Նախորդ շաբաթավերջին աւարտեցաւ Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2016-2017 տարեշրջանը, երբ Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ (Մար Ռուքոզ, Տըքուանէ) տեղի ունեցաւ Պէյրութի դրամատուն – Լիբանանեան բանակ աւարտականի երրորդ ճակատումը:
Պէյրութի դրամատունը, որ առաջին երկու մրցումներուն յաղթանակ արձանագրած էր, երրորդին եւս յաղթանակ արձանագրելով (5-0) հանդիսացաւ Լիբանանի ախոյեան` երրորդ անգամ ըլլալով: