Մանկապատանեկան

Դէպի Օօրուս Աշխարհի Ամէնէն Երջանիկ Քաղաքներէն Մէկը

Դէպի Օօրուս Աշխարհի Ամէնէն Երջանիկ Քաղաքներէն Մէկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գարնանային այս առաջին օրերուն, քիչ մը մթնոլորտ փոխելու համար ուղղուինք դէպի Դանիոյ երկրորդ ամէնէն մեծ քաղաքը` Օօրուս, ուր կեանքը բաւական հանդարտ է: * * * Օօրուս կը գտնուի Եւրոպայի հիւսիսը եւ ունի աւելի քան 370 հազար բնակիչ: Ան ծովեզերեայ քաղաք մըն է եւ ունի նաւահանգիստ մը: Ան շատ ծանօթ քաղաք մը չէ, սակայն անոր կեանքի որակը...

«Ալեֆ»` Առաջին Թռչող Ինքնաշարժը

«Ալեֆ»` Առաջին Թռչող Ինքնաշարժը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Թռչող ինքնաշարժները հին ժամանակներէն  արդէն յայտնուած են ճարտարագէտներուն կամ նոյնիսկ երազկոտ անձերու երեւակայութեան մէջ: 1894-ին, ամերիկացի-անգլիացի հնարող Հիրամ Մաքսիմ այս գաղափարը աւելի իրական դարձուց երեւակայելով եւ գծելով չորս անիւներով  թռչունի նման մեքենայ մը,  որ թռչելու կարողութիւն ունէր: Մաքսիմի այս երազը վերջապէս իրականութիւն կը դառնայ, շնորհիւ Քալիֆորնիա հաստատուած «Ալեֆ Աէրօնօթիքս» սթարթ-ափ ընկերութեան: Այս ընկերութիւնը հիմնողները` Ճիմ Տուքովնի,...

Չինացիները Նոր Տարին Կը Տօնեն 15 Օրեր Շարունակ

Չինացիները Նոր Տարին Կը Տօնեն 15 Օրեր Շարունակ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Չինացիները, ինչպէս Արեւելեան Ասիոյ բազմաթիւ ժողովուրդներ, կը գործածեն լուսնային օրացոյցը, որ կը հետեւի լուսինի փուլերուն: Այս ձեւով Չինական Նոր տարուան սկիզբը կը զուգադիպի յունուարի եւ փետրուարի վերջաւորութիւններուն միջեւ: Այս տարի ան սկսաւ 17 փետրուարին: Իւրաքանչիւր տարի կը խորհրդանշուի անասունով մը: 2026-ը ձիու տարին է: Չինական օրացոյցը ներկայացնող անասունները 12 հատ են. անոնք իրարու կը հետեւին միշտ...

Լռութեան Վարժութիւն Մը

Լռութեան Վարժութիւն Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Յատկապէս քաղաքներուն մէջ մենք կ՛ապրինք աղմուկով լեցուն կեանք մը: Ան այնքան ներկայ է մեր առօրեային մէջ, որ գրեթէ «սովորութիւն» մը դարձած է: Սակայն դժբախտաբար այդ աղմուկներուն միշտ տիրապետելը մեր կարողութենէն դուրս է: Այս ծիրին մէջ Շուէտի հարաւը գտնուող Սքանիա քաղաքին զբօսաշրջութեան գրասենեակը հետաքրքրական գաղափար մը յղացած է: Ան կազմակերպած է կեցութիւն մը... ամբողջական լռութեան մէջ: Այս...

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը Իտալիոյ Մէջ

Ձմեռնային Ողիմպիական Խաղերը Իտալիոյ Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Փետրուար 6-ին սկսան 28-րդ ձմեռնային Ողիմպիական խաղերը Իտալիոյ Միլանօ եւ Քորթինա տ՛Ամփեզզօ քաղաքներուն մէջ: Այս ձեւով, ձմեռնային այս խաղերը Իտալիա կը վերադառնան երրորդ անգամ ըլլալով, 20 տարի ետք Թուրենի 2006-ի, եւ 70 տարի ետք Քորթինա տ՛Ամփեզզոյի 1956-ի մրցաշարքերէն ետք: Բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Միլանոյի Սան Սիրօ դաշտին մէջ: Այս խաղերուն ընթացքին 16 մարզաձեւերու մրցաշարքերը տեղի պիտի...

Արջուկին Որդեգրած Ձագուկը

Արջուկին Որդեգրած Ձագուկը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շաբաթ մենք պիտի մնանք ձմեռնային մթնոլորտին մէջ, սակայն այս անգամ պիտի ուղղուինք դէպի հիւսիս-արեւմուտք` դէպի Քանատայի Մանիթապա շրջանը: Հոն 1 յունուար 2026-ին մասնագէտները հազուագիւտ եւ ուշագրաւ դէպքի մը ներկայ գտնուած են: Վայրի էգ բեւեռային արջ մը որդեգրած է իրեն անծանօթ ձագ արջուկ մը: Հինգ տարեկան մամա արջը ճանչցուած է իբրեւ X33991 արջը: Ան մաս կը...

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

Ո՞ւր Կը Գտնուի Կրինլենտը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կրնայ ըլլալ, որ այս վերջին շաբաթներուն դուն լսեցիր, որ մարդիկ շատ կը խօսին Կրինլենտին մասին, եւ թէ ինչպէ՛ս Միացեալ Նահանգներու նախագահը կ՛ուզէ, որ Կրինլենտը իրենց երկրին պատկանի` Միացեալ Նահանգները դարձնելով աւելի հզօր երկիր մը: Սակայն ասիկա միակ պատճառը չէ. Կրինլենտը ուրիշ Խաղաղական կէտեր ալ ունի: * * * - Ո՞ւր կը գտնուի Կրինլենտը Ան կը գտնուի...

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

Ինչո՞ւ Գոյութիւն Ունին Ժամի Տարբերութիւնները Երկիր Մոլորակին Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հաւանաբար նշմարած ես, որ Երկիր մոլորակին վրայ, ուր մենք կը գտնուինք, ժամերը ամէն տեղ նոյնը չեն: Այս ձեւով, երբ մենք կը խօսինք հեռու երկիրներ գտնուող ազգականներու կամ բարեկամներու հետ, կը նշմարենք, որ մեր քովը կրնայ կէսօրէ ետք ըլլալ, մինչ անոնց քով կա՛մ առտուն կանուխ, կա՛մ ուշ գիշեր... Այս նոյն պատճառով է նաեւ, որ ամբողջ աշխարհը միասին...

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

Հետախուզենք Քիրիպաս Արշիպեղագոսը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ուղղուինք դէպի քարտէսին վրայ ամէնէն արեւելքը գտնուող երկիրը` Քիրիպասի Հանրապետութիւնը: Իսկ գիտէի՞ք, թէ ան միշտ Նոր տարին դիմաւորող առաջին երկիրը կ՛ըլլայ: Քիրիպաս, բազմաթիւ կղզիներէ կազմուած հանրապետութիւն մըն է: Այս Հանրապետութիւնը բաղկացած է 33 կղզիներէ: Ան կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսին մէջ եւ ունի միայն 810 քառակուսի քմ տարածք: Այս ձեւով ան աշխարհի վրայ ամէնէն փոքր երկիրներէն մէկը...

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

Սպասելով Ս. Ծնունդը…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկու օրէն մեզմէ շատերը պիտի տօնեն Ս. Ծնունդը: Կաղանդի ծառը լուսաւորուած է, մսուրը շտկուած` կը սպասէ Յիսուս Մանուկին յայտնութիւնը: Վերջապէս, մենք անոր շուրջ հաւաքուած եւ մոմիկներ վառած` պիտի երգենք «Խորհուրդ մեծ» եւ զիրար շնորհաւորենք` «Մեծ աւետիս»: * * * Իսկ յաջորդ առտուն մենք եկեղեցի պիտի երթանք` նշելու ո՛չ միայն Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը, այլ նաեւ` անոր մկրտութիւնը,...

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

Նուէրներու Ցանկդ Պատրա՞ստ Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բնականաբար Կաղանդ պապային ուղղուած նուէրներու ցանկը ամէն տարի կը փոխուի` ըստ իւրաքանչիւր փոքրիկի տարիքին: Սակայն կան խաղալիքներ, որոնք տարիներու ընթացքին միշտ շատ սիրուած եւ պահանջուած են: Այս խաղալիքները գլխաւորաբար տարբեր ընկերային խաղերն են: Անոնք յաճախ, ըստ ուսումնասիրութիւններուն, ամէնէն շատ պահանջուած նուէրներու ցանկին առաջին կարգը կը գրաւեն: Սակայն այս տարի այս խաղերը իջած են 5-րդ կարգ, մինչ...

Կաղանդի Մթնոլորտ.  Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը»  (Տը Նաթքրաքըր)

Կաղանդի Մթնոլորտ. Ո՞վ Է «Ընկոյզկոտրիչը» (Տը Նաթքրաքըր)

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Կաղանդի զարդարանքներուն մէջ «ընկոյզկոտրիչը» ունի կարեւոր դիրք մը: Մենք անոր կը հանդիպինք Կաղանդի ծառին վրայ, սեղաններուն վրայ, եւ նոյնիսկ` կարկանդակի ձեւով: Սակայն ուրկէ՞ եկած է ան, ինչպէ՞ս նման կերպար մը դարձած է Կաղանդի սիրելի կերպարներէն մէկը: Նախ եւ առաջ ընկոյզկոտրիչը Կաղանդի հեքիաթի մը գլխաւոր կերպարն է: Ան կախարդական հերոսն է գերմանական Կաղանդի հեքիաթի մը` գրուած Էռնեստ...

Ռովանիեմի` Կաղանդ Պապային Պաշտօնական Բնակութեան Վայրը Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ

Ռովանիեմի` Կաղանդ Պապային Պաշտօնական Բնակութեան Վայրը Հիւսիսային Բեւեռին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Շատեր վստահաբար արդէն սկսած են գրելու Կաղանդ պապային իրենց նամակը եւ անհամբեր կը սպասեն անոր այցելութեան: Հետեւաբար ուղղուինք դէպի Հիւսիսային բեւեռ` ֆինլանտական Լափոնիի մէջ գտնուող Ռովանիեմի քաղաքը, ուր կը գտնուի Կաղանդ պապային գիւղը: * * * Ռովանիեմի ֆինլանտական Լափոնիի ո՛չ պաշտօնական մայրաքաղաքն է: Ան կը գտնուի հիւսիսեւրոպական Ֆինլանտա երկրին ամէնէն հիւսիսային շրջանը, հոն կը բնակին 62-65 հազար...

Հետաքրքրական.  Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ

Հետաքրքրական. Առաջին Անգամ Ըլլալով` Մժեղներ Իսլանտայի Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Առաջին անգամ ըլլալով մժեղներ նշմարուած են իսլանտական բնութեան մէջ: Մինչեւ այս թուականը հիւսիսային Եւրոպայի այս երկրին մէջ խայթող այս փոքրիկ միջատները գոյութիւն չունէին: Հետեւաբար, ի՞նչ փոխուած է... * * * Մինչեւ այսօր Իսլանտա աշխարհի հազուագիւտ երկիրներէն էր, ուր խայթող այս միջատները մուտք չէին գործած: Երկու էգ եւ մէկ արու` երեք մժեղներ գտնուած են Ռեյքիաւիք մայրաքաղաքին մօտաւորապէս 30...

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

Ինչի՞ Կը Ծառայեն Յուզումները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Յուզում մը մարմնին ինքնագործ եւ շատ արագ հակազդեցութիւն մըն է իրավիճակի մը առջեւ: Մենք կը զգանք` ուրախութիւն, վախ, տխրութիւն, անախորժութիւն, բարկութիւն, կամ կը գտնուինք անակնկալի առջեւ: Այս յուզումները մեզի կ՛օգնեն ապրելու: Անոնք մեզի տեղեակ կը պահեն վտանգներու պարագային, կամ երբ կը գտնուինք մեզի օգտակար դարձող պարագայի մը առջեւ: Անոնք մեր ուղեղին եւ մարմնին ահազանգ մը կը ղրկեն`...

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

Վարդագոյն Եւ Ջինջ Իւրայատուկ Ադամանդ Մը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ափրիկէի հարաւը Պոսթուանիա երկրին մէջ գտնուող Քարուէ հանքը նշանաւոր է իր արտադրած մեծ եւ շատ որակաւոր ադամանդներով: Հոն գտնուած են 1758 քարաթ Սէուէլօ եւ 2492 քարաթ Մոթցուէտի (որ մինչեւ այժմ գտնուած երկրորդ ամէնէն մեծ ադամանդն է) ադամանդները: Սակայն հոկտեմբեր 15-ին գտնուած ադամանդը գրաւեց աշխարհի չորս կողմերէն թանկագին քարերու մասնագէտները եւ հաւաքորդները: Ան 37,41 հազար քարաթ կը կշռէ,...

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Թութանխամոն Եգիպտոսի Նոր Թանգարանին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Շաբաթ, 1 նոյեմբերին մեծ հանդէս մը կազմակերպուած էր Եգիպտոսի մայրաքաղաք Գահիրէի մէջ` նոր թանգարանին բացումը նշելու համար: Այս մեծ թանգարանը կառուցուեցաւ Կիզէի նշանաւոր բուրգերուն մօտ: Հսկայական արդի այս կառոյցը շինուած է քարով եւ ապակիով` ամէնէն լաւ ձեւով ներկայացնելու համար Եգիպտոսի մէջ գտնուած հազարաւոր հնագիտական առարկաները` արձաններ, գործիքներ, գոհարեղէններ, մոմիաներ... Հոն է, որ նաեւ նոր միջավայրի մը մէջ...

Հետաքրքրական.  300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Հետաքրքրական. 300 Տարուան Գանձ Մը` Գտնուած Ովկիանոսին Խորերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս ամառ Միացեալ Նահանգներու հարաւը մասնագէտներ իսկական գանձ մը գտած են Ատլանտեան ովկիանոսին խորերը, 1000 արծաթէ դրամներ, 5 ոսկիէ դրամներ եւ քանի մը  ոսկիէ առարկաներ: Շատ արժէքաւոր գանձ մը: Սակայն այս կտորները պարզապէս մէկ մասն են աւելի մեծ գանձի մը, որ կը փոխադրուէր Ամերիկայէն մինչեւ Սպանիա բազմաթիւ նաւերու միջոցով, որոնք դժբախտաբար կ՛ընկղմին 1715 թուականին: Այս արծաթի եւ...

Աշնան Փառատօներ.  Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Աշնան Փառատօներ. Լուսնի Լոյս Եւ Անուշեղէն, Չինական Աշնանային Փառատօնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամէն աշնան միլիոնաւոր անձեր աշխարհի չորս կողմը կը նշեն աշնան փառատօնը: Այս տօնը ճանչցուած է նաեւ Լուսնային անուշեղէնի փառատօն անունով, եւ ան Չինաստանի ամէնէն հին եւ ամէնէն շատ սիրուած տօներէն մէկն է Լուսնային նոր տարուան տօնէն ետք: Այս տօնը կը զուգադիպի չինական օրացոյցին 8-րդ ամսուան 15-րդ օրը եւ միշտ տեղի կ՛ունենայ հունձքի լուսնին օրը, երբ փայլուն լիալուսին...

Այժմէական.  Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Այժմէական. Աշխարհի Ամէնէն Բարձր Կամուրջը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աշխարհի ամէնէն բարձր նոր կամուրջին բացումը կատարուեցաւ 28 սեպտեմբերին: Անիկա կը գտնուի Չինաստանի հարաւ-արեւմուտքը, Կիզուի լեռներով ծածկուած շրջանին մէջ: Անոր շինութիւնը մեծ իրագործում մը կը համարուի: - 625 մեթր բարձրութիւն Պէյփանճիանկի կամուրջը կը գտնուի 625 մեթր բարձրութեան վրայ: Անիկա կախուած կամուրջ մըն է. այսինքն կանգնած կը մնայ շնորհիւ շատ տոկուն մետաղեայ լարերուն, որոնք իրենց կարգին կախուած են...

Page 2 of 25 1 2 3 … 25

Արխիւներ