«Եու. Էս. Օփըն»-ի թենիսի մրցաշարքը հասած է քառորդ աւարտականին, ուր տղոց առաջին 10 դասուած մարզիկներէն 6-ը հասած են, իսկ աղջկանց լաւագոյն 10-էն` 4-ը:
Տղոց Դ. հանգրուանի մրցումներուն անակնկալներ չստեղծուեցան, ուր թիւ 1 Եաննիք Սինըր 1 ժամ 23 վայրկեանի ընթացքին բաւական դիւրին յաղթանակ մը արձանագրեց Ալեքսանտր Պուպլիքի (Ղազախստան) դէմ մրցումին` 6-1, 6-1 եւ 6-1 արդիւնքով, եւ այժմ իր դէմ ունի 7 այլ թենիսմեններ, որոնցմէ միայն մէկը` թիւ 2 Քարլոս Ալքարաս կրցած է 2025-ին զինք պարտութեան մատնել:
Սպանացի Ալքարաս 2 ժամ 14 վայրկեանի պէտք ունեցաւ դուրս ձգելու ֆրանսացի Արթիւր Ռինքըրքնեչը` 7-6, 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով:
Սինըրի քառորդ աւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ իտալացի Լորենցօ Միւզեթթին (թիւ 10), մինչ Ալքարաս պիտի մրցի չեխ Եիրի Լեհեչքայի դէմ (թիւ 21), որ անցեալ փետրուարին Տոհայի մէջ կրցած էր անակնկալի բերել Ալքարասը, որ սակայն Ուիմպըլտընի մրցաշարքին վրէժ լուծած էր:
Քառորդ աւարտականի տղոց սպասուած մրցումն է թիւ 4 Թէյլըր Ֆրիցի (Միացեալ Նահանգներ) եւ թիւ 7 դասուած սերպ Նովաք Ճոքովիչի միջեւ ճակատումը: Երկու մարզիկները իրար դէմ 10 անգամ մրցած են, եւ միշտ ալ Ճոքովիչ յաղթած է: Սակայն Ճոքովիչ, որ այժմ 38 տարեկան է եւ թենիսը լքելու մօտ, իր դէմ աւելի երիտասարդ (27 տարեկան) մրցակից մը ունի, որ կը վայելէ համակիրներու քաջալերանքը, եւ կը սպասուի ծայր աստիճան հետաքրքրական ճակատում:
Աղջկանց մրցումներուն, ճափոնցի Նաոմի Օզաքա, որ նախապէս թիւ 1 թենիսվումընն էր 2019-ին, կրցաւ դուրս ձգել թիւ 3 Քոքօ Կաֆը (21 տարեկան)` 6-3 եւ 6-2 արդիւնքով, 1 ժամ 6 վայրկեան մրցումէ մը ետք: Այժմ թիւ 23 Օզաքա, որ 2 տարի հեռու մնալէ ետք թենիսէն վերադարձած էր անցեալ տարի, բարձր մակարդակի թենիս ցուցաբերեց ամերիկացի Կաֆի դէմ եւ քառորդ աւարտականին պիտի մրցի չեխ Քարոլինա Մուչովայի դէմ (թիւ 13), որ Դ. հանգրուանին դուրս ձգեց ուքրանացի Մարթա Քութիուքը` 6-3, 6-7 եւ 6-3 արդիւնքով:
Այլ չեխ մը` Մարքեթա Վոնտրուսովա (թիւ 60) դուրս ձգեց 9-րդ դասուած Էլենա Ռիպաքինան 6-4, 5-7 եւ 6-2 արդիւնքով եւ այժմ պիտի մրցի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքայի դէմ: Սապալենքա, որ վերջերս շատ կայուն արդիւնքներ ձեռք չի ձգեր վերջին երեք ճակատումներուն, 2 անգամ պարտութիւն կրած է չեխ մրցակիցէն վերջին ճակատումը սակայն Սինսինաթիի մէջ եղած էր ի նպաստ թիւ 1 Պիելոռուս Սապալենքայի, անցեալ ամիս:
Թիւ 2 թենիսվումըն Իկա Շվիանթեք 1 ժամ տեւող մրցումի մը դուրս ձգած էր ռուս Էքաթարինա Ալեքսանտրովան (թիւ 12)` 6-3 եւ 6-1 արդիւնքով: Շվիանթեքի քառորդ աւարտականի մրցակիցը պիտի ըլլայ Ամանտա Անիսիմովան (թիւ 9), որ 6-0 եւ 6-3 արդիւնքով դուրս ձգած էր թիւ 22 դասուած Պէաթրիս Հատտատ Մայան (Պրազիլ):


