Մարզական

2018-ի Մոնտիալ.  Հայաստան Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Ղազախստանին

2018-ի Մոնտիալ. Հայաստան Տպաւորիչ Ելոյթ Մը Ունենալով 2-0 Արդիւնքով Յաղթեց Իր Հիւրին` Ղազախստանին

Նախորդ շաբաթավերջին Եւրոպայի տարածքին 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ ճակատումներ: Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը, որ Երեւանի հանրապետական մարզադաշտին վրայ հիւրընկալեց Ղազախստանը, բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունենալով 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց: Այս յաղթանակը հայրենի կազմին համար երկրորդն էր զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Առաջինին, որ տեղի ունեցած էր 11 նոյեմբեր 2016-ին, Հայաստան 3-2...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Նեպի Շիթ – ՀՄԸՄ` 2-1

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, կիրակի, 26 մարտին, ՀՄԸՄ Նեպի Շիթի դաշտին վրայ մրցեցաւ դաշտին տիրոջ դէմ: Մրցումը աւարտեցաւ Նեպի Շիթի յաղթանակով` 2-1 արդիւնքով: ՀՄԸՄ-ի կոլը նշանակեց Սերժ Օսքեան: Պէտք է նշել, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկները բաւական տպաւորիչ ելոյթ մը ունեցան:

Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նըժմէ Վեթերաններու Մրցումը

Այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, ՀՄԸՄ-ի «Հայր Պօղոս Արիս» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենայ բաւական հետաքրքրական ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, որուն ընթացքին ՀՄԸՄ   Պէյրութի 70-ականներու, 80-ականներու եւ 90-ականներու սկիզբի վերթերան ֆութպոլիստները կը մրցին Նըժմէի անցեալի ֆութպոլիստներուն դէմ: Այս յիշատակելի մրցումը տեղի պիտի ունենայ երեկոյեան ժամը 20:00-ին:

Կէս-Մարաթոնի Մրցում` Կազմակերպութեամբ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն

Կէս-Մարաթոնի Մրցում` Կազմակերպութեամբ Ներքին Ապահովութեան Ուժերուն

Կազմակերպութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերուն եւ հսկողութեամբ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին, կիրակի, 26 մարտին, Պէյրութի շրջանին մէջ տեղի ունեցաւ կէս-մարաթոնի (21,1 քմ) վազքի մրցումը: Անիկա տեղի կ՛ունենար 10-րդ անգամն ըլլալով: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին ՄԱԿ-էն, ներքին ապահովութեան ուժերէն, Լիբանանեան բանակէն, տարբեր մարզական միութիւններէ, ֆետերասիոններէ, ակումբներէ, ինչպէս նաեւ անհատական հանգամանքով երկսեռ մարզիկներ: Թիւով 1500 վազողները մարզական ոգիով վազքի այս մրցումին մասնակցեցան Հըրշ-Պէյրութի շրջանին...

Ասիա-2019. Այսօր` Լիբանան – Հոնկ Քոնկ

Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը այսօր` երեքշաբթի, 29 մարտին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին կը սկսի Ասիոյ ֆութպոլի 2019-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի իր մրցումներուն, երբ Քամիլ Շամունի անուան մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Հոնկ Քոնկը: Լիբանանի խումբը իր մարզիչին` Միոտրակ Ռատոլովիչի (Մոնթենեկրօ) հետ աւելի քան շաբաթէ մը ի վեր կը պատրաստուի այս մրցումին, որպէսզի կարենայ լաւ եւ տպաւորիչ ձեւով սկսիլ իր ելոյթներուն: Մարզիչը ըսաւ,...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Փաստեց Իր Գերակայութիւնը Լիբանանի Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեան Ռիատիի Վրայ

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Փաստեց Իր Գերակայութիւնը Լիբանանի Եւ Արեւմտեան Ասիոյ Ակումբներու Ախոյեան Ռիատիի Վրայ

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի գագաթի ճակատումը տեղի ունեցաւ երէկ երեկոյեան, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ, երբ ՀՄԸՄ-ի կազմը հիւրընկալեց Ռիատին: Նախքան մանրամասնութիւններուն անցնիլը նշենք, որ մրցումին ազդանշանին տրուելէն շուրջ 4 ժամ առաջ դաշտին մուտքը կը յորդէր ՀՄԸՄ-ի համակիրներով, որոնք խիտ շարքերով եկած էին քաջալերելու իրենց կազմը: ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք համալիրին մէջ իսկապէս...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ.  Այսօր` Պիպլոս – Սաժես 2-րդ Մրցումը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Երեքշաբթի, 28 Մարտին Կը Սկսին Աղջկանց Բ. Հանգրուանի Մրցումները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ երեքշաբթի, 28 մարտին կը սկսին աղջկանց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան Բ. հանգրուանի` «ֆայնըլ սիքս»-ի մրցումները, որոնք տեղի պիտի ունենան երթուդարձի դրութեամբ: Վեց խումբերը բաժնուած պիտի ըլլան երկու խմբակի, իւրաքանչիւրը` երեք խումբ: «Ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումները իրարու դէմ պիտի հանեն իւրաքանչիւր խմբակի առաջին երկու դիրքերը գրաւող կազմերը: Ա. խմբակին առաջին դիրքը գրաւողը կը մրցի Բ. խմբակին երկրորդին...

