Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի կանուխ «գագաթի մրցում»-ին, վաղը ախոյեան Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ փոխախոյեան Արսենալը «Էնֆիլտ»-ի մէջ: «Էնֆիլտ»-ի մթնոլորտը վստահ տաք պիտի ըլլայ, ուր 61 հազարէ աւելի համակիրներ 90 վայրկեան իրենց երգերով եւ կանչերով պիտի փորձեն օգնել իրենց խումբերուն, որոնք իրենց 2 մրցումներուն ալ յաղթած են: Լիվըրփուլ իր նախկին մրցումներուն 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստանալով դժուարութեամբ կրցած էր յաղթել Պորնմաութին...

Թենիս.  Խաչանով Դուրս Մնաց Բ. Հանգրուանէն

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Բ. Հանգրուանէն

Կարէն Խաչանով երէկ առաւօտեան ժամերուն 4 ժամ 35 վայրկեան պայքարէ ետք դուրս մնաց «Եու. Էս. Օփըն»-ի Բ. հանգրուանէն` պարտուելով լեհ Քամիլ Մայրյաքէն 2-6, 6-7, 6-4, 7-5 եւ 7-6 (10-5) արդիւնքով: Խաչանով, որ 22 էյս իրագործեց, 12 տապըլ ֆոլթ ալ կատարեց եւ 17 պրէյք փոյնթի առիթներէն միայն 4-ը օգտագործեց, մրցումի մը, որ պէտք էր յաղթէր 2 սեթ շահելէ ետք, ինչպէս նաեւ...

«Քոնֆերենս Լիկ».  Նոա Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

«Քոնֆերենս Լիկ». Նոա Հասաւ Աւարտական Հանգրուան

Զտումի մրցումները յաջողութեամբ աւարտելէ ետք, Հայաստանի ախոյեան Նոա յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով հասաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս Լիկ»-ի աւարտական մրցաշարքին: Նոա Հայաստանի մէջ հիւրընկալեց Օլիմփիա Լիուպլիանան (Սլովենիա) եւ անոր 3-2 արդիւնքով յաղթեց: Հելտեր Ֆրէյրէ, Մաթէուս Այաս եւ Յովհաննէս Յարութիւնեան նշանակեցին Նոայի կոլերը: Նոա, որ երթին Սլովենիոյ մէջ 4-1 արդիւնքով անակնկալի բերած էր Օլիմփիան, շատ հանգիստ ձեւով հասաւ աւարտական հանգրուան:...

«Չեմփիընզ Լիկ».  Երէկ Տեղի Ունեցաւ 2025-2026 Տարեշրջանի Վիճակաձգութիւնը

«Չեմփիընզ Լիկ». Երէկ Տեղի Ունեցաւ 2025-2026 Տարեշրջանի Վիճակաձգութիւնը

Երէկ Մոնաքոյի մէջ տեղի ունեցաւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի վիճակաձգութիւնը, ուր առաջին անգամ ըլլալով 6 «Փրեմիեր լիկ»-ի խումբեր` Լիվըրփուլ, Արսենալ, Չելսի, Մանչեսթըր Սիթի, Նիւքեսըլ եւ Թոթենհամ մաս պիտի կազմեն այս տարուան 36 խումբերուն: Ձեւը նոյնն է, անցեալ տարուան նման խմբակներ չկան, եւ ամէն խումբ 8 մրցումներ պիտի կատարէ, 4-ը դաշտին վրայ, իսկ միւս 4-ը` դաշտէն դուրս: Պայերն Միւնիխ...

Ճատրակ.  Ուեզլի Սօ Շահեցաւ  «Սինքուեֆիլտ Բաժակը»

Ճատրակ. Ուեզլի Սօ Շահեցաւ «Սինքուեֆիլտ Բաժակը»

Միացեալ Նահանգներու Սէյնթ Լուիս քաղաքին մէջ վերջ գտաւ ճատրակի «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» մրցաշարքը: 9-րդ եւ վերջին հանգրուանին, ամերիկացի Ուեզլի Սօ, պարտութեան մատնելէ ետք Նոտիրպեք Ապտուսաթորովը, գրաւեց դասաւորման առաջին դիրքը եւ շահեցաւ տիտղոսը: Ճատրակի այս մրցաշարքին շատ մօտ էին արդիւնքները, եւ դիմուեցաւ մանրամասնութիւններու` բաժնելու մրցակիցները: Յաղթանակի քանակը կարեւոր էր անշուշտ, մանաւանդ սեւ քարերով յաղթելու պարագան եւ անշուշտ իրար դէմ ճակատումի արդիւնքը...

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ.  Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց 4-րդ  Դասակարգի Կրիմսպի Թաունէն Պարտուելով

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց 4-րդ Դասակարգի Կրիմսպի Թաունէն Պարտուելով

Անգլիոյ 4-րդ դասակարգի Կրիմսպի Թաուն փենալթիներով դուրս ձգեց Անգլիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ակումբներէն Մանչեսթըր Եունայթըտը: Մրցումը հիմնական ժամանակը վերջ գտած էր 2-2 արդիւնքով, ուր Չարլզ Վերնամ եւ Թայրել Ուորեն նշանակած էին Կրիմսպիի կոլերը, իսկ Պրայըն Էմպեմօ եւ Հարի Մակուայր` Եունայթըտի կոլերը: Կը կարծուէր, որ Եունայթըտի մարզիկները աւելի վճռական պիտի ըլլային, մանաւանդ 2-0 ետ մնալէ ետք 2 կոլեր նշանակելէ ետք, բայց...

Գերմանիոյ Մէջ.  Պայերն Միւնիխ Քիչ Մնաց Դուրս Մնար

Գերմանիոյ Մէջ. Պայերն Միւնիխ Քիչ Մնաց Դուրս Մնար

Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/32-րդ հանգրուանին, Գերմանիոյ Գ. դասակարգի խումբերէն Վեհեն անակնկալի բերած էր Պայերն Միւնիխը, որ միայն իր փորձառութեամբ կրցաւ կոլ մը նշանակել 94-րդ վայրկեանին եւ հասնիլ յաջորդ հանգրուան: Պայէրն Միւնիխ, որ «Պունտըսլիկա»-ն շատ փայլուն ձեւով սկսած էր 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռետ Պուլ Լայփցիկին, բաժակի մրցումին ալ լաւ ձեւով սկսաւ: Մարզիչ Վենսան Քոմփանի որոշած էր փոփոխութիւններ կատարել չճնշելու համար...

«Ֆորմիւլա 1».  Սերխիօ Փերես Եւ Վալթերի Պոթաս Միացան «Քատիլաք»-ին

«Ֆորմիւլա 1». Սերխիօ Փերես Եւ Վալթերի Պոթաս Միացան «Քատիլաք»-ին

«Քատիլաք» ամերիկեան ինքնաշարժներու ընկերութիւնը այժմէն իսկ ձեռք ձգեց յառաջիկայ տարուան իր վարորդները, որոնք պիտի ըլլան «Ֆորմիւլա 1»-ին նոր միացած ընկերութեան առաջին ելոյթ ունեցողները կրան-փրիներու աշխարհին մէջ: «Ճեներըլ Մոթորզ»-ի հովանաւորած «Քատիլաք» խումբը պիտի ղեկավարէ նախկին «Մերուսիա Սփորթինկ»-ի տնօրէն Կրաէմ Լոտըն` «Քատիլաք»-ը դարձնելով յառաջիկայ տարուան 11-րդ խումբը: «Քատիլաք»-ի այս քայլը վստահաբար ըսել կ՛ուզէ, թէ անոնք նախընտրած են փորձառու վարորդներ, որոնք 527 կրան...

Լիբանանի Պասքեթպոլի Բաժակի Մրցաշարք.  Երկուշաբթի, 7 Դեկտեմբերին` ՀՄԸՄ – Պիպլոս

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2025-2026 Տարեշրջանի Օրէնքները

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2025-2026 տարեշրջանի օրէնքներն ու կանոնները, որոնք վերատեսութեան ենթարկուած էին: Ախոյեանութիւնը ընթացք պիտի առնէ 18 հոկտեմբերին, 12 խումբերուն համար Ա. կարգի մարզիկներու առաւելագոյն թիւը 5 պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր խումբի: Բոլոր խումբերն ալ իրաւասութիւն պիտի ունենան 3 օտար մարզիկներով դաշտ ներկայանալու: Օտար մարզիկներու փոփոխութիւններու պարագային, ամէն խումբ կրնայ մարզիկ փոխարինել «ֆայնըլ 4»-ին, աւարտականներու ճակատումին եւ մինչեւ իսկ փլէյ-աութի...

Հեծելարշաւ.  Ծատուրեան Եղբայրներուն  Նուիրուած 9-րդ Մրցումը

Հեծելարշաւ. Ծատուրեան Եղբայրներուն Նուիրուած 9-րդ Մրցումը

Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնը անցեալ կիրակի օր կազմակերպեց ամէն տարի տեղի ունեցող Յովհաննէս եւ Վարդգէս Ծատուրեաններու յիշատակին նուիրուած հեծելարշաւի 9-րդ միջազգային մրցումը` հովանաւորութեամբ Պրումմանայի քաղաքապետարանի: Ներկայ էին Պրումմանայի քաղաքապետ Փիեռ Աշքար, փոխքաղաքապետ Ուալիտ Ռիզք, ինչպէս նաեւ Ծատուրեան ընտանիքէն անդամներ: 37 մարզիկներ մասնակցեցան այս մրցումին, որ տեղի ունեցաւ Նահր Մոթ - Ռումիէ արտադրական շրջանի խաչմերուկէն մինչեւ Պաապտեթ, անցնելով Մեթնի մայրուղիի ճամբէն, 11,5...

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ.  Շթութկարթ Փենալթիներով Յաղթեց Պրաունշվայկի

Գերմանիոյ Ֆութպոլի Բաժակ. Շթութկարթ Փենալթիներով Յաղթեց Պրաունշվայկի

Անցեալ տարուան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակակիր Շթութկարթ, պէտք ունեցաւ փենալթիներու` դուրս ձգելու Բ. դասակարգի Այնթրախթ Պրաունշվայկը: Օրուան «հերոս»-ն էր Շթութկարթի բերդապահ Ալեքսանտր Նուպել, որ սակայն 8-րդ վայրկեանին աններելի սխալէ մը ետք կոլ ստացած էր: Նուպել աւելի ուշ փրկեց իր բերդը ստոյգ կոլերէ, ինչպէս նաեւ փենալթիներ զսպելով մոռացութեան մատնեց իր սխալը: Ցվեն Քոլըր 8-րդ վայրկեանին նշանակած էր Պրաունշվայկի առաջին անակնկալ կոլը: Պոսնիացի...

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ. Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Թենիս. Խաչանով Յաղթանակով Սկսաւ. Աւանէսեան Պարտուեցաւ

Եու. Էս. Օփընի մրցումները շարունակուեցան Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ (Նիւ Եորք), ուր տղոց մրցումներուն Կարէն Խաչանով (թիւ 9 դասուած) 3 ժամ 12 վայրկեան պայքարէ ետք դուրս ձգեց ամերիկացի Նիշեշ Պասաւարետին` 6-7, 6-3, 7-5 եւ 6-1 արդիւնքով: Տղոց մրցումներուն մասնաւոր անակնկալ չարձանագրուեցաւ, Քարլոս Ալքարաս, Եաննիք Սինըր, Ալեքսանտր Չվերեւ եւ լաւագոյն 10 դասուած մարզիկները յաղթանակներ արձանագրեցին: Աղջկանց մրցումներուն, Հայաստանը ներկայացնող Էլինա Աւանէսեան, որ...

Ճատրակ.  Արոնեանի 7-րդ Հաւասարութիւնը

Ճատրակ. Արոնեանի 7-րդ Հաւասարութիւնը

Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցող «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» ճատրակի մրցաշարքը հասած է իր վերջին հանգրուաններուն: Հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան 8-րդ եւ նախավերջին հանգրուանին հաւասարութիւն մը արձանագրեց աշխարհի ախոյեան Կուքեշ Տի.-8ի հետ եւ մնաց կէս կէտով հեռու` առաջին դիրքը գրաւող Ֆապիանօ Քարուանայէն: Այս հանգրուանի (8-րդ) բոլոր ճակատումներն ալ հաւասարութեամբ աւարտեցան, բացի Նոտերպեք Ապտուսաթարով - Ալիրեզա Ֆիրուժա մրցումէն, որուն ընթաքին ուզպեք Ապտուսաթարովը...

Նշմար.  Շարունակե՛նք Գործը…

Նշմար. Շարունակե՛նք Գործը…

ԿԱՐՕ Կ. 27 ապրիլ 1997... ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը բարձրացած է Գ. դասակարգ: Խմբապետ Սագօ Պապուճեան, կոլ-սքորըր Գօգօ Մարտիրոսեան, միջնապահներ Սեպուհ Պապիկեան, Րաֆֆի Գալֆայեան եւ ամբողջ խումբը առանց մէկիկ-մէկիկ նշելու շատ կարեւոր գործ տարած էին մարզիչ Վաչէ Սարգիսեանի գլխաւորութեամբ, որպէսզի խումբը անյաղթ մնալով բարձրանայ: 24 օգոստոս 2025... ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ անգամ եւս բարձրացած է Գ. դասակարգ: Խմբապետ Աւիկ Յարութիւնեան,...

Ըմբշամարտ.  Հայաստան 2-րդ Դիրքի Վրայ

Ըմբշամարտ. Հայաստան 2-րդ Դիրքի Վրայ

Հայաստանի Յունահռոմէական ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը աշխարհի երիտասարդներու (մինչեւ 20 տարեկան) ախոյեանութեան խմբային դասաւորման մէջ 2-րդ դիրքի վրայ է: Սամոքով քաղաքին (Պուլկարիա) մէջ տեղի ունեցած աշխարհի ախոյեանութեան մետալակիրներ դարձան Եուրի Մխիթարեան (արծաթ), Ալեքս Մարգարեան (արծաթ), Գասպար Տէրտէրեան (ոսկի) եւ Էրիք Տէր Մաթեւոսեան (պրոնզ): Ազատ ոճի ըմբշամարտի մրցումներուն միայն պրոնզ մետալ շահած էր Արման Մուսիկեան (65 քկ):

Ճատրակ.  Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Եւս  Արձանագրեց Եւ Նահանջեց

Ճատրակ. Արոնեան Հաւասարութիւն Մը Եւս Արձանագրեց Եւ Նահանջեց

Միացեալ Նահանգներու մէջ կը շարունակուի «Սինքուեֆիլտ բաժակ 2025» ճատրակի մրցաշարքը, որուն 7-րդ հանգրուանին հայ վարպետ Լեւոն Արոնեան հաւասարութիւն մը եւս արձանագրեց առաջին դիրքը գրաւող Ֆապիանօ Քարուանայի հետ եւ դասաւորման մէջ նահանջեց 4-րդ դիրք: Սամ Սեւեան իր կարգին հաւասարութեամբ բաւարարուեցաւ ֆրանսացի Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւի հետ եւ բարձրացաւ 6-րդ դիրք: Այս հանգրուանին Արոնեան-Քարուանա հաւասարութենէն օգտուեցաւ հնդիկ վարպետ Փրակնանանտա Ռամեշպապու, որ յաղթելէ ետք ֆրանսացի...

«Փրեմիեր Լիկ».  Էնկումոա «Փրկեց» Լիվըրփուլը

«Փրեմիեր Լիկ». Էնկումոա «Փրկեց» Լիվըրփուլը

16 տարեկան Ռիօ Էնկումոա 100-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, որ 3 կէտերը նուիրեց իր ակումբին` Լիվըրփուլի, որ 10 մարզիկներով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Նիւքեսըլի դաշտին վրայ: Մրցումէն առաջ մթնոլորտը կը կեդրոնանար Ալեքսանտր Իսաքի վրայ, որ այս ամրան որոշած էր լքել Նիւքեսըլը` միանալու Լիվըրփուլին, փոխանցում մը, որ սակայն չիրականացաւ... տակաւին: Նիւքեսըլ իր «Սէյնթ Ճէյմս փարք»-ին վրայ ստիպուեցաւ մէկ կիսախաղ 10 մարզիկներով...

Մանչեսթըր Սիթի Կը Մտածէ Աւելի Զօրացնել Կազմը

Մանչեսթըր Սիթի Կը Մտածէ Աւելի Զօրացնել Կազմը

Ամառնային փոխանցումներու վերջին շաբաթն է, եւ խումբերը տակաւին կը մտածեն աւելի եւս զօրացնել իրենց կազմերը, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Սիթի: Սիթի ինքզինք անորոշ կացութեան մէջ կը գտնէ, ուր ներքին մթնոլորտը կը զգացնէ, թէ խումբը լաւ պատրաստ չէ բոլոր ճակատներուն վրայ պայքարելու, մանաւանդ որ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով պարտութիւնը` Թոթենհամէն, այդ մէկը ցոյց տուաւ: Կազմին մէջ փոփոխութիւններ կատարած Սիթին, որմէ հեռացան Քեւըն Տը...

«Լա Լիկա».  Խեթաֆէ Յաղթեց Սեւիլիայի Դաշտին Վրայ

«Լա Լիկա». Խեթաֆէ Յաղթեց Սեւիլիայի Դաշտին Վրայ

«Լա լիկա»-ի երկրորդ հանգրուանին, Խեթաֆէ շնորհիւ 20 տարեկան Ատրիան Լիսոյի երկու կոլերուն, կրցաւ անակնկալի բերել Սեւիլիան, այս վերջինիս «Ռամոն Սանչես Փիզխուան» դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով: Սեւիլիա, որ անցեալ տարեշրջանին ալ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրած էր, բայց փրկուած Բ. դասակարգէն, չկրցաւ ինքզինք գտնել եւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ: Այս հանգրուանի անակնկալ արդիւնքով ճակատումներէն մէկն էր նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ - Էլչէ (1-1)...

«Սերի Ա.».  Ինթեր Միլան – Թորինօ` 5-0

«Սերի Ա.». Ինթեր Միլան – Թորինօ` 5-0

Իտալիոյ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանի վերջին մրցումին, Ինթեր Միլան 5-0 արդիւնքով լայն յաղթանակ մը արձանագրեց Թորինոյի դէմ: Ալեսանտրօ Պասթոնի, Մարքուս Թիւրամ (2), Լաութարօ Մարթինես եւ Անժ-Եոան Պոնի նշանակեցին Ինթերի 5 անպատասխան կոլերը` ռումանացի մարզիչ Քրիսթիան Չեւուի նոր տարեշրջանը լաւ ձեւով սկսելով: Այս հանգրուանին Եուվենթուս 2-0 արդիւնքով յաղթած էր Փարմային, շնորհիւ Ճոնաթան Տէյվիտի եւ Տուշան Վլահովիչի կոլերուն, մինչ Քոմօ 2-0 արդիւնքով անակնկալի...

Page 99 of 1275 1 … 98 99 100 … 1,275

Արխիւներ