Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թենիս. Ճոքովիչ Դուրս Ձգեց Ֆրիցը Եւ Հասաւ Կիսաւարտական

September 4, 2025
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սերպ թենիսմեն Նովաք Ճոքովիչ երէկ առաւօտեան ժամերուն կրցաւ 6-3, 7-5, 3-6 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնել «Եու. Էս. Օփըն»-ի վերջին ամերիկացի թենիսմեն Թէյլըր Ֆրիցը` հասնելով կիսաւարտական:

Ճոքովիչ իր 11-րդ յաջորդական յաղթանակը արձանագրեց Ֆրիցի դէմ, որ բնաւ չէ կրցած յաղթել սերպ վեթերան թենիսմենին, որ իր մրցանիշը բարելաւեց հասնելով կրան-շլեմի մրցաշարքերու կիսաւարտական` 53-րդ անգամ ըլլալով, այս իրագործումներու կարգին է 14-րդ կիսաւարտականը` Ֆլաշինկ Մետոզի մէջ:

«Պարզապէս կ՛ուզէի դիմանալ: Ասիկա այդ օրերէն մէկն էր, ուր պէտք էր ուժերս հաւաքէի», ըսակ Ճոքովիչ (38 տարեկան), որ 3 մեչ-փոյնթի պէտք ունեցաւ յաղթելու: Պարտուելէ ետք առաջին երկու կէտերը, ան դէպի առջեւ կը ծռէր ձեռքերը ծունկերուն դնելով, յոգնութեան նշաններ ցոյց տալով: Մօտ երեքուկէս ժամ եղած էր, երբ մրցումը աւարտեցաւ թիւ 4 դասուած Ֆրիցի տապըլ-ֆոլթով:

«Ի վերջոյ, կարեւոր կէտերը միշտ ալ կը շահին հոյակապ մարզիկները` զանոնք դարձնելով պատմական մարզիկներ», ըսաւ Ֆրից, որ շատ լաւ մրցաշարք մը կ՛ունենար, բայց թերեւս Ճոքովիչի դէմ իր նախկին պարտութիւնները ինքնավստահութիւնը խախտած էին:

Վաղը Ճոքովիչ պիտի խաղայ այս տարեշրջանի իր 4-րդ կրան-շլեմի կիսաւարտականը` մրցելով սպանացի Քարլոս Ալքարասի դէմ, որ սեթ մը նոյնիսկ չէ կորսնցուցած այս մրցաշարքին:

Թիւ 2 դասուած Ալքարաս, որ 6-4, 6-2 եւ 6-4 արդիւնքով դուրս ձգեց չեխ Եիրի Լեհեչքան, 5-3 արդիւնքով ետ կը մնայ Ճոքովիչի դէմ նախկին 8 ճակատումներուն, որոնց վերջին 2-ը ի նպաստ վեթերան թենիսմենին էին: Ճոքովիչ Փարիզի Ողիմպիականի աւարտականին եւ այս տարուան Աւստրալիոյ բաց մրցաշարքի քառորդ աւարտականին կրցած էր յաղթել Ալքարասին:

Աղջկանց քառորդ աւարտականի առաջին երկու ճակատումներուն, թիւ 4 դասած ամերիկացի Ճեսիքա Փեկուլա 6-3 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց չեխ Պարպորա Քրէյչիքովան (թիւ 62):

Յաջորդական երկրորդ տարին ըլլալով` Փեկուլա հասաւ կիսաւարտական, ուր պիտի մրցի անցեալ տարի իր աւարտականի մրցակից եւ ախոյեան Արինա Սապալենքայի դէմ:

Սապալենքա առանց քրտնելու հասաւ կիսաւարտական, երբ իր չեխ մրցակից Մարքեթա Վոնտրուսովա (թիւ 60) ծունկի ցաւ ունենալով «քաշուեցաւ» մրցաշարքէն: Սապալենքա կը մնայ թիւ 1 թենիսվումընը, ինչ որ ալ ըլլայ այս մրցաշարքին արդիւնքը, բայց իբրեւ թիւ 1 այս տարի ան չէ կրցած որեւէ կրան շլեմի մրցաշարք շահիլ:

Տղոց պարագային պէտք է նշել, որ եթէ սպանացի Քարլոս Ալքարաս շահի «Եու. Էս. Օփըն»-ը, պիտի դառնայ թիւ 1 թենիսմենը:

 

Նախորդը

«Երգող Արցախ» Եւ Շուշիի «Վարանդա» Երգչախումբը

Յաջորդը

Եուրոպասքեթ. Ախոյեան Սպանիոյ Դիրքը` Վտանգուած

RelatedPosts

Ուասլ 2026.  Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով
Մարզական

Ուասլ 2026. Սաժես Յաղթեց Կորկանին` 103-97 Արդիւնքով

September 29, 2026
Ճատրակ.  Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան
Մարզական

Ճատրակ. Հայաստանի Զոյգ Հաւաքականները 6-րդ Դիրքին Վրայ Աւարտեցին Օլիմփիատան

September 29, 2026
Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…
Մարզական

Մանչեսթըր Սիթիի Վճիռը…

September 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.