ վայրին մէջ կը բնակին աւելի քան 110 հազար սարդեր:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
9 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած անջրպետանաւը:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (14 Նոյեմբեր 2025)

Յաջորդը

«Զգուշ» Առողջապահական-Նախազգուշական Պարբերաթերթը Կը Շարունակէ Իր Արդիւնաւէտ Երթը

RelatedPosts

Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը
Մանկապատանեկան

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Նոյեմբեր 8, 2025
Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը
Մանկապատանեկան

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Հոկտեմբեր 25, 2025
Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը
Մանկապատանեկան

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?