Անգլիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը իր գումարած վերջին ժողովին 40 հազար եւրօ տուգանքի ենթարկեց Մանչեսթըր Սիթին` նկատի ունենալով, որ ակումբին մարզիկները, դժգոհ մնացած էին օրուան կեդրոնի իրաւարար Մայքըլ Օլիվըրէն, որ ի նպաստ Լիվըրփուլին փենալթի մը սուլած էր նախորդ 20 մարտին տեղի ունեցած «փրեմիեր լիկ»-ի մրցումին ընթացքին, որ վերջ գտած էր 1-1 հաւասարութեամբ:
Ընդհանուր դասաւորման 3-րդ դիրքը գրաւող Սիթի այս շաբաթավերջին հիւրը պիտի ըլլայ 6-րդ դիրքին վրայ գտնուող Արսենալի: