Անցեալ տարուան Գերմանիոյ ֆութպոլի բաժակակիր Շթութկարթ, պէտք ունեցաւ փենալթիներու` դուրս ձգելու Բ. դասակարգի Այնթրախթ Պրաունշվայկը:
Օրուան «հերոս»-ն էր Շթութկարթի բերդապահ Ալեքսանտր Նուպել, որ սակայն 8-րդ վայրկեանին աններելի սխալէ մը ետք կոլ ստացած էր: Նուպել աւելի ուշ փրկեց իր բերդը ստոյգ կոլերէ, ինչպէս նաեւ փենալթիներ զսպելով մոռացութեան մատնեց իր սխալը:
Ցվեն Քոլըր 8-րդ վայրկեանին նշանակած էր Պրաունշվայկի առաջին անակնկալ կոլը: Պոսնիացի Էրմետին Տեմիրովիչ 11-րդ եւ 60-րդ վայրկեաններուն յաջորդական կոլեր նշանակեց ի նպաստ Շթութկարթի, բայց Բ. դասակարգի ակումբը յանձնուելու ոչ մէկ նշան ցոյց տուաւ, եւ իր կարգին յաջորդական կոլեր նշանակեց շնորհիւ Ֆապիօ Տի Միքելէ Սանչեսի (77-րդ եւ 85-րդ վայրկեաններուն): Նիք Վոլթըմատէ 89-րդ վայրկեանին փրկեց տիտղոսակիր Շթութկարթը` նշանակելով 3-3-ի կոլը:
Դիմուեցաւ երկարաձգման, ուր խումբերը մէկական կոլեր նշանակեցին, եւ մրցումը վճռուեցաւ փենալթիներով:
Երկու խումբերն ալ իրենց առաջին 5 փենալթիներէն 2-ական հարուածներ չկրցան հասցնել նպատակին:
10-րդ փենալթին կորսնցնելէ ետք, Պրաունշվայկի բերդապահը չկրցաւ զսպել Լորենց Ասինիոնի փենալթին, եւ Շթութկարթ մեծ դժուարութեամբ հասաւ յաջորդ հանգրուան: