Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ սիքս»-ի դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 26 մարտին, Սատի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը ճակատեցաւ Ֆըրզոլի դէմ:
ՀՄԸՄ-ի տղաքը բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 5-2 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին իրենց մրցակիցը:
Այս մրցումին ՀՄԸՄ-ի կոլերը նշանակեցին Զաւէն Լեփեճեան (2 կոլ), Սերժ Տօնապետեան, Նենօ Պէրպէրեան եւ Պասել Ֆաքիհ:
Ախոյեանութեան աւարտէն 2 հանգրուան առաջ, ՀՄԸՄ Պէյրութ իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ կարեւոր քայլ մը առաւ դէպի Բ. դասակարգ:
Վերջին երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ-ի տղաքը իրենց ամէն կարելին պիտի ընեն ամէն գնով յաղթանակներ արձանագրելու եւ վերստին բարձրանալու Բ. դասակարգ: