Իտալիոյ ախոյեանութեան` «Սերի Ա.»-ի 2-րդ շաբթուան մրցումներուն, Ինթեր Միլան չկրցաւ իր դաշտին վրայ յաղթել Ուտինեզէին, որ 2 կոլերով փոխադարձեց Ինթերի 1-ին:
Տենզել Տումֆրիզ 17-րդ վայրկեանին նշանակեց Ինթերի առաջին կոլը` Մարքուս Թիւրամի փոխանցումէն ետք:
Հազիւ 10 վայրկեան ետք գնդակը դպաւ Տումֆրիզի ձեռքին, բայց իրաւարարը չնկատեց զայն: Քիչ ետք ՎԱՐ-ի սենեակէն դէպքը նշմարելէ ետք իրաւարարին հրահանգեցին կրկին ստուգել այդ դէպքը: Փենալթին անխուսափելի էր, եւ Քինըն Տէյվիս նշանակեց Ուտինեզէի հաւասարութեան կոլը:
40-րդ վայրկեանին ֆրանսացի Արթիւր Աթթա անզսպելի հարուածով գրաւեց Ինթերի բերդը:
Բ. կիսախաղին Ինթեր աւելի լաւ էր եւ 56-րդ վայրկեանին կոլ ալ կրցաւ նշանակել Ֆետերիքօ Տիմարքէի շնորհիւ, բայց անիկա ՎԱՐ-ի սենեակէն չվաւերացուեցաւ, որովհետեւ յարձակումին սկիզբը օֆսայտի մէջ Ինթերի մարզիկ մը կար:
Թիւրամ 69-րդ վայրկեանին առիթ մը եւս ունէր, բայց Ուտինեզէի բերդապահ Ռազվան Սաւա մնաց անդրդուելի:
Հենրիխ Մխիթարեան դաշտ ներկայացած էր 63-րդ վայրկեանին, բայց հակառակ իշխելուն, Ինթեր բաւարար ձեւով լուրջ առիթ չստեղծեց եւ իր դաշտին վրայ կրեց տարեշրջանի առաջին պարտութիւնը: Ախոյեան Նափոլի, Եուվենթուս, Քրեմոնեզէ եւ Ա. Էս. Ռոմա 6-ական կէտերով կը գրաւեն առաջին 4 դիրքերը:


