Ճատրակի միջազգային ֆետերասիոնի (ՖԻՏԷ) նախագահ Քիրսան Իլիումժինով իր կատարած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ ինք չէ հրաժարած իր պաշտօնէն, եւ ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին վրայ հրապարակուած լուրը իրականութեան չի համապատասխաներ:
Կայքին մէջ նշուած է, որ նախագահի պաշտօնազրկման հարցով նախագահական խորհուրդի արտակարգ նիստ մը պիտի գումարուի յառաջիկայ ապրիլին:
ՖԻՏԷ-ի գործադիր տնօրէն Նիկել Ֆրիմեն յայտարարեց, որ յառաջիկայ ապրիլին Իլիումժինով պիտի ներկայացնէ իր հրաժարականը:
Սակայն Իլիումժինով կը հերքէ այս լուրը եւ կ՛ըսէ, թէ ՖԻՏԷ-ի անդամները ոչ պաշտօնական միջավայրի մը մէջ քննարկած են իր պաշտօնազրկման նիւթը եւ այդ քննարկումէն մեկնելով ՖԻՏԷ-ի պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրած են այս լուրը: