Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Սերխիօ Փերես Եւ Վալթերի Պոթաս Միացան «Քատիլաք»-ին

August 29, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քատիլաք» ամերիկեան ինքնաշարժներու ընկերութիւնը այժմէն իսկ ձեռք ձգեց յառաջիկայ տարուան իր վարորդները, որոնք պիտի ըլլան «Ֆորմիւլա 1»-ին նոր միացած ընկերութեան առաջին ելոյթ ունեցողները կրան-փրիներու աշխարհին մէջ:

«Ճեներըլ Մոթորզ»-ի հովանաւորած «Քատիլաք» խումբը պիտի ղեկավարէ նախկին «Մերուսիա Սփորթինկ»-ի տնօրէն Կրաէմ Լոտըն` «Քատիլաք»-ը դարձնելով յառաջիկայ տարուան 11-րդ խումբը:

«Քատիլաք»-ի այս քայլը վստահաբար ըսել կ՛ուզէ, թէ անոնք նախընտրած են փորձառու վարորդներ, որոնք 527 կրան փրիներու մասնակցած են` շահելով 16 մրցումներ միասնաբար:

«Երկու փորձառու վարորդներ ձեռք ձգելով կ՛ուզենք արագ ձեւով յաջողութեան հասնիլ: Անշուշտ գիտենք, որ երկու վարորդներն ալ պիտի օգնեն, որ նոր խումբը յառաջդիմէ: Իրենց ուղղութիւնները, մրցումի պատրաստութիւնները, արագութեան գաղտնիքները եւ ցուցմունքները աւելի եւս առաջ կրնան տանիլ խումբը, որ կարճ ժամանակէն կրնայ լաւ արդիւնքներ տալ: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք «Մերսետես» խումբին` օգնութեան համար», ըսաւ Լոտըն:

35 տարեկան վեթերանները առիթ մը եւս պիտի ունենան «Ֆորմիւլա 1» վերադառնալու, մանաւանդ որ երկու վարորդներն ալ իրենց դիրքերը կորսնցուցած էին անցեալ եղանակի աւարտին:

Փերես հեռանալէ ետք «Ռետ Պուլ»-էն աւելի ժամանակ տրամադրած էր իր ընտանիքին, մինչ Պոթաս մնացած էր կրան-փրիի աշխարհ` ըլլալով «Մերսետես»-ի պահեստի վարորդ, իր աթոռը կորսնցնելէ ետք Սաուպըրի հետ:

Մեքսիքացի Փերես հսկայ փորձառութիւն ունի «Սաուպըր»-ի, «Մաքլարեն»-ի եւ «Ֆորս Ինտիա/Ռէյսինկ Փոյնթ»-ի հետ վարելէ ետք ի վերջոյ «Ռետ Պուլ»-ին միանալով եւ օգնելով, որ խումբը շահի 2022-ի եւ 2023-ի խմբային ախոյեանութիւնը:

«Քատիլաք»-ին միանալը պատիւ է, ուր խումբ մը կը կազմուի, եւ շատ հաճելի էր տեսնել իրենց ծարաւը եւ ախորժակը այս նոր խումբին հետ կանուխէն արդիւնքի հասնելու: «Քատիլաք» ամերիկեան ինքնաշարժներուն մէջ պատմական անուն է, եւ վստահ պիտի ըլլայ «Ֆորմիւլա 1»-ի մէջ ալ, եւ այս զոյգով ամերիկեան ընկերութիւնը պիտի դառնայ գլխաւոր թեկնածուներուն մէջ», ըսաւ Փերես:

Ֆինլանտայի Պոթաս, որ «Մերսետես»-ի հետ մեծ յաջողութիւն գտած էր խմբային ախոյեան դառնալով 2017-էն 2021, ըսաւ. «Այդ վայրկեանէն, որ «Քատիլաք»-ի հետ խորհրդակցութիւններու մէջ մտանք, տարբեր զգացում ունէի: Յուսալից ժողով մըն էր, բայց միայն կարճ ժամանակի համար չէր, այլ երկար դիտանկարով: Ամէն օր այս առիթը չես ունենար նոր բան մը սկսելու, եւ այդ բանին օգնելու եւ մաս կազմելու համար. պատիւ կը զգամ: Արդէն պատիւ կը զգայի աշխարհի լաւագոյն խումբերուն հետ աշխատելուս համար, բայց հոս ալ նոյն արհեստավարժ մօտեցումը զգացի»:

Նախորդը

Լուսարձակ. Կարս-Նախիջեւան Երկաթուղիին «Խորքը»

Յաջորդը

Գերմանիոյ Մէջ. Պայերն Միւնիխ Քիչ Մնաց Դուրս Մնար

RelatedPosts

Հեծելարշաւ.  Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր  Մարզիկները Պատուեց
Մարզական

Հեծելարշաւ. Պայրագտարեան Հեծելարշաւի Մրցանակակիր Մարզիկները Պատուեց

January 31, 2026
Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց  Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն
Մարզական

Կերակուսեան Կոլ Մը Նշանակեց Եւ Էսիսթ Մը Տուաւ, Բայց… Հեռացուեցաւ Դաշտէն

January 31, 2026
Ֆութսալ.  Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա
Մարզական

Ֆութսալ. Այսօր` Հայաստան – Խրուաթիա

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.