Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Բաւական Հանգիստ Յաղթանակ Մը Արձանագրեց Լուէյզիի Դէմ` 96-62 Արդիւնքով
Վաղը` ՀՄԸՄ - Պիպլոս Լուէյզի - ՀՄԸՄ երէկուան մրցումէն PROFOTO Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ Ա. խմբակին մաս կազմող խումբերը կատարեցին իրենց երկրորդ մրցումը: Սանթրալի դաշտին վրայ ՀՄԸՄ, որ հիւրը եղաւ Լուէյզիի, բաւական հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց, երբ 34 կէտի տարբերութեամբ 96-62 արդիւնքով պարտութեան մատնեց դաշտին տէրը (14-23, 31-41, 45-68 եւ 62-96): Մրցումին տեւողութեան...






