
«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ երէկ տեղի ունեցած մրցումներուն, թէեւ Հիուսթըն Ռոքեթց իր դաշտին վրայ 113-106 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզէն, սակայն Ճէյմս Հարտեն «թրիփըլ-տապըլ» մը իրագործեց (24 կէտ, 11 ռիպաունտ եւ 13 էսիսթ):
Մինեսոթա Վուլվզ մէկ կէտի տարբերութեամբ` 115-114 արդիւնքով յաղթեց Ինտիանա Փէյսըրզին: Քարլ-Անթոնի Թաունզ (Վուլվզ) եւ Փոլ Ճորճ (Փէյսըրզ) նշանակեցին 37-ական կէտ:
Սի. Ճէյ. Մաքքոլիւմ մեծապէս նպաստեց իր կազմին` Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզին, երբ Տենվըր Նակեթցի դէմ արձանագրուած յաղթանակին (122-113) նշանակեց 39 կէտ:
Ստորեւ` երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.
Շարլոթ Հոռնեթց – Միլուոքի Պաքս | 108-118 |
Ինտիանա Փէյսըրզ – Մինեսոթա Վուլվզ | 114-115 |
Պրուքլին Նեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ | 101-106 |
Աթլանթա Հոքս – Ֆէոնիքս Սանզ | 95-91 |
Տիթրոյիթ Փիսթընզ – Մայեմի Հիթ | 96-97 |
Հիուսթըն Ռոքեթց – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ | 106-113 |
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Տենվըր Նակեթց | 122-113 |
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ | 108-119 |
Ստորեւ` այսօրուան մրցումներուն յայտագիրը.
Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ – Աթլանթա Հոքս
Օրլանտօ Մեճիք – Օքլահոմա Սիթի
Պոսթըն Սելթիքս – Միլուոքի Պաքս
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Եորք Նիքս – Մայեմի Հիթ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Նիւ Օրլինզ – Տալաս Մավըրիքս
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ
Սաքրամենթօ Քինկզ – Եութա Ճեզ