Երկուշաբթի գիշեր փակուեցաւ ամառնային փոխանցումներու շուկան: Շուէտացի Ալեքսանտր Իսաք վերջապէս միացաւ Լիվըրփուլին` լքելով իր Նիւքեսըլ ակումբը, քանի մը ամիսէ ի վեր եղած «ըսի-ըսաւ»-ներէն ետք:
«Փրեմիեր լիկ»-ի պատմութեան ամէնէն սուղ փոխանցումը դարձաւ ասիկա, որուն ընթացքին ախոյեան Լիվըրփուլ 125 միլիոն սթերլինկ փաունտ (145 միլիոն եւրօ) վճարեց:
Նիւքեսըլ 2022-ին ձեռք ձգած էր Իսաքը Ռէալ Սոսիետատէն` 70 միլիոն եւրոյի փոխարէն:
Նիւքսեըլ իր կարգին ձեռք ձգեց Պրենթֆորտի յառաջապահ Եոան Ուիսսան` 55 միլիոն սթերլինկ փաունտի փոխարէն: Ասթոն Վիլա ձեռք ձգեց Լիվըրփուլին Հարվի Էլիըթը, ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Եունայթըտի Ճէյտըն Սանչոն: Եունայթըտ ձեռք ձգեց պելճիքացի բերդապահ Սեննէ Լամենսը:
Չելսիի յառաջապահ Նիքոլաս Ճեքսըն միացաւ Գերմանիոյ Պայերն Միւնիխին, Մանչեսթըր Սիթի ձեռք ձգեց իտալացի բերդապահ Ճիանլուիճի Տոնարուման, մինչ իր պրազիլցի բերդապահ Էտերսոն պիտի միանայ Թուրքիոյ ֆեներպահչէին:
Անգլիացի վեթերան յառաջապահ Ճէյմի Վարտի Լէսթըր Սիթին լքելէ ետք միացաւ Իտալիոյ Քրեմոնեզէ խումբին:
Ինթեր Միլանի աջ կողմի յետսապահ Պենճամեն Փաւար միացաւ Մարսէյին, մինչ Մարսէյի միջնապահ Ատրիան Ռապիօ միացաւ Ա. Սէ. Միլանին: Ինթեր Միլան ձեռք ձգեց Մանչեսթըր Սիթիի Մանուէլ Աքանժին:
Մանչեսթըր Եունայթըտի ծայրի յառաջապահ Անթոնի միացաւ Ռէալ Պեթիսին, մինչ դանիացի յառաջապահ Ռասմուս Հոյլունտ միացաւ Նափոլիին, մինչ արժանթինցի Ալեքսանտրօ Կառնաչօ միացած էր Չելսիին:


