Ամառնային փոխանցումներու վերջին շաբաթն է, եւ խումբերը տակաւին կը մտածեն աւելի եւս զօրացնել իրենց կազմերը, որոնց կարգին` Մանչեսթըր Սիթի:
Սիթի ինքզինք անորոշ կացութեան մէջ կը գտնէ, ուր ներքին մթնոլորտը կը զգացնէ, թէ խումբը լաւ պատրաստ չէ բոլոր ճակատներուն վրայ պայքարելու, մանաւանդ որ շաբաթավերջին 2-0 արդիւնքով պարտութիւնը` Թոթենհամէն, այդ մէկը ցոյց տուաւ:
Կազմին մէջ փոփոխութիւններ կատարած Սիթին, որմէ հեռացան Քեւըն Տը Պրույնէ, Ճեք Կրիլիշ, Վիթոր Ռէյս, Ճէյմս Մաքաթի եւ Եան Քութօ, եւ ըստ երեւոյթին բերդապահ Էտերսոն, ճիշդ է, որ Թիյանի Ռէյնտըրզի, Ռայան Շերքիի, Ճէյմս Թրաֆորտի, Ցվեր Նիփանի եւ Ռայան Այդ-Նուրիի նման մարզիկներ ձեռք ձգեց, բայց ըստ երեւոյթին մարզիչ Փեփ Կուարտիոլա գոհ չէ տակաւին եւ կ՛ուզէ միացնել իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման եւ նոյնիսկ Ռէալ Մատրիտի պրազիլցի մարզիկ Ռոտրիկոն եւ Քրիսթըլ Փելեսի պաշտպանող Ատամ Ուորթընը:
Սիթի հաւանաբար կը նկատէ, թէ Արսենալ եւ Լիվըրփուլ շատ աւելի բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը ներկայացնեն եւ այդ պատճառով է, որ կ՛ուզէ մնալ անոնց մօտ:
Կրնայ ըլլալ, որ Թոթենհամի պարտութիւնը անակնկալ չէր, բայց յաւելեալ փաստ մը եղաւ, որ շատերուն կասկածները ճիշդ էին, եւ խումբը յաւելեալ ուժերու կարօտը ունի:
Կացութիւնը քիչ մը անախորժ կը թուի ըլլալ Կուարտիոլայի համար, որ շատ ալ չի նախընտրեր մեծ թիւով մարզիկներ ունենալ փորձերու ընթացքին, բայց վստահաբար առնուազն մէկ մարզիկի կարիքը կայ: