Պայեր Լեւերքուզընի մամլոյ ծառայութիւնը յայտնեց, որ Էրիք Թեն Հաակ պաշտօնանկ եղած է:
26 մայիսին Թեն Հաակ նշանակուած էր Լեւերքուզընի մարզիչ եւ պայմանագրութիւն ստորագրած մինչեւ 2027:
Թեն Հաակ մրցանիշ ձեռք ձգեց «Պունտըսլիկա»-ի պատմութեան ընթացքին 2 հանգրուաններէ ետք պաշտօնանկ ըլլալով:
Թեն Հաակի գլխաւորութեամբ Լեւերքուզըն Գերմանիոյ բաժակի մրցաշարքին 4-0 արդիւնքով յաղթած էր Զոնենհոֆ Կրոսասփախին (4-0), բայց «Պունտըսլիկա»-ի մրցումներուն պարտուած էր Հոֆենհայմէն (2-1) եւ հաւասարութիւն արձանագրած Վերտըր Պրեմընի հետ:
Թեն Հաակ նախապէս մարզած է Նետերլանտներու Կօ Ըհետ Իկըլզ խումբը (2012-2013), Պայերն Միւնիխի Բ. խումբը (2013-2015), Իւթրեխթ ակումբը (2015-2017), Այաքս Ամսթերտամը (2018-2022) եւ Մանչեսթըր Եունայթըտը (2022-2024):
Ան Գերմանիոյ նահանգներու ախոյեան դարձած էր Պայերն Միւնիխի հետ, Նետերլանտներու ախոյեան Այաքսի հետ (2018-2019, 2020-2021 եւ 2021-2022), ինչպէս նաեւ Նետերլանտներու բաժակակիր (2018-2019, 2020-2021) եւ Եունայթըտի հետ շահած է Անգլիոյ բաժակը (2023-2024) եւ Լիկայի բաժակը (2022-2023):


