Սպանիոյ ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Պարսելոնա անգամ մը եւս չկրցաւ տպաւորել եւ 1-1 արդիւնքով հաւասարութեամբ հեռացաւ Ռայօ Վայեքանոյի դաշտէն:
Լամին Եամալ «կասկածելի» փենալթիով նշանակեց Պարսելոնայի կոլը 40-րդ վայրկեանին, մինչ Ֆրան Փերես 67-րդ վայրկեանին նշանակեց Ժոան Կարսիայի բերդին մէջ: Պէտք է ըսել, որ Կարսիա 5 ստոյգ առիթներէ ազատեց Պարսելոնայի բերդը:
3 մրցումներէ ետք, Ռէալ Մատրիտ եւ Աթլեթիք Պիլպաօ 9 կէտեր շահած են` յաղթելով իրենց երեք մրցումներուն ալ:


