Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի անդամ Նորպերթօ Պրիասքօ Պալեքեան չմիացաւ ազգային խումբին անձնական պատճառներով, եւ մարզիչ Եղիշէ Մելիքեան ազգային խումբ հրաւիրեց 22 տարեկան Էրիք Սիմոնեանը:
Սիմոնեան, որ 1,85 մեթր հասակով կեդրոնի պաշտպան դիրքի վրայ կը խաղայ, մաս կը կազմէ Ուրարտուի, որուն միացած էր Երեւանի բանակայիններու խումբէն: 2022-էն 2024 խաղալէ ետք ԲԿՄԱ Երեւան խումբէն, ան վերադարձաւ Ուրարտու, որուն սաներէն էր արդէն:
6 սեպտեմբերին, ազգային խումբը «Վազգէն Սարգսեան»-ի անուան հանրապետական մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Փորթուգալը` 2026-ի մոնտիալի զտումի գծով իր առաջին մրցումին:


