Լիբանանցի փորձառու բերդապահ Սարգիս Էսքիճեան, որ անցեալին մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին, 2 ամսուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Ֆ. Ք. Լէօ խումբին հետ, որ Հայաստանի ֆութսալի ախոյեանութեան մէջ կը գրաւէ դասաւորման պարագլուխի դիրքը:
Նշենք, որ Ֆ. Ք. Լէօ այժմ կը մասնակցի «ֆայնըլ-ֆոր»-ի մրցումներուն:
Եթէ պատահի, որ խումբը հանդիսանայ Հայաստանի ախոյեան, Էսքիճեան իր պայմանագրութիւնը պիտի երկարաձգէ` իր կազմին հետ մասնակցելու համար Եւրոպայի ֆութսալի ախոյեանութեան:
Յայտնենք, որ Էսքիճեան նախապէս մաս կազմած է նաեւ Հայաստանի ֆութսալի ազգային խումբին, ինչպէս նաեւ ելոյթ ունեցած է լիբանանեան ֆութսալի խումբերէն Սատաքայի եւ Շապապ Էշրեֆիէի հետ: