Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակի 1/32-րդ հանգրուանին, Գերմանիոյ Գ. դասակարգի խումբերէն Վեհեն անակնկալի բերած էր Պայերն Միւնիխը, որ միայն իր փորձառութեամբ կրցաւ կոլ մը նշանակել 94-րդ վայրկեանին եւ հասնիլ յաջորդ հանգրուան:
Պայէրն Միւնիխ, որ «Պունտըսլիկա»-ն շատ փայլուն ձեւով սկսած էր 6-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ռետ Պուլ Լայփցիկին, բաժակի մրցումին ալ լաւ ձեւով սկսաւ:
Մարզիչ Վենսան Քոմփանի որոշած էր փոփոխութիւններ կատարել չճնշելու համար մարզիկներուն վրայ: Բերդապահի դիրքին վրայ Եոնաս Ուրպիկ փոխարինած էր Մանուէլ Նոյըրը (որ կախակայուած էր): Լենարթ Քարլ մրցումին մէկ մասը կը խաղար թիւ 10 դիրքին վրայ` ֆրանսացի Մայքըլ Օլիսէի հետ երբեմն փոխանակուելով դիրքերը (աջ ծայրէն կեդրոն): Ալեքսանտր Փաւլովիչ ոսկորի կորտրուածքէ ապաքինելով վերադարձած էր եւ Եոշուա Քիմիչի հետ կը խաղար միջնապահ դիրքի վրայ: Ծայրի պաշտպանները փոխարինած էին եւ Սաշա Պոյ – Ռաֆայել Կերէյրօ զոյգը փոխարինած էր Սթանիշիչ-Լայմէր զոյգը, իսկ Քիմ Մին-Ժայ փոխարինած էր Տայոթ Ուփամեքանոն կեդրոնի պաշտպանի դիրքին վրայ, Եոնաթան Թահի կողքին:
11 երկվայրկեանէն Լուիս Տիաս առիթ ունէր բանալու մրցումին հաշիւը, բայց ան ուղղակի հարուածեց Վեհենի բերդապահ Ֆլորիան Շթրիցըլի վրայ:
9-րդ վայրկեանին Պայերն պէտք էր կոլ նշանակած ըլլար` մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելէ ետք, մինչ ստոյգ փենալթի մըն ալ կար, երբ մրցակից մը ձեռքով կասեցուց գնդակը…
15-րդ վայրկեանին Սաշա Պոյ գետին բերուեցաւ մեծ քառակուսիին մէջ, եւ Հերի Քէյն փենալթիով նշանակեց Պայերնի առաջին կոլը:
Գեղեցիկ փոխանցումներէ ետք, Տիասի զօրաւոր հարուածը դպաւ մրցակիցի մը: Քէյն, Տիաս եւ Կերէյրօ լաւ առիթներ ունեցան, բայց Շթրիցըլ մնաց անդրդուելի:
51-րդ վայրկեանին Քարլի արագ յարձակումէն ետք եւ գնդակը Քէյնէն ու Պոյէն անցնելէ ետք հասաւ Օլիսէի եւ… 2-0:
Տիաս առիթ մը եւս ունէր, բայց Շթրիցըլ անգամ մկ եւս զսպեց: 64-րդ վայրկեանին Օլիսէ լաւ չկրցաւ պաշտպանել, մինչ Մէյ փոխանցեց Ֆաթիհ Քայայի, որ Թահի ետեւէն նշանակեց 2-1-ի կոլը:
Այս կոլը շունչ տուաւ Վեհենին, որ լրջացուց իր յարձակումները, եւ անգամ մը եւս Քայա առիթէն օգտուեցաւ եւ Մին-Ժայի անցնելէ ետք նշանակեց հաւասարութեան կոլը:
Պայերն, որ քիչ մը աւելի հանդարտ կը խաղար, սաստկացուց իր յարձակումները եւ փենալթի մը շահեցաւ, բայց… Շթրիցըլ զսպեց Քէյնի փենալթին: Շթրիցըլ զսպեց նաեւ Քէյնի երկրորդ առիթը (փենալթիէն ետք), գնդակը վերադարձած էր անգլիացի յառաջապահին:
83-րդ վայրկեանին Օլիսէի առիթը զսպեց Շթրիցըլ, ապա գնդակը հասաւ Տիասին, որ շատ արագ փորձեց հարուածել…
Մրցումին ուղղութիւնը այնպէս էր, որ Պայերն դուրս պիտի մնայ, մանաւանդ որ մեծ թիւով առիթներ իրենց նպատակին չէին հասներ:
94-րդ վայրկեանին սակայն Սթանիշիչի օդէն փոխանցումը հասաւ Քէյնին, որ գլխու հարուածով անսխալ էր… Արդիւնք` 2-3 ի նպաստ Պայերնի:
Պայերն հասաւ իր նպատակին` հասնելով յաջորդ հանգրուան, բայց պէտք է մեծ թիւով առիթներ կորսնցնելուն ճարը գտնել:


