«Լա լիկա»-ի երկրորդ հանգրուանին, Խեթաֆէ շնորհիւ 20 տարեկան Ատրիան Լիսոյի երկու կոլերուն, կրցաւ անակնկալի բերել Սեւիլիան, այս վերջինիս «Ռամոն Սանչես Փիզխուան» դաշտին վրայ, 2-1 արդիւնքով:
Սեւիլիա, որ անցեալ տարեշրջանին ալ բաւական ձախող արդիւնքներ արձանագրած էր, բայց փրկուած Բ. դասակարգէն, չկրցաւ ինքզինք գտնել եւ մտնել մրցումի մթնոլորտին մէջ:
Այս հանգրուանի անակնկալ արդիւնքով ճակատումներէն մէկն էր նաեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ – Էլչէ (1-1) մրցումը, ուր մայրաքաղաքի կազմը յուսախաբ ըրաւ իր համակիրները:
Պարսելոնա 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք կրցած էր յաղթել Լեվանթէին 3-2 արդիւնքով, այս վերջինիս դաշտին վրայ` Վալենսիայի մէջ:
Փետրի, Ֆեռան Թորես եւ Ունայ Ուտոնտօ (սխալմամբ իր բերդին մէջ) նշանակած էին Պարսելոնայի 3 կոլերը:
Ռէալ Մատրիտ իր կարգին յաղթանակով աւարտեց իր մրցումը` 3-0 արդիւնքով յաղթելով Ռէալ Օվիետոյի դաշտին վրայ, շնորհիւ Քիլիան Էմպափէի (2) եւ Վինիսիուս Ժունիորի կոլերուն:
Օվիետոյի «Նուեւօ Քարլոս Թարթիերէ» դաշտին վրայ այս յաղթանակը մրցանիշ մը եղաւ Ռէալի համար, որ 93-րդն էր մայրաքաղաքի կազմին համար Սպանիոյ բարձրագոյն դասակարգին մէջ: Ռէալի յաղթանակը 88-րդ տարբեր դաշտերու վրայ արձանագրած յաղթանակն էր, որ մէկ մրցումով գերազանցեց Պարսելոնայի 87 յաղթանակներուն, մինչ Աթլեթիքօ Մատրիտ 83 յաղթանակ արձանագրած է տարբեր դաշտերու վրայ: