Մարզական

Թենիս.  Ճոքովիչ Դուրս Ձգեց Ֆրիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Թենիս. Ճոքովիչ Դուրս Ձգեց Ֆրիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ 6-3, 7-5, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնել «Եու. Էս. Օփըն»-ի վերջին ամերիկացի թենիսմեն Թէյլըր Ֆրիցը` հասնելով կիսաւարտական: Ճոքովիչ իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ֆրիցի դէմ, որ բնաւ չէ կրցած յաղթել սերպ վեթերան թենիսմենին, որ իր մրցանիշը բարելաւեց հասնելով կրան-շլեմի մրցաշարքերու կիսաւարտական` 53-րդ անգամ ըլլալով, այս իրագործումներու կարգին է 14-րդ կիսաւարտականը` Ֆլաշինկ...

Ամառնային Փոխանցումներ.  Իսաք Վերջապէս Միացաւ Լիվըրփուլին

Ամառնային Փոխանցումներ. Իսաք Վերջապէս Միացաւ Լիվըրփուլին

Երկուշաբթի գիշեր փակուեցաւ ամառնային փոխանցումներու շուկան: Շուէտացի Ալեքսանտր Իսաք վերջապէս միացաւ Լիվըրփուլին` լքելով իր Նիւքեսըլ ակումբը, քանի մը ամիսէ ի վեր եղած «ըսի-ըսաւ»-ներէն ետք: «Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը դարձաւ ասիկա, որուն ընթացքին ախոյեան Լիվըրփուլ 125 միլիոն սթերլինկ փաունտ (145 միլիոն եւրօ) վճարեց: Նիւքեսըլ 2022-ին ձեռք ձգած էր Իսաքը Ռէալ Սոսիետատէն` 70 միլիոն եւրոյի փոխարէն: Նիւքսեըլ իր կարգին ձեռք...

Էրիք Սիմոնեան Հրաւիրուեցաւ  Ազգային Խումբ

Էրիք Սիմոնեան Հրաւիրուեցաւ Ազգային Խումբ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի անդամ Նորպերթօ Պրիասքօ Պալեքեան չմիացաւ ազգային խումբին անձնական պատճառներով, եւ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան ազգային խումբ հրաւիրեց 22 տարեկան Էրիք Սիմոնեանը: Սիմոնեան, որ 1,85 մեթր հասակով կեդրոնի պաշտպան դիրքի վրայ կը խաղայ, մաս կը կազմէ Ուրարտուի, որուն միացած էր Երեւանի բանակայիններու խումբէն: 2022-էն 2024 խաղալէ ետք ԲԿՄԱ Երեւան խումբէն, ան վերադարձաւ Ուրարտու, որուն սաներէն էր արդէն: 6...

Մուրինիօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Մուրինիօ Պաշտօնանկ Եղաւ

Փորթուգալցի մասնագէտ մարզիչ Ժոսէ Մուրինիօ անցեալ շաբաթավերջին պաշտօնանկ եղաւ թրքական Ֆեներպահչէ ակումբէն: Մուրինիօ, որ միշտ ալ հարցեր կ՛ունենար վերջին ամիսներուն լրագրողներու թէ խումբի պատասխանատուներուն հետ, կ՛ուզէր քանի մը մարզիկներու փոխանցումը, բան մը, որ ակումբը չէր կատարած: Ակումբը անցեալ շաբաթ դուրս մնացած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցաշարքէն` զտումի վերջին մրցումին պարտուելէ ետք Պենֆիքայէն: Մուրինիօ պարզապէս յայտարարած էր. «Եթէ «Չեմփիընզ լիկ»-ը իսկապէս...

Էրիք Թեն Հաակ Պաշտօնանկ Եղաւ

Էրիք Թեն Հաակ Պաշտօնանկ Եղաւ

Պայեր Լեւերքուզընի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Էրիք Թեն Հաակ պաշտօնանկ եղած է: 26 մայիսին Թեն Հաակ նշանակուած էր Լեւերքուզընի մարզիչ եւ պայմանագրութիւն ստորագրած մինչեւ 2027: Թեն Հաակ մրցանիշ ձեռք ձգեց «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան ընթացքին 2 հանգրուաններէ ետք պաշտօնանկ ըլլալով: Թեն Հաակի գլխաւորութեամբ Լեւերքուզըն Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Զոնենհոֆ Կրոսասփախին (4-0), բայց «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն պարտուած էր Հոֆենհայմէն (2-1) եւ...

Թենիս.  Կաֆ Դուրս Մնաց

Թենիս. Կաֆ Դուրս Մնաց

«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը հասած է քառորդ աւարտականին, ուր տղոց առաջին 10 դասուած մարզիկներէն 6-ը հասած են, իսկ աղջկանց լաւագոյն 10-էն` 4-ը: Տղոց Դ. հանգրուանի մրցումներուն անակնկալներ չստեղծուեցան, ուր թիւ 1 Եաննիք Սինըր 1 ժամ 23 վայրկեանի ընթացքին բաւական դիւրին յաղթանակ մը արձանագրեց Ալեքսանտր Պուպլիքի (Ղազախստան) դէմ մրցումին` 6-1, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով, եւ այժմ իր դէմ ունի 7...

Նովաք Ճոքովիչի Նոր Մրցանիշը

Նովաք Ճոքովիչի Նոր Մրցանիշը

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ թենիսի պատմութեան ամէնէն տարեց մարզիկն է, որ մէկ տարուան ընթացքին հասած է կրան-շլեմի 4 մրցաշարքերու քառորդ աւարտականին (38 տարեկան 94 օրական): «Եու. Էս. Օփըն»-ի 1/8-րդ աւարտականին Ճոքովիչ պարտութեան մատնեց գերմանացի թենիսմեն Եան-Լենարտ Շթրուֆը (թիւ 144), 6-3, 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով: Այս յաղթանակը զայն 64-րդ քառորդ աւարտականին հասցուց: Ըստ «Օփթա Սփորթ»-ի Ճոքովիչ դարձաւ պատմութեան առաջին թենիսմենը, որ...

Հաղորդագրութիւն

ՀՄԸՄ Հալէպ Անունը Վերականգնեցաւ

Անցեալ շաբաթ Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը որոշումով մը Սուրիոյ Եարմուք մարզական ակումբը վերակոչած էր ՀՄԸՄ Հալէպ` տարիներով փոխելէ ետք զայն: «Գանձասար» վերջերս յայտարարած էր այս լուրը իր էջերուն մէջ: «Ուրախութեամբ կը յայտարարենք Սուրիոյ եւ համայն սփիւռքի հալէպահայ ՀՄԸՄ-ականներուն, որ ՀՄԸՄ-ի Հալէպ մասնաճիւղի պետական եւ պաշտօնական անունը որդեգրուեցաւ` «ՀՄԸՄ-ի Հալէպի մարզական ակումբ» փոխան «Ալ Եարմուք»-ի, Սուրիոյ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի...

Ֆորմիւլա 1. Փիասթրի Շահեցաւ Նետերլանտներու Կրան Փրին. Հաժժար` 3-րդ

Ֆորմիւլա 1. Փիասթրի Շահեցաւ Նետերլանտներու Կրան Փրին. Հաժժար` 3-րդ

Կիրակի օր Նետերլանտներու մէջ տեղի ունեցաւ Զանտվորթի կրան փրին, որ այս տարուան 15-րդն էր, եւ տակաւին 9 կրան փրիներ կան: Դասաւորման առաջին դիրքը գրաւող աւստրալիացի Օսքար Փիասթրի 25 կէտեր եւս աւելցուց իր «Մաքլարեն»-ով, եւ դժուար թէ մրցակցութեան հանդիպի յաջորդ կրան փրիներուն, մանաւանդ որ իր ինքնաշարժը շատ աւելի առաւելութիւն ունի մրցակիցներուն վրայ, մինչ իր մրցակից-խմբակիցը` Լանտօ Նորիս 34 կէտով ետ կը...

Մեսսի Չկրցաւ Շահիլ Լիկայի Բաժակը

Մեսսի Չկրցաւ Շահիլ Լիկայի Բաժակը

Լիոնել Մեսսի եւ Ինթեր Մայեմի առիթներ ունէին, բայց զանոնք չօգտագործելով ծանր պարտութիւն կրեցին Սիեթըլ Սաունտըրզէն 3-0 արդիւնքով: Վերջինս շահեցաւ 2025-ի լիկայի բաժակի աւարտական մրցումը: «Լումեն Ֆիլտ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին, դաշտին տէրերը իրենց 69 հազար 300 համակիրներով ոգեւորուած շատ աւելի քաջալերեցին Սիեթըլը, քան 8 անգամ «Պալոն տ՛օր» շահած Մեսսսին: Մեսսի, որ իր ասպարէզի ընթացքին 33 կոլեր նշանակած էր...

«Սերի Ա.»  Ինթեր Միլան Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց

«Սերի Ա.» Ինթեր Միլան Անակնկալ Պարտութիւն Մը Կրեց

Իտալիոյ ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն, Ինթեր Միլան չկրցաւ իր դաշտին վրայ յաղթել Ուտինեզէին, որ 2 կոլերով փոխադարձեց Ինթերի 1-ին: Տենզել Տումֆրիզ 17-րդ վայրկեանին նշանակեց Ինթերի առաջին կոլը` Մարքուս Թիւրամի փոխանցումէն ետք: Հազիւ 10 վայրկեան ետք գնդակը դպաւ Տումֆրիզի ձեռքին, բայց իրաւարարը չնկատեց զայն: Քիչ ետք ՎԱՐ-ի սենեակէն դէպքը նշմարելէ ետք իրաւարարին հրահանգեցին կրկին ստուգել այդ դէպքը: Փենալթին անխուսափելի...

Բարսեղեան Եւ Սփերձեան Լաւ Ելոյթներ  Ունեցան Շաբաթավերջին

Բարսեղեան Եւ Սփերձեան Լաւ Ելոյթներ Ունեցան Շաբաթավերջին

Սլովաքիոյ ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Սլովան Պրաթիսլաւա 3-2 արդիւնքով յաղթեց Քոշիցէին: Սլովանի երեք կոլերը նշանակեց Նիքոլայ Քուխարեւիչ: Ուքրանացի մարզիկի երրորդ կոլի փոխանցումը կատարեց Հայաստանի ազգային խումբի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ լաւ ելոյթ մը ունեցաւ: Ռուսիոյ բարձրագոյն դասակարգի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն, ախոյեան Կրասնոտար 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Մոսկուայի բանակայիններուն դէմ մրցումին: 36-րդ վայրկեանին Մարուէյ Քիսլիաք նշանակեց Մոսկուայի կազմին կոլը, որմէ...

«Փրեմիեր Լիկ».  Հաալանտի Մրցանիշը

«Փրեմիեր Լիկ». Հաալանտի Մրցանիշը

Անգլիոյ «Փրեմիեր լիկ»-ի Մանչեսթըր Սիթիի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտ իր 88-րդ կոլը նշանակեց 100 մրցումներու ընթացքին` սահմանելով բոլոր ժամանակներու մրցանիշ: Նորվեկիացի յառաջապահը, որ «Փրեմիեր լիկ»-ի 3-րդ հանգրուանին նշանակեց Սիթիի միակ կոլը` Պրայթընի դէմ, գերազանցեց Ալեն Շիըրի նախկին մրցանիշը, վերջինս իր առաջին 100 մրցումներուն նշանակած էր 79 կոլ: Յաջորդ լաւագոյն կոլ-սքորըրն է նետերլանտցի Ռուտ Վան Նիսթըլրոյ, որ իր առաջին 100 մրցումներուն 68...

«Լա Լիկա».  Պարսելոնա 1 Կէտով Վերադարձաւ  Ռայօ Վայեքանոյի Դաշտէն

«Լա Լիկա». Պարսելոնա 1 Կէտով Վերադարձաւ Ռայօ Վայեքանոյի Դաշտէն

Սպանիոյ ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա անգամ մը եւս չկրցաւ տպաւորել եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Ռայօ Վայեքանոյի դաշտէն: Լամին Եամալ «կասկածելի» փենալթիով նշանակեց Պարսելոնայի կոլը 40-րդ վայրկեանին, մինչ Ֆրան Փերես 67-րդ վայրկեանին նշանակեց Ժոան Կարսիայի բերդին մէջ: Պէտք է ըսել, որ Կարսիա 5 ստոյգ առիթներէ ազատեց Պարսելոնայի բերդը: 3 մրցումներէ ետք, Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիք Պիլպաօ 9...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Մրցումին`  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Դ. Դասակարգի Աւարտական Մրցումին` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Այս շաբաթավերջին ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի կատարէ այս տարեշրջանի իր վերջին մրցումը Դ. դասակարգի առաջին խմբակի պարագլուխի դիրքը գրաւող Ղատ Աֆտալի դէմ: Երկու խումբերն ալ երկու տարիէ ի վեր իրենց նահանգներու ախոյեանները դարձած էին, բայց երկու խումբերն ալ յաջողեցան այս տարի բարձրանալ Գ. դասակարգ: Բ. խմբակի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ, որ Լեռնալիբանանի ախոյեան դարձած էր առանց որեւէ պարտութիւն կրելու, այս...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստանի Կազմը` Փորթուգալի Եւ Իրլանտայի Դէմ

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստանի Կազմը` Փորթուգալի Եւ Իրլանտայի Դէմ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի գլխաւոր մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան կը պատրաստուի իր առաջին մրցումին (իբրեւ ազգային խումբի մարզիչ) եւ 27 մարզիկներ հրաւիրած է միանալու ազգային խումբին: Ռումանական Ֆարուլ ակումբի միջնապահ Նարեկ Գրիգորեան վիրաւոր ըլլալուն պատճառով նկատի չէ առնուած ազգային խումբի հաւաքին, որ կը սկսի այսօր` պատրաստուելու համար 2026-ի մոնտիալի Եւրոպայի գօտիի Զ. խմբակի առաջին զտումի մրցումին, որ տեղի պիտի ունենայ շաբաթ...

Ծանրաբարձութիւն.  Դաւիթ Յովհաննիսեան Ոսկեմետալակիր

Ծանրաբարձութիւն. Դաւիթ Յովհաննիսեան Ոսկեմետալակիր

Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցած ծանրաբարձութեան Վալտըմար Մալաքիի անուան միջազգային մրցաշարքին, Դաւիթ Յովհաննիսեան դարձաւ ոսկի մետալակիր, մինչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան շահեցաւ արծաթէ մետալ: Ընդհանուր արդիւնքով (երկամարտ) Դաւիթ 365 քկ արձանագրած է, մինչ Ռաֆիկ Յարութիւնեան կրցած է ընդհանուր հաշուով բարձրացնել 352 քկ` դառնալով արծաթէ մետալակիր:  

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն  Յաղթեցին, Մինչ Եւրոպական  Փոխանցումները Կ՛աւարտին Այս Գիշեր

Եւրոպական Ֆութպոլ. Փարիզ Սեն Ժերմեն, Ռէալ Մատրիտ Եւ Պայերն Յաղթեցին, Մինչ Եւրոպական Փոխանցումները Կ՛աւարտին Այս Գիշեր

Եւրոպական կարեւոր 5 ախոյեանութիւնները կ՛ընթանան, մինչ այսօր կէս գիշերին կը փակուի փոխանցումներու ամառնային «շուկան»: Կան խումբեր, որոնք տակաւին կը փափաքին զօրացնել իրենց կազմերը, մանաւանդ որ ախոյեանութեան կողքին «Չեմփիընզ լիկ»-ի ծրագիրներ ալ կան, ուր ամէն խումբ իր կազմը վերատեսութեան կ՛ենթարկէ: «Չեմփիընզ լիկ»-ի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն 6-3 արդիւնքով մեծ յաղթանակ տարաւ Թուլուզի դաշտին վրայ, ուր փորթուգալցի Ժոաօ Նեւեշ հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ...

Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեանութիւն.  Նասր 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան  Մատնեց Թաաուոնը

Սէուտական Արաբիոյ Ախոյեանութիւն. Նասր 5-0 Արդիւնքով Ծանր Պարտութեան Մատնեց Թաաուոնը

Սէուտական Արաբիոյ ախոյեանութեան առաջին հանգրուանին, Նասր 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Թաաուոնը: 40 տարեկան փորթուգալցի Քրիսթիանօ Ռոնալտօ յաջողեցաւ փենալթիով նշանակել իր ասպարէզի 940-րդ կոլը: Ռոնալտօ, որ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ պիտի այցելէ Երեւան` շաբաթ օր մրցեցաւ Հայաստանի ազգային խումբին դէմ, 2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումին իր 802-րդ կոլը նշանակեց ակումբի մակարդակի վրայ, մինչ Փորթուգալի ազգային խումբին հետ ան նշանակած է 138...

Թենիս.  Զվերեւ Դուրս Մնաց

Թենիս. Զվերեւ Դուրս Մնաց

«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի բաց մրցաշարքը տակաւին կը շարունակուի Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ: Գ. հանգրուանի անակնկալ արդիւնքներէն էր թիւ 3 դասուած Ալեքսանտր Զվերեւի (Գերմանիա) պարտութիւնը` քանատացի Ֆելիքս Օժէ-Ալիասիմէն: Զվերեւ, որ 2020-ին աւարտական հասած էր տարուան վերջին կրան շլեմին, շահեցաւ առաջին սեթը 6-4 եւ սեթ-փոյնթ մը ունէր սեթ մը եւս շահելու թայ պրէյքին 6-5 յառաջանալէ ետք, բայց Օժէ-Ալիսաիմ ինքզինք գտաւ եւ 9-7...

Page 98 of 1275 1 … 97 98 99 … 1,275

Արխիւներ