Մարզական

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. Լիբանան Տիրացաւ 2 Արծաթ Եւ 2 Պրոնզ Մետալի

Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի մարզիկները, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին Միջերկրականեան երկիրներու 2-րդ ախոյեանութեան, 4 մետալի տիրացան Անթալիոյ մէջ, յայտնեց Լիբանանի Քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կայքը: Լիբանանի համար արծաթ մետալներ ապահովեցին Պահզատ Քարամ եւ Նաժուա Իսա, իսկ պրոնզ մետալներ` Փաթրիսիա Նըսէյր եւ Միշել Զըմմար: Այս ախոյեանութեան մասնակցեցան տասը երկիրներ, որոնց կարգին` Ֆրանսա, Իտալիա, Թունուզ, Պոսնիա եւ Սուրիա: Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութիւնը...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Պիպլոս – Լուէյզի` 88-73

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Պիպլոս, որ հիւրընկալեց Լուէյզին, 88-73 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց` չորս քորթըրներուն ալ բացարձակ առաւելութիւն ունենալէ ետք (26-12, 52-36, 70-57 եւ 88-73): Պիպլոսէն 25 կէտ նշանակեց Քլէյ Թաքըր, ներառեալ 5 թրի փոյնթ, մինչ Լուէյզիէն Կերոն Ճոնսըն` 23 կէտ (ներառեալ 3 թրի փոյնթ): Նշենք, որ մրցումին տեւողութեան ընթացքին Պիպլոս առիթով մը...

Շանվիլ Ակումբի Ընտրութիւններ

Տիք Մըհտիի մէջ իր գումարած ժողովին, Շանվիլ ակումբը կատարեց իր ընտրութիւնները` իր բոլոր անդամներուն ներկայութեան: Ընտրութիւնները տուին հետեւեալ արդիւնքը. Աքրամ Սաֆա (նախագահ), Զիատ Խազեն (փոխնախագահ), Խալետ Մուժահես (ընդհանուր քարտուղար), Անթուան Սֆէյր (գանձապահ), Քամալ Հաշեմ (հաշուապահ), Իպրահիմ Մանասսա (պասքեթպոլի յանձնախումբի նախագահ), Էլի Ֆարհաթ, Թուֆիք Շիպանի, Արմէն Գալուստեան, Թուֆիք Մաթար, Ժան Սթանպուլի, Ռոյ Ապպուտ եւ Նեսիպ Քազզի (խորհրդականներ):    

Ֆութսալ. Պէյրութի Դրամատունը` Լիբանանի Ախոյեան

Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ) տեղի ունեցաւ Պէյրութի դրամատուն - Լիբանանեան բանակ աւարտականի երրորդ ճակատումը: Պէյրութի դրամատունը, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երրորդին եւս յաղթանակ արձանագրելով (5-0) հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` երրորդ անգամ ըլլալով:

Արամ Ոսկանեան Գլխաւորեց Բանանցը

Բանանց Երեւանի մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ակումբի նոր գլխաւոր մարզիչ նշանակուեցաւ Արամ Ոսկանեան, որ փոխարինեց Արթուր Ոսկանեանը: Ալաշկերտ Երեւանէն հեռացած 41 տարեկան Արամ Ոսկանեան մարզական խմբակին մէջ պիտի ընդգրկուին Մանուկ Սարգսեան, բերդապահներու մարզիչ Տիգրան Ասլանեան եւ երկու այլ օգնական մարզիչներ: Նախապէս 2015-ին Արամ Ոսկանեան քանի մը ամիս նշանակուած էր Բանանցի գլխաւոր մարզիչ:

2018-ի Մոնտիալ. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Պոլիվիա Յաղթեց Արժանթինի (2-0)

Արժանթինի մարզիկները Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ երէկ տեղի ունեցան 2018-ի Մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին 14-րդ հանգրուանի ճակատումները: Պրազիլ, որ իր դաշտին վրայ 3-0 արդիւնքով յաղթեց Փարակուէյին, ապահովեց Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք աւարտական մրցումներու իր տոմսը: Այս յաղթանակը Պրազիլի համար եղաւ յաջորդական ութերորդը իր տեսակին մէջ: Ֆիլիփ Քութինիօ նշանակեց Պրազիլի առաջին կոլը (34-րդ), իսկ մնացեալ երկու կոլերը նշանակեցին Նէյմար (64-րդ) եւ...

Մանչեսթըր Եունայթըտ Նէյմարին Կ՛առաջարկէ Տարեկան 25 Միլիոն Եւրօ

Sport.es կայքին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը փափաքի իր կազմին մէջ տեսնել Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը: Ըստ նոյն աղբիւրին, արդէն իսկ անգլիական ակումբին պատասխանատուները կապի մէջ մտած են ֆութպոլիստին հետ: Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի վճարէ 200 միլիոն եւրօ, իսկ ֆութպոլիստին` տարեկան 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Նշենք, որ այս գումարը Նէյմարի այժմու ստացած աշխատավարձին...

Մանչեսթըր Սիթի 40 Հազար Եւրօ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին 40 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Սիթին` նկատի ունենալով, որ ակումբին մարզիկները, դժգոհ մնացած էին օրուան կեդրոնի իրաւարար Մայքըլ Օլիվըրէն, որ ի նպաստ Լիվըրփուլին փենալթի մը սուլած էր նախորդ 20 մարտին տեղի ունեցած «փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին ընթացքին, որ վերջ գտած էր 1-1 հաւասարութեամբ: Ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւող Սիթի այս շաբաթավերջին հիւրը պիտի...

Իլիումժինով. «Նախագահի Պաշտօնէս Չեմ Հրաժարած»

Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրսան Իլիումժինով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք չէ հրաժարած իր պաշտօնէն, եւ ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ: Կայքին մէջ նշուած է, որ նախագահի պաշտօնազրկման հարցով նախագահական խորհուրդի արտակարգ նիստ մը պիտի գումարուի յառաջիկայ ապրիլին: ՖԻՏԷ-ի գործադիր տնօրէն Նիկել Ֆրիմեն յայտարարեց, որ յառաջիկայ ապրիլին Իլիումժինով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:...

«Էն. Պի. Էյ.». Հարտեն` «Թրիփըլ-Տապըլ»-ի Հեղինակ

Ճէյմզ Հարտեն «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ 113-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, սակայն Ճէյմս Հարտեն «թրիփըլ-տապըլ» մը իրագործեց (24 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ): Մինեսոթա Վուլվզ մէկ կէտի տարբերութեամբ` 115-114 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Քարլ-Անթոնի Թաունզ (Վուլվզ) եւ Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեցին 37-ական կէտ:...

Պիւֆոն Գերազանցեց Քասիասի Եւ Ասթաֆեւի Մրցանիշները

Իտալիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի բերդապահ Ճիանլուիճի Պիւֆոն նախորդ շաբաթավերջին Ալպանիոյ դէմ տեղի ունեցած մրցումին (2018-ի Մոնտիալի զտումի մրցաշարք) իր յաղթական կազմին հետ (2-0) նոր մրցանիշ մը հաստատեց: 39 տարեկան բերդապահը, որ 168-րդ անգամն ըլլալով կրեց Իտալիոյ շապիկը, դարձաւ եւրոպական ֆութպոլի ազգային խումբերուն մէջ ամէնէն շատ մրցումներ կատարած ֆութպոլիստը: Նախքան իր այս մրցանիշը հաստատելը, ան սպանացի Իքեր Քասիասի եւ լաթվիացի Վիթալի...

Քոնկ Ֆու-Ուու Շու. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Տիրացաւ 2 Առաջնութեան

Կիրակի, 26 մարտ 2017-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած Լիբանանի քոնկ ֆու-ուու շուի ֆետերասիոնին կազմակերպած Լիբանանի բաժակի մրցաշարքի 6-11 տարեկան դասակարգերու Քինտա մարզախաղի մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղէն առաջնութեան տիրացան Գլէա Արապօղլեան եւ Լոռի Պզտիկեան:

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ (86-65)

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Սաժեսի Դէմ (86-65)

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր ՀՄԸՄ հիւրընկալեց Սաժեսը` «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, դաշտը ամբողջութեամբ լեցուցած իր համակիրներուն ներկայութեան: Նախքան մրցումին մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ ՀՄԸՄ-ի պասքեթպոլի յանձնախումբը յատուկ յուշանուէրով մը պատուեց, «Էլ. Պի. Սի.» պատկերասփիւռի կայանի խօսնակ եւ մարզական լրագրող Ղայեաս Տիպրան, որ միշտ քաջալերողը եղած է...

Ասիա-2019. Լիբանան 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Հոնկ Քոնկին

Մոհամետ Ղատտար կը տօնէ իր նշանակած կոլը Լուսանկարը Տրամադրեց ԱՏՆԱՆ ՀԱԺ ԱԼԻ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը երէկ գիշեր յաղթանակով սկսաւ Ասիա-2019-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքը, երբ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Հոնկ Քոնկին: Բ. խմբակին մաս կազմող Լիբանան երէկուան այս մրցումին իր կոլերը նշանակեց Ա. կիսախաղին, Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին մէջ` ներկայութեամբ 15 հազար հանդիսատեսներու: Լիբանանի առաջին կոլը նշանակեց Մոհամետ Ղատտար`...

Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով

Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ շաբաթ, 1 ապրիլին, յետմիջօրէի ժամը 15:00-ին տեղի պիտի ունենայ Ահտ - Անսար Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտականի ճակատումը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ: Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 20-րդ հանգրուանին, մրցումները պիտի ընթանան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ. ՈՒՐԲԱԹ, 7 ԱՊՐԻԼ ԺԱՄ ԴԱՇՏ Անսար - Սալամ Զղարթա 15:30 Պէյրութ ՇԱԲԱԹ, 8...

Ֆութսալ. Սարգիս Էսքիճեան Միացաւ Ֆ. Ք. Լէօ Խումբին

Լիբանանցի փորձառու բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան, որ անցեալին մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, 2 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆ. Ք. Լէօ խումբին հետ, որ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը: Նշենք, որ Ֆ. Ք. Լէօ այժմ կը մասնակցի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն: Եթէ պատահի, որ խումբը հանդիսանայ Հայաստանի ախոյեան, Էսքիճեան իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ` իր կազմին հետ մասնակցելու...

Ոսկի, Արծաթ Եւ Պրոնզ Մետալներ` Մոսկուայէն

23-26 մարտին Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ սամպոյի աշխարհի բաժակի յուշամրցաշարքը: Տիգրան Կիրակոսեան (57 քկ) եւ Սամուէլ Բադալեան (62 քկ) տպաւորիչ ելոյթներ ունենալով տիրացան ոսկի մետալներու: Մաւրիկ Նասիբեան (74 քկ) Հայաստանին ապահովեց արծաթ մետալ մը, մինչ պրոնզէ մետալներու տիրացան Ճոն Բալեան (52 քկ) եւ Դաւիթ Գրիգորեան (82 քկ): Հայաստան, որ 6 մարզիկներով իր մասնակցութիւնը բերաւ այս մրցաշարքին, խմբային դասաւորման մէջ գրաւեց...

«Էն. Պի. Էյ.». Ուեսթպրուքի 37-րդ «Թրիփըլ-Տապըլ»-ը

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, Օքլահոմա Սիթիի մաս կազմող Ռասըլ Ուեսթպրուք, Տալաս Մավըրիքսի դէմ իր կազմին արձանագրած յաղթանակին ընթացքին (92-91), իրագործեց այս տարեշրջանի իր 37-րդ «թրիփըլ-տապըլ»-ը (37 կէտ, 13 ռիպաունտ, 10 էսիսթ): Թորոնթօ Ռեփթըրզի մաս կազմող Տեմար Տերոզան Օրլանտօ Մեճիքի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (131-112) նշանակեց 36 կէտ: Անցնող քանի մը օրերուն ընթացքին, Պոսթըն Սելթիքս...

Ֆութսալ. ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆըրզոլ` 5-2

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 26 մարտին, Սատի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը ճակատեցաւ Ֆըրզոլի դէմ: ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը: Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Զաւէն Լեփեճեան (2 կոլ), Սերժ Տօնապետեան, Նենօ Պէրպէրեան եւ Պասել Ֆաքիհ: Ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ, ՀՄԸՄ...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Սաժես

Ինչպէս ծանօթ է, կիրակի, 26 մարտին աւարտեցան Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ախոյեանութեան 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները: Այդ երեք մրցումներէն ետք վերջնականապէս յստակացաւ երթուդարձի ախոյեանութեան պատկերը, որմէ ետք հրապարակուեցաւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն իրարու դէմ ճակատող խումբերուն անունները: Ա. խմբակին մաս կազմեցին ՀՄԸՄ, Պիպլոս, Լուէյզի եւ Սաժես, իսկ Բ. խմբակին` Ռիատի, Մութթահետ, Շանվիլ եւ Թատամոն: Այսօր կը սկսի Բ. հանգրուանը, երբ տեղի...

Page 993 of 1277 1 … 992 993 994 … 1,277

Արխիւներ