Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասքեթպոլ. Լիբանանի Ֆետերասիոնը Հրապարակեց 2025-2026 Տարեշրջանի Օրէնքները

August 28, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը հրապարակեց 2025-2026 տարեշրջանի օրէնքներն ու կանոնները, որոնք վերատեսութեան ենթարկուած էին:

Ախոյեանութիւնը ընթացք պիտի առնէ 18 հոկտեմբերին, 12 խումբերուն համար Ա. կարգի մարզիկներու առաւելագոյն թիւը 5 պիտի ըլլայ իւրաքանչիւր խումբի: Բոլոր խումբերն ալ իրաւասութիւն պիտի ունենան 3 օտար մարզիկներով դաշտ ներկայանալու:

Օտար մարզիկներու փոփոխութիւններու պարագային, ամէն խումբ կրնայ մարզիկ փոխարինել «ֆայնըլ 4»-ին, աւարտականներու ճակատումին եւ մինչեւ իսկ փլէյ-աութի մրցումներուն:

Եթէ մարզիչ մը «Այ. Ար. Էս.»-ի դիմէ (անմիջական կրկնութիւն պաստառին վրայ) եւ իրաւունքով ելլէ, իրաւասութիւն ունի յաջորդին ալ պահանջել վերատեսութեան ենթարկելու «չելենճ»-ը («Այ. Ար. Էս.»):

Եթէ մարզիկ մը վտարուի դաշտէն, յաջորդ մրցումի մասնակցութիւնը կրնայ վերատեսութեան ենթարկուիլ:

Կախակայումի համար մէկ «Եունիթ» 100 ամ. տոլար կ՛արժէ: Եւ եթէ խումբ մը չվճարէ տուգանքը մինչեւ յաջորդ մրցում, պարտուած պիտի նկատուի 20-0 արդիւնքով:

Խիստ օրէնքներ կան յառաջիկայ տարեշրջանին համակիրներուն համար` կախակայելով զանոնք եւ տուգանքի ենթարկելով խումբը:

Ֆետերասիոնը ինք կ՛որոշէ, եթէ պատանիներ կրնան դաշտ ներկայանալ համակիրներուն փոխարէն:

Բնական ախոյեանութիւնը տեղի կ՛ունենայ 22 հանգրուաններով` 11 երթ եւ 11 դարձ:

Լաւագոյն 4 դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին «Ֆայնըլ 6»: «Ֆայնըլ 6»-ի մնացեալ 2 խումբերը կը մասնակցին Փլէյ-Ին մրցաշարքին: Առաջին ճակատումին, 5-րդ դիրքը գրաւող խումբը կը մրցի 6-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, 3 մրցումներուն 2 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հասնի «Ֆայնըլ 6»: Երկրորդ ճակատումին, 7-րդ դիրքը գրաւող խումբը կը մրցի 8-րդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ, 3 մրցումներուն 2 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հասնի հանգրուանի մը, ուր կը մրցի առաջին ճակատումի պարտուող խումբին դէմ, երեք մրցումներով եւ վերջնական յաղթականը կը հասնի «Ֆայնըլ 6»:

Պարտուող խումբերը կը փակեն իրենց տարեշրջանը:

«Ֆայնըլ 6»-ին բոլոր խումբերը կը պահեն իրենց կէտերը եւ երթուդարձի դրութեամբ կը շարունակեն մրցաշարքը:

Լաւագոյն 4 դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին «Ֆայնըլ 4»:

«Ֆայնըլ 4»-ի մրցումները տեղի կ՛ունենան 5 ճակատումներով, ուր 3 յաղթանակ արձանագրող խումբերը կը հասնին աւարտական, որ տեղի կ՛ունենայ 7 ճակատումներով, ուր 4 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը դառնայ ախոյեան:

Փլէյ-աութ մրցաշարք տեղի կ՛ունենայ 9-րդ ընդդէմ 10-րդ եւ 11-րդ ընդդէմ 12-րդ դիրքերը գրաւող խումբերուն միջեւ: Անցեալ տարուան դրութեամբ, բայց ոչ նաք-աութի ձեւով (1 մրցում), այլ 5 ճակատումներով, ուր 3 յաղթանակ արձանագրող խումբը կը հասնի յաջորդ հանգրուան: 11-րդ դիրքը գրաւող խումբը Բ. դասակարգի երկրորդ դիրքը գրաւող խումբին դէմ զտումի մրցում կը խաղայ, 12-րդ դիրքը գրաւող խումբը կ՛իջնէ Բ. դասակարգ, մինչ 9-րդ եւ 10-րդ դիրքերը գրաւող խումբերը կը փակեն իրենց տարեշրջանը:

 

Նախորդը

Հեծելարշաւ. Ծատուրեան Եղբայրներուն Նուիրուած 9-րդ Մրցումը

Յաջորդը

«Ռոյթըրզ». «Ուժանիւթային Շարք Մը Գործարքներու Շուրջ Ռուս-Ամերիկացի Պաշտօնատարներու Գաղտնի Քննարկումներ»

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.