Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգլիոյ Լիկայի Բաժակ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Դուրս Մնաց 4-րդ Դասակարգի Կրիմսպի Թաունէն Պարտուելով

August 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անգլիոյ 4-րդ դասակարգի Կրիմսպի Թաուն փենալթիներով դուրս ձգեց Անգլիոյ ֆութպոլի պատմութեան լաւագոյն ակումբներէն Մանչեսթըր Եունայթըտը:

Մրցումը հիմնական ժամանակը վերջ գտած էր 2-2 արդիւնքով, ուր Չարլզ Վերնամ եւ Թայրել Ուորեն նշանակած էին Կրիմսպիի կոլերը, իսկ Պրայըն Էմպեմօ եւ Հարի Մակուայր` Եունայթըտի կոլերը:

Կը կարծուէր, որ Եունայթըտի մարզիկները աւելի վճռական պիտի ըլլային, մանաւանդ 2-0 ետ մնալէ ետք 2 կոլեր նշանակելէ ետք, բայց ըստ երեւոյթին ատիկա այդպէս չէր, եւ Էմպեմոյի բախտը չժպտեցաւ իր երկրորդ փենալթիին:

Առաջին 5 փենալթիները հարուածելէ եւ մէկական փենալթիներ կորսնցնելէ ետք, խումբերը սկսան մէկական փենալթիներ հարուածել, մինչեւ հասնելով 13-րդ փենալթիին, ուր Պըրնզ նշանակելէ ետք իր 2-րդ փենալթին Էմպեմօ ձախողեցաւ…:

Մրցումէն ետք Եունայթըտի մարզիչ Ռուպեն Ամորիմ ունեցաւ կարճ զրոյց մը, որուն ընթացքին յայտնեց, որ մարզիկները այլեւս իրեն համար չեն խաղար, եւ կարծէք խումբը պիտի լքէ մօտ օրէն:

«Կարծեմ խաղցողները յստակօրէն ըսին իրենց խօսքը, թէ ի՛նչ կ՛ուզեն: Ես միայն կ՛ուզեմ համակիրներէն ներում հայցել: Բան մը պէտք է փոխուի, բայց 22 մարզիկ փոխելը անկարելի է նորէն»:

Ամորիմ յստակ պահանջներ ունէր, մանաւանդ բերդապահի եւ պաշտպանող միջնապահի դիրքերուն համար, բայց խումբի ղեկավարութիւնը աւելի կեդրոնացած էր յառաջապահ գիծին վրայ, ուր միլիոններ թափուեցան Մաթէոս Քունիայի եւ Պրայըն Էմպեմոյի վրայ:

Ան կ՛ուզէր Վիքթոր Օսիմենը, բայց ակումբը ձեռք ձգեց Պենիամին Շեշքոն: Կ՛ուզէր բերդապահներ Ալթայ Պայընտըրը եւ Անտրէ Օնանան փոխարինել, բայց ձեռք բերին պելճիքացի Ցեն Լամենսը, որ փորձառութիւն չունի տակաւին:

Հետաքրքրականը այն է, որ Եունայթըտ 2 շաբաթ առաջ կ՛ուզէր ձեռք ձգել Պրայթընի պաշտպանող միջնապահ Քարլոս Պալեպան, իսկ այժմ կ՛ուզէ «ծախել» Քոպի Մայնոն (20 տարեկան), որ Եունայթըտի վերջին տարիներու ամէնէն փայլուն աստղերէն է, որ ակումբի ակադեմիայէն դուրս եկած է:

Մարզիչի հեռանկարը` նոր Մանչեսթըր Եունայթըտ կազմելու, շուտով սկսած է նմանիլ անձի մը, որ վստահ չէ, եթէ նոյնիսկ կ՛ուզէ շարունակել կամ ոչ:

 

Նախորդը

Գերմանիոյ Մէջ. Պայերն Միւնիխ Քիչ Մնաց Դուրս Մնար

Յաջորդը

Ճատրակ. Ուեզլի Սօ Շահեցաւ «Սինքուեֆիլտ Բաժակը»

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը
Մարզական

Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պարտութեամբ Սկսաւ Տարեշրջանը

October 26, 2026
Ըմբշամարտ.  Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց
Մարզական

Ըմբշամարտ. Մալխաս Ամոյեան Դուրս Մնաց

October 26, 2026
ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին
Մարզական

ՌԱՖ. Ծառուկեան Նուաճեց Ախոյեանի Գօտին

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.