2018-ի Մոնտիալ. Վաղը` Հայաստան – Ղազախստան

Եւրոպայի ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցող 2018-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Երեւանի մէջ պիտի հիւրընկալէ Ղազախստանի կազմը: Ե. խմբակին մաս կազմող Հայաստան ցարդ արձանագրած է յաղթանակ մը եւ կրած 3 պարտութիւն: Ինչպէս ծանօթ է, հայրենի կազմին խմբակը բաւական զօրաւոր է, անոր մէջ են Լեհաստան, Դանիա եւ Ռումանիա: Բայց եւ այնպէս, ֆութպոլի աշխարհին...

2018-ի Մոնտիալ.  Առաջին Անգամ Ըլլալով Զտումի Մրցումներուն Պիտի Մասնակցին ՖԻՖԱ-ի Անդամ Բոլոր Երկիրները

2018-ի Մոնտիալ. Շաբաթավերջի Մրցումներուն Յայտագիրը

Այս շաբաթավերջին 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ պիտի կատարուին հետաքրքրական ճակատումներ մանաւանդ այն խումբերուն միջեւ, որոնց ամէն գնով կը պայքարին Ռուսիոյ մէջ տեղի ունենալիք մրցաշարքին իրենց տոմսը ապահովելու: Ստորեւ` շաբաթավերջի մրցումներուն յայտագիրը (ժամերը` Պէյրութի ժամանակացոյցով). ՇԱԲԱԹ, 25 ՄԱՐՏ. Ա. ԽՄԲԱԿ ԺԱՄ Շուէտ - Պիելոռուսիա 19:00 Պուլկարիա - Հոլանտա 21:45 Լիւքսամպուրկ - Ֆրանսա 21:45 Բ. ԽՄԲԱԿ Անտորրա - Ֆարօ...

Լիբանանեան Ֆութպոլ.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Վաղը` Նեպի Շիթ – ՀՄԸՄ

Լիբանանի ֆութպոլի կրտսերներու ֆութպոլի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի կազմը կը մրցի Նեպի Շիթի դէմ: Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Նեպի Շիթի դաշտին վրայ, պիտի սկսի կէսօրուան ժամը 12:00-ին: ՀՄԸՄ-ի նման Նեպի Շիթ եւս արձանագրած է միայն մէկ յաղթանակ եւ կրած 3 պարտութիւն: ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի իրենց կատարած առաջին մրցումին նման...

Ֆութսալ.  ՀՄԸՄ-ի Զոյգ Խումբերն Ալ Պարտուեցան

Ֆութսալ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Ֆըրզոլ

Լիբանանի ֆութսալի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան «ֆայնըլ-սիքս»-ի դարձի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` կիրակի, 26 մարտին ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Ֆըրզոլի խումբը: Այս մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 17:00-ին: ՀՄԸՄ-ի համակիրներէն կ՛ակնկալուի ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը:

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ.  Շաբաթավերջի Մինի Ֆութպոլի  Եւ Պասքեթպոլի Մրցումներուն  Բարեփոխուած Յայտագիրը

ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ. Շաբաթավերջին` Դաշտային Խաղերը

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբը 2016-2017 տարեշրջանի իր յայտագիրներուն մէջ կազմակերպած է դաշտային խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան շաբաթ, 25 եւ կիրակի, 26 մարտ 2017-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի մարզադաշտին վրայ: ՀՄԸՄ-Ի ԼԵՎԱՄ-Ի ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ

Ահմետ Իպրահիմի Կախակայումը` Վերցուա՞ծ

Լիբանանեան շարք մը լրատուամիջոցներ երէկ հաղորդեցին, որ ՖԻՊԱ-ն վերցուցած է Ահմետ Իպրահիմի դէմ սահմանուած կախակայումը, որ սկզբունքով 2 տարի էր: Խթանիչ դեղեր գործածած ըլլալուն համար 4 ամիս կախակայուած մնալէ ետք Ահմետ Իպրահիմ կրնայ վերադառնալ պասքեթպոլի դաշտերը, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին նախագահ Փիեր Քախիայի թափած ճիգերուն շնորհիւ, կը յայտնեն լիբանանեան լրատուամիջոցները: Սակայն այս ուղղութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք յայտարարեց,...

2018-Ի Մոնտիալի Զտումի Մրցաշարք. Հարաւային Ամերիկայի Գօտի. Պրազիլ Եւ Արժանթին` Յաղթական

Փաուլինիօ Հարաւային Ամերիկայի գօտիին մէջ 2018-ի մոնտիալի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի 13-րդ հանգրուանի մրցումները տեղի ունեցան երէկ: Պարագլուխի դիրքը գրաւող Պրազիլ արձանագրեց իր 9-րդ յաղթանակը, երբ 4-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Ուրուկուէյի դաշտէն: Էրինսոն Քաւանի նշանակեց Ուրուկուէյի եւ մրցումին առաջին կոլը (8-րդ` փենալթիով): Սակայն Փաուլինիօ հեթրիք մը իրագործեց (18-րդ, 52-րդ եւ 90-րդ), մինչ չորրորդ կոլը նշանակեց Նէյմար (75-րդ): Արժանթին 1-0 արդիւնքով յաղթեց...

«Պաշտօնավարութեանս Ժամանակ Եւրոպական «Սուփըր-Լիկա» Պիտի Չստեղծուի» Կ՛ըսէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Նախագահը

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտեր Զեֆերին իր կատարած մէկ յայտարարութեան մէջ նշեց, որ իր պաշտօնավարութեան տարիներուն, եւրոպական սուփըր-ակումբներու լիկա ստեղծելու հարց գոյութիւն չունի: «Այնքան ատեն որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահն եմ, եւրոպական «սուփըր-լիկա» պիտի չստեղծուի: Գոյութիւն ունի «Չեմփիընզ լիկ», որ արդէն իսկ բաւարար է: Յայտնենք, որ եւրոպական «սուփըր լիկա»-ի ստեղծումին մասին յայտարարած էր Պայէրն Միւնիխի նախագահ Քարլ-Հայնց Ռումընիկէ,...

Ժերար Փիքէ Տուգանքի Ենթարկուեցաւ

Պարսելոնայի յետսապահ Ժերար Փիքէ Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ 3 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ան Աթլեթիքօ Պիլպաոյի դէմ իր կազմին կրած պարտութենէն ետք (Սպանիոյ բաժակի մրցաշարք) օրուան իրաւարարը քննադատեց, կը յայտնէ «Մարքա»: Մրցումը տեղի ունեցած էր 5 յունուարին, բայց եւ այնպէս, ֆետերասիոնին որոշումը նոր տրուեցաւ: Խօսելով իրաւարար Ֆեռնանտես Պորպալանի մասին` Փիքէ ըսած էր. «Այսպիսի իրաւարարներ ֆութպոլի մրցումը կը...

Շվայնսթայկըր Միացաւ Շիքակօ Ֆայըրի

Մանչեսթըր Եունայթըտի գերմանացի միջնապահ Պասթիան Շվայնսթայկըր մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Շիքակօ Ֆայըրի հետ: Այս լուրը հաղորդեց Մէյճըր լիկի խումբը: 32 տարեկան Շվայնսթայկըր, որ այս տարեշրջանին սկիզբը միացաւ Մանչեսթըր Եունայթըտի, չկրցաւ լաւ յարաբերութիւններ ունենալ ակումբի մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյին հետ:

Մարզական Լրագրողներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումին.  Հաշեմ Հայտար Շեշտեց, Որ Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կողքին Է

Մարզական Լրագրողներուն Հետ Իր Ունեցած Հանդիպումին. Հաշեմ Հայտար Շեշտեց, Որ Լիբանանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Կողքին Է

Լուսանկարները Տրամադրեց` ԹԱԼԱԼ ՍԸԼՄԱՆ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտար մարզական լրագրողներուն հետ յատուկ հանդիպման մը ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին զօրավիգ կանգնիլը կը նկատուի առաջնահերթ: Հայտար, յատուկ ճաշով մը պատուելով մարզական լրագրողները, (Տիուան Սուլթան ճաշարանին մէջ, Էշրեֆիէ) ըսաւ անոնց. «Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբը բոլորս իրարու միացնող կարեւոր առիթ մըն է: Ան որ զօրավիգ կանգնելով, մենք կատարած կ՛ըլլանք...

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այսօր` ՀՄԸՄ – Ռիատի Գագաթի Ճակատումը

Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր, յետմիջօրէին ժամը 17:30-ին, տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ - Ռիատի գագաթի ճակատումը, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ: Նշենք, որ այս մրցումով կ՛աւարտի 17-րդ հանգրուանը, մինչ 18-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումները տեղի կ՛ունենան շաբաթավերջին: Ցարդ 15 յաղթանակ եւ միայն մէկ պարտութիւն կրած ՀՄԸՄ, այժմ կը գրաւէ...

Հենրիխ Մխիթարեան Այցելեց Արիւնաբանական Կեդրոնին Մէջ Գտնուող Երեխաներուն

Հենրիխ Մխիթարեան Այցելեց Արիւնաբանական Կեդրոնին Մէջ Գտնուող Երեխաներուն

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, երէկ` հինգշաբթի, բարեսիրական այցելութիւն մը տուաւ փրոֆեսէօր Ռ. Օ. Եոլեանի անուան արիւնաբանական կեդրոն: Ան տեսակցեցաւ տարբեր տեսակի հիւանդութիւններով տառապող բոլոր երեխաներուն հետ, այցելեց իւրաքանչիւրին սենեակը, լուսանկարուեցաւ անոնց հետ, ֆութպոլի գնդակներ, մարզական շապիկներ եւ իր ստորագրութիւնը կրող լուսանկարներ նուիրեց անոնց: Երեխաները Մխիթարեանին նուիրեցին իրենց պատրաստած պաստառը եւ անոր երգեցին իրենց...

Page 994 of 1277 1 … 993 994 995 … 1,277

Արխիւներ