Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը` Լիվըրփուլ – Արսենալ

Օգոստոս 30, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի կանուխ «գագաթի մրցում»-ին, վաղը ախոյեան Լիվըրփուլ պիտի հիւրընկալէ փոխախոյեան Արսենալը «Էնֆիլտ»-ի մէջ: «Էնֆիլտ»-ի մթնոլորտը վստահ տաք պիտի ըլլայ, ուր 61 հազարէ աւելի համակիրներ 90 վայրկեան իրենց երգերով եւ կանչերով պիտի փորձեն օգնել իրենց խումբերուն, որոնք իրենց 2 մրցումներուն ալ յաղթած են:

Լիվըրփուլ իր նախկին մրցումներուն 2-0 արդիւնքով յառաջանալէ ետք 2 կոլ ստանալով դժուարութեամբ կրցած էր յաղթել Պորնմաութին (4-2) եւ Նիւքեսըլին (3-2), բայց վաղը պէտք է ձեւ մը գտնէ առնուազն իր պաշտպանողականը ամրացնելու, մանաւանդ որ Արսենալ ո՛չ Պորնմաութ է, ո՛չ ալ Նիւքեսըլ:

Առնէ Սլոթի «կարմիրներ»-ը անգամ մը եւս պիտի փորձեն առաջին կոլը նշանակել եւ ակումբի մրցանիշ հաստատել 37 յաջորդական մրցումներու առնուազն կոլ մը նշանակելով:

Արսենալ իր կարգին իր նախկին երկու մրցումներուն պարտութեան մատնած էր Մանչեսթըր Եունայթըտ (1-0) եւ Լիծ Եունայթըտը (5-0)` փաստելով, որ Միքել Արթեթայի խումբը լուրջ թեկնածու է այս տարուան տիտղոսին, բան մը, որ նախապէս խոստովանած էր Լիվըրփուլի եգիպտացի յառաջապահ Մոհամետ Սալահ:

Լիվըրփուլ իր վերջին 6 «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն ձախողած է յաղթել Արսենալին (4 հաւասարութիւն եւ 2 պարտութիւն), բայց Արսենալէն չէ պարտուած իր դաշտին վրայ 2012-ի սեպտեմբերէն ի վեր:

Լիվըրփուլէն անգամ մը եւս պիտի բացակայի Ժերեմի Ֆրիմփոնկ, մինչ Արսենալ աւելի լուրջ հարցեր ունի, մանաւանդ երբ վերջին մրցումին (Լիծի դէմ) խմբապետ Մարթին Օտըկարտ եւ Պուքայօ Սաքա կիսատ ձգեցին մրցումը վիրաւորուելէ ետք` միանալով արդէն իսկ վիրաւոր Քայ Հավերթցին եւ Կապրիէլ Ժեսուսին:

Ստորեւ «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ շաբթուան յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Չելսի – Ֆուլհամ
Մանչեսթըր Եունայթըտ – Պըրնլի
Սանտըրլենտ – Պրենթֆորտ
Թոթենհամ – Պորնմաութ
Վուլվզ – Էվըրթըն
Լիծ – Նիւքեսըլ

ՎԱՂԸ
Պրայթըն – Մանչեսթըր Սիթի
Նոթինկհամ Ֆորեսթ – Ուեսթ Համ
Լիվըրփուլ – Արսենալ
Ասթոն Վիլա – Քրիսթըլ Փելես

Սպանիոյ մէջ, «Լա լիկա»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Պարսելոնա պիտի մեկնի Մատրիտ, մրցելու 8-րդ դիրքը գրաւող Ռայօ Վայեքանոյի դաշտին վրայ:

Պարսելոնա, որ Մայորքային (3-0) եւ Լեվանթէին (3-2) յաղթելէ ետք անպայման կ՛ուզէ յաղթել իր 3-րդ մրցումն ալ, պէտք է աւելի զգուշ խաղայ, մանաւանդ որ 4 այլ խումբեր իրեն կը հետեւին 6 կէտերով:

Ռէալ Մատրիտ, որ նոյնպէս 6 կէտ ունի Օսասունային (1-0) եւ Ռէալ Օվիետոյին (3-0) յաղթելէ ետք, պիտի փորձէ Մայորքային ալ յաղթել իր «Սանթիակօ Պեռնապէօ» դաշտին վրայ, նոյնիսկ առանց Ճուտ Պելինկհամի, Էտուար Քամավինկայի, Ֆերլան Մենտիի եւ Էնտրիքի:

Վիարէալ, որ Ժիրոնայի (5-0), եւ Օվիետոյի (2-0) դէմ յաղթանակներով սկսած էր առանց իսկ կոլ ստանալու, պիտի մեկնի Վիկօ` մրցելու Սելթայի դէմ:

6 կէտեր ունին նաեւ Խեթաֆէ եւ Աթլեթիք Պիլպաօ: Խեթաֆէ մրցակիցը պիտի ըլլայ Վալենսիան, իսկ Պիլպաօ պիտի մեկնի Սեւիլա` մրցելու Ռէալ Պեթիսի դէմ:

Ստորեւ` 3-րդ շաբթուան յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Ալավես – Աթլեթիքօ Մատրիտ
Ռէալ Օվիետօ – Ռէալ Սոսիետատ
Ժիրոնա – Սեւիլիա
Ռէալ Մատրիտ – Մայորքա

ՎԱՂԸ
Սելթա Վիկօ – Վիարէալ
Ռէալ Պեթիս – Աթլեթիք Պիլպաօ
Էսփանիոլ – Օսասունա
Ռայօ Վայեքանօ – Պարսելոնա

Գերմանիոյ «Պունտըսլիկա»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Պայերն Միւնիխ պիտի ըլլայ հիւրը դրացի Աուկզպուրկի:

Մասնագէտները յուսախաբ ընելէ ետք անցեալ շաբաթ, Աուկզպուրկ կրցած էր 3-1 արդիւնքով յաղթել Ֆրայպուրկի դաշտին վրայ, եւ մարզիչ Սանտրօ Վակնըր պիտի փորձէ անակնկալի բերել Պայերն Միւնիխն ալ, որ բացման մրցումին բաւական «անխնայ» յաղթանակ տարած էր Լայփցիկի (6-0) դէմ:

Դաշտէն դուրս խաղալն ալ այդքան մեծ հարց չէ եղած Պայերնի համար, որ իր վերջին 17 մրցումներուն 11 յաղթանակ եւ 5 հաւասարութիւն արձանագրած է:

Պայերն վերջին 6 ճակատումներուն ալ կրցած է յաղթել Աուկզպուրկի, եւ Ալֆոնսօ Տէյվիսի, Ժամալ Մուսիալայի, Հիրոքի Իթոյի եւ Թոմ Պիշոֆի բացակայութիւնը դժուար թէ ազդէ խումբին կարողութեան վրայ:

Հետաքրքրական մրցում մը կրնայ ըլլալ Հոֆենհայմ-Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ մրցումը, ուր երկու խումբերն ալ յաղթանակներով սկսած էին տարեշրջանը:

Ստորեւ` 2-րդ շաբթուան յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Ռետ Պուլ Լայփցիկ – Հայտընհայմ
Վերտըր Պրեմըն – Պայեր Լեւերքուզըն
Շթութկարթ – Մէօնշընկլատպախ
Հոֆենհայմ – Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ
Աուկզպուրկ – Պայերն Միւնիխ

ՎԱՂԸ
Վոլֆսպուրկ – Մայնց
Տորթմունտ – Ունիոն Պերլին
Ֆ. Ք. Քէօլն – Ֆրայպուրկ

Իտալիոյ «Սերի Ա.»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն, ախոյեան Նափոլի պիտի հիւրընկալ Քալիարին, մինչ փոխախոյեան Ինթեր Միլան պիտի հիւրընկալէ Ուտինեզէն:

Եուվենթուս պիտի ըլլայ հիւրը Ճենովայի, մինչ Քոմօ պիտի մեկնի Պոլոնիա` մրցելու Իտալիոյ բաժակակիր Պոլոնիային դէմ:

Ստորեւ` յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Պոլոնիա – Քոմօ
Փարմա – Աթալանթա
Նափոլի – Քալիարի
Փիզա – Ա. Էս. Ռոմա

ՎԱՂԸ
Ճենովա – Եուվենթուս
Թորինօ – Ֆիորենթինա
Ինթեր Միլան – Ուտինեզէ
Լացիօ Ռոմա – Վերոնա

Ֆրանսայի «Լիկ 1»-ի 3-րդ շաբթուան մրցումներուն, երկու յաղթանակներ արձանագրած Թուլուզ, որ երկրորդ դիրքը կը գրաւէ, պիտի հիւրընկալէ ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենը:

Նիսին (1-0) եւ Պրեսթին (2-0) յաղթելէ ետք Թուլուզի մարզիկներուն տրամադրութիւնները բարձր են, բայց պէտք է ընդունիլ, որ 2010-էն ի վեր Փարիզ Սեն Ժերմեն իր 26 մրցումներուն 21-ը յաղթանակով աւարտած է Թուլուզի դէմ:

Մոնաքօ պիտի հիւրընկալէ Սթրազպուրկը, որ իր երկու մրցումներն ալ յաղթած է, մինչ վաղը Լիոն պիտի հիւրընկալէ Մարսէյը` շաբթուան «սպասուած մրցումին:

Ստորեւ յայտագիրը.

ԱՅՍՕՐ
Լորիեն – Լիլ
Նանթ – Օքսեռ
Թուլուզ – Փարիզ Սեն Ժերմեն

ՎԱՂԸ
Անժէ – Ռենն
Մոնաքօ – Սթրազպուրկ
Փարիզ Ֆ. Ք. – Մեձ
Լը Հաւր – Նիս
Լիոն – Մարսէյ

 

Նախորդը

Թենիս. Խաչանով Դուրս Մնաց Բ. Հանգրուանէն

Յաջորդը

Ֆիտան. «Որոշեցինք Իսրայէլի Հետ Տնտեսական Եւ Առեւտրական Յարաբերութիւնները Ամբողջովին Խզել, Մեր Օդային Տարածքը Փակեցինք Անոր Օդանաւերուն Առջեւ»

RelatedPosts

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան.  Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա
Մարզական

Եւրոպական Ֆութպոլ. Այսօր` Նափոլի – Ինթեր Միլան. Վաղը` Ռէալ Մատրիտ – Պարսելոնա

Հոկտեմբեր 25, 2025
Ըմբշամարտ.    Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Սուրէն Աղաջանեան Պրոնզէ Մետալ Նուաճեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
Էմ. Էմ. Էյ.  Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց
Մարզական

Էմ. Էմ. Էյ. Ժորա Այվազեան Նաք-Աութով Յաղթեց

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?