Sport.es կայքին համաձայն, Մանչեսթըր Եունայթըտի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիօ կը փափաքի իր կազմին մէջ տեսնել Պարսելոնայի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը:
Ըստ նոյն աղբիւրին, արդէն իսկ անգլիական ակումբին պատասխանատուները կապի մէջ մտած են ֆութպոլիստին հետ:
Կը նշուի, որ անոր փոխանցման համար Մանչեսթըր Եունայթըտ պիտի վճարէ 200 միլիոն եւրօ, իսկ ֆութպոլիստին` տարեկան 25 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Նշենք, որ այս գումարը Նէյմարի այժմու ստացած աշխատավարձին կրկնապատիկն է: