16 տարեկան Ռիօ Էնկումոա 100-րդ վայրկեանին նշանակեց կոլ մը, որ 3 կէտերը նուիրեց իր ակումբին` Լիվըրփուլի, որ 10 մարզիկներով դժուար յաղթանակ մը տարաւ Նիւքեսըլի դաշտին վրայ:
Մրցումէն առաջ մթնոլորտը կը կեդրոնանար Ալեքսանտր Իսաքի վրայ, որ այս ամրան որոշած էր լքել Նիւքեսըլը` միանալու Լիվըրփուլին, փոխանցում մը, որ սակայն չիրականացաւ… տակաւին:
Նիւքեսըլ իր «Սէյնթ Ճէյմս փարք»-ին վրայ ստիպուեցաւ մէկ կիսախաղ 10 մարզիկներով շարունակել, երբ Անթոնի Կորտըն կարծր ֆաուլէ մը ետք վտարուեցաւ կիսախաղէն քիչ առաջ:
Լիվըրփուլ, որ 35-րդ վայրկեանին բացած էր մրցումին հաշիւը` շնորհիւ Ռայըն Կրավընպերխի հարուածին, Բ. կիսախաղի առաջին վայրկեանին կոլ մը եւս նշանակեց, երբ Քոտի Կաքփոյի գեղեցիկ փոխանցումէն ետք Ուկօ Էքիթիքէ զօրաւոր հարուածով մը նշանակեց «կարմիրներ»-ու երկրորդ կոլը` ձախ սիւնին օգնութեամբ:
Կը կարծուէր, որ Լիվըրփուլ կ՛ուղղուի հանգիստ յաղթանակի, բայց մարզիչ Էտի Հաուի խումբը կարծէք 11 մարզիկներով կը խաղար, անոնք կրցան կոլ մըն ալ նշանակել շնորհիւ Պրունօ Կիմարայէշի գլխու հարուածին:
Լիվըրփուլ, որ տարեշրջանի սկիզբէն պաշտպանողական հարցեր ունի, չկրցաւ իր առաւելութենէն օգտուիլ, ընդհակառակն` կոլ մը եւս ստացաւ 88-րդ վայրկեանին` Ուիլիամ Օսուլայի միջոցով:
Բ. կիսախաղին Նիւքեսըլէն վիրաւորուած էին Սանտրօ Թոնալի եւ Ֆապիան Շար, եւ իրաւարարը ստիպուեցաւ 11 յաւելեալ վայրկեաններ շնորհել` մրցումին շատ ժամանակ անցնելուն պատճառով:
96-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացաւ Ռիօ Էնկումոա, որ փոխարինեց Քոտի Կաքփոն: 4 օր ետք 17 տարեկանը բոլորելիք յառաջապահը չէր գիտեր, որ 101-րդ վայրկեանին Մոհամետ Սալահէն գեղեցիկ փոխանցում մը ստանալով պիտի դառնայ մրցումին հերոսը` 3 կէտերը շնորհելով ախոյեան Լիվըրփուլին:
Այս կիրակի Լիվըրփուլ դժուար մրցում մը եւս պիտի ունենայ ժամը 18:30-ին` հիւրընկալելով այս տարեշրջանի զօրաւորագոյն մրցակիցներէն Արսենալը:
Նշենք, որ Բ. շաբթուան մրցումներուն, Մանչեսթըր Եունայթըտ 1-1 արդիւնքով հեռացած էր Ֆուլհամի դաշտէն, իսկ Քրիսթըլ Փելես նոյն արդիւնքով հաւասարութիւն արձանագրած էր Նոթինկհամ Ֆորեսթի դէմ մրցումին: