Մարզական

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Հայաստան – Այիր. Գերմանիա, Սպանիա Եւ Նետերլանտներ Յաղթեցին

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Հայաստան – Այիր. Գերմանիա, Սպանիա Եւ Նետերլանտներ Յաղթեցին

2026-ի մոնտիալի զտումի մրցումները կը շարունակուին, եւ կիրակի գիշեր Եւրոպայի ախոյեան Սպանիա 6-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց Թուրքիոյ մէջ: Միքել Մերինօ հեթ-թրիք իրագործեց, մինչ Փետրի (2) եւ Ֆերան Թորես նշանակեցին Սպանիոյ 6 կոլերը: «Ես հպարտ եմ այս մարզիկներով, այս ազգային խումբով եւ թէ ինչպէ՛ս կը ներկայացնենք մեր երկիրը: Այս խումբը կը շարունակէ յառաջդիմել մրցումէ-մրցում, եւ ես առաջին անձն եմ,...

Թենիս.  Սամուէլ Տաքեսեան` Աշխարհի Ախոյեան

Թենիս. Սամուէլ Տաքեսեան` Աշխարհի Ախոյեան

Վերջերս տեղի ունեցաւ թենիսի խմբային պատանիներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին ֆրանսացի հայ թենիսմեն Սամուէլ Տաքեսեան, որ մաս կը կազմէր Ֆրանսայի պատանիներու (14 տարեկանէն վար) ազգային խումբին, դարձաւ աշխարհի ախոյեան: Խմբակիցներ Մարիօ Վուքովիչի եւ Էվան Կիրեսքուի հետ միասնաբար Սամուէլ Տաքեսեան փայլեցաւ, մանաւանդ կարեւոր կիսաւարտականին յաղթելով թեկնածու Գերմանիոյ, ի վերջոյ աւարտականին յաղթելով Միացեալ Նահանգներու ազգային խումբին: 2005-էն ի վեր առաջին անգամ էր,...

«Եու. Էս. Օփըն»-ի Աւարտականին.  Ալքարաս Յաղթեց Եւ Թիւ 1 Թենիսմեն Դարձաւ

«Եու. Էս. Օփըն»-ի Աւարտականին. Ալքարաս Յաղթեց Եւ Թիւ 1 Թենիսմեն Դարձաւ

Քարլոս Ալքարաս 2022-ին շահելէ ետք «Եու. Էս. Օփըն»-ը դարձած էր աշխարհի թիւ 1 թենիսմեն 19 տարեկանին: Կիրակի գիշեր ան անգամ մը եւս շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը` աւարտականին պարտութեան մատնելէ ետք թիւ 1 թենիսմեն Եանիք Սինըրը (6-2, 3-6, 6-1 եւ 6-4 արդիւնքով): Ան թիւ 1 դիրքը գրաւեց` կէտերով անցնելէ ետք անոր: Վերջին 15 տարիներուն ոսկի եռեակ կար` Ռոժէ Ֆետերեր, Ռաֆայէլ Նատալ...

«Ֆորմիւլա 1»  Վերշթափըն Շահեցաւ Մոնցայի Կրան Փրին

«Ֆորմիւլա 1» Վերշթափըն Շահեցաւ Մոնցայի Կրան Փրին

Կիրակի օր «Ֆորմիւլա 1»-ի աշխարհի ախոյեան Մաքս Վերշթափըն անսխալ մրցումէ մը ետք կրցաւ շահիլ «Ֆորմիւլա 1»-ի այս տարուան իր 3-րդ կրան փրին, Սուզոքայի եւ Իմոլայի կրան փրիներէն ետք: Ռետ Պուլ, որ պզտիկ փոփոխութիւն կատարած էր ինքնաշարժին վրայ, օգտուեցաւ Իտալիոյ արագ շրջավազքէն, ուր Վերշթափըն փոլ փոզիշընէն սկսելով կրցաւ առաւելութիւնը պահել, հակառակ անոր որ քանի մը շրջան (մրցումի սկիզբը) Նորիս անցած էր...

Պասքեթպոլ.  Եուրոպասքեթը Հասած Է  Քառորդ Աւարտականին

Պասքեթպոլ. Եուրոպասքեթը Հասած Է Քառորդ Աւարտականին

Լաթվիոյ մէջ կը շարունակուի Եուրոպասքեթի ախոյեանութիւնը, որ հասաւ քառորդ աւարտականին: Թիւ 1 դասուած Սերպիա, որ աշխարհի 2-րդ դասուած խումբն է Միացեալ Նահանգներու ետին, մինչեւ կիսախաղ յառաջանալէ ետք անակնկալ պարտութիւն մը կրեց Ֆինլանտայէն` 86-92 արդիւնքով: «Էն. Պի. Էյ.»-ի աստղեր Նիքոլա Եոքիչ (Տենվըր Նակեթց) եւ Նիքոլա Եովիչ (Մայեմի Հիթ) լաւ ելոյթ ունեցան, բայց բաւարար չէր: Եոքիչ 33 կէտ եւ 8 ռիպաունտ ձեռք...

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ`  Դ. Դասակարգի Ախոյեան

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ` Դ. Դասակարգի Ախոյեան

Շաբաթ օր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ տիտղոսով մը եւս փակեց այս տարեշրջանը` շահելէ ետք Դ. դասակարգի ախոյեանութիւնը, յաղթելէ ետք Ա. խմբակի եւ Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի` 2-0 արդիւնքով: Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» դաշտին վրայ ՀՄԸՄ-ի տղաքը մանաւանդ առաջին կիսախաղին ճնշեցին եւ տիրապետեցին մրցակիցին վրայ մրցումի սկիզբէն, նոյնիսկ առանց միջնապահ Յակոբ Նաճարեանի, որ երկրէն դուրս կը գտնուէր: Ժամացոյցի վրայ 5-րդ վայրկեանը կ՛աւարտէր, երբ...

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն.  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Երէկ

Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն. «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը Տեղի Ունեցաւ Երէկ

Երէկ առաւօտ Պէյրութի թաղերը բաւական կանուխ արթնցան, ուր 2600 վազողներ կեանքով լեցուցին առաւօտեան կանուխ ժամերէն` մասնակցելու Պէյրութ մարաթոն միութեան կազմակերպած «Ռան տը սիթի» մրցումը, որ երկրորդ տարին ըլլալով յաջողութեամբ ընթացաւ: Երկու հեռաւորութիւններու վրայ տեղի ունեցող մրցումը 10 եւ 5 քմ-ի բաժնուած էր, ուր տղոց եւ աղջկանց մրցումներ տեղի ունեցան 10 քմ-ի բաժինին մէջ, իսկ 5 քմ քաջալերական մրցումին մասնակցեցան փոքրեր,...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Հայաստան – Փորթուգալ` 0-5

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Հայաստան – Փորթուգալ` 0-5

2026-ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու իր առաջին մրցումին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը Երեւանի մէջ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութիւն կրեց վերջերս Ազգերու լիկայի մրցաշարքը շահած Փորթուգալէն: Փորթուգալի խմբապետ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ 40 տարեկանին տակաւին բարձր մակարդակի ֆութպոլ կը խաղայ եւ 2 կոլ նշանակեց` Փորթուգալի ազգային խումբին հետ իր կոլերու հաշիւը հասցնելով 140-ի: Ռոնալտօ իր 222-րդ մրցումին (ազգային խումբին հետ) կրցաւ գերազանցել Մեսսիի կոլերուն...

Փարիզ Սեն Ժերմեն… Վիրաւորուեցաւ

Փարիզ Սեն Ժերմեն… Վիրաւորուեցաւ

Ճիշդ է, որ եւրոպական ակումբները դադարի մէջ կը գտնուին` առիթ տալով ազգային խումբերուն կատարելու զտումի իրենց մրցումները, բայց «Չեմփիընզ լիկ»-ի տիտղոսակիր Փարիզ Սեն Ժերմեն ըստ երեւոյթին կը տուժէ ասկէ: Արդարեւ, Ֆրանսայի ազգային խումբի ելոյթին, Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահներ Ուսման Տեմպելէէն եւ Տեզիրէ Տուէէն ետք, մարզիչ Լուիս Էնրիքէ վիրաւորուեցաւ, երբ արկած ունեցաւ հեծանիւ վարած պահուն: Էնրիքէ վերաբուժութեան ենթարկուեցաւ կոտրուածքի պատճառով: Նշենք,...

Սուարես 6 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Սուարես 6 Մրցումով Կախակայուեցաւ

Ինթեր Մայեմիի յառաջապահ Լուիս Սուարես 6 մրցումով կախակայուեցաւ Լիկայի բաժակի աւարտական մրցումէն ետք Սիեթըլի մէկ մարզիչին երեսին թքելուն պատճառով: Անցեալ կիրակի Ինթեր Մայեմի 3-0 արդիւնքով պարտութիւն կրած էր Սիեթըլէն, որ շահեցաւ Լիկայի բաժակը: Մրցումի աւարտէն ետք զանգուածային վէճ մը ծագեցաւ ֆութպոլիստներու, մարզիչներու եւ աշխատակիցներու միջեւ: Այդ դէպքին ընթացքին 38 տարեկան Սուարես Սիեթըլի մէկ աշխատակիցի դէմքին թքած էր: Մրցումէն ետք ան...

Թենիս.  Սապալենքա Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

Թենիս. Սապալենքա Շահեցաւ «Եու. Էս. Օփըն»-ը

«Եու. Էս. Օփըն»-ի աղջկանց աւարտական մրցումին աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքա 1 ժամ 36 վայրկեան պայքարէ ետք 6-3 եւ 7-6 (7-3) արդիւնքով պարտութեան մատնեց ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովան (թիւ 9)` շահելով իր յաջորդական երկրորդ տիտղոսը` Ֆլաշինկ Մետոյի մէջ: Սապալենքա կը փորձէր առաջին աղջկանց ախոյեանը ըլլալ, որ յաջորդական տարիներ կը շահէր Նիւ Եորքի մէջ Սերենա Ուիլիամսէն ետք (2012-2014), մանաւանդ որ ան...

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոս.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութեան Տիտղոս. Այսօր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Այսօր յետմիջօրէի ժամը 16:00-ին, Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ, Լեռնալիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի մրցի Պեքաայի ախոյեան Ղատ Աֆտալի դէմ: Անցեալ տարի աւարտական հանգրուանին, երբ երկու խումբերը յոյս չունէին բարձրանալու Գ. դասակարգ, իրար դէմ մրցեցան, եւ Ղատ Աֆտալ կրցաւ 4-2 արդիւնքով յաղթել «պարտականութեան մրցում»-ին: Այսօր պատկերը տարբեր է: Երկու խումբերն ալ բարձրացած են Գ. դասակարգ` գրաւելէ ետք իրենց խմբակներուն...

«Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն».  «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` Վաղը

«Պէյրութ Մարաթոն Միութիւն». «Ռան Տը Սիթի» Մրցումը` Վաղը

Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ ընդունեց «Պէյրութ Մարաթոն միութեան» նախագահ Մայ Խալիլը, որ միութեան փոխնախագահ Հասսան Ռոսթոմի եւ հաշուապահ ու մամլոյ պատասխանատու Հասսան Մոհիէտտինի հետ ներկայացած էր` վաղուան «Ռան տը Սիթի» մրցումին պատրաստութիւններուն մասին տեղեկութիւններ տալու: «Ռան տը Սիթի» մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Կեդրոնական Պէյրութէն մինչեւ ծովեզերեայ շրջանը, «շատ ապահով չէ», ըստ Խալիլի, որ մօտ 10 օր առաջ Մանարայի...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Գերմանիա Պարտութեամբ  Սկսաւ Զտումի Մրցումները

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Գերմանիա Պարտութեամբ Սկսաւ Զտումի Մրցումները

Սլովաքիա դարձաւ առաջին երկիրը, որ պարտութեան կը մատնէ Գերմանիան Մոնտիալի զտումներու պատմութեան ընթացքին, 2-0 արդիւնքով յաղթելէ ետք 2026-ի Մոնտիալի զտումի բացման մրցումին: Գերմանիա, որ նախապէս իր դաշտին վրայ պարտութիւններ կրած էր Փորթուգալէ (1986-ի Մոնտիալի զտում), Անգլիայէն (2002-ի Մոնտիալի զտում) եւ Հիւսիսային Մակեդոնիայէն (2022-ի Մոնտիալի զտում) զտումի մրցումներու գծով, չկրցաւ իր խաղաոճը պարտադրել Սլովաքիոյ վրայ, եւ մանաւանդ պաշտպանողական գիծը կորսուած վիճակ...

Պասքեթպոլ.  Ախոյեան Սպանիա Դուրս Մնաց Եուրօ Պասքեթէն

Պասքեթպոլ. Ախոյեան Սպանիա Դուրս Մնաց Եուրօ Պասքեթէն

Եանիս Անթեթոքումփօ վերադարձաւ, եւ Յունաստան 90-86 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Եւրոպայի ախոյեան Սպանիան, որ դուրս մնաց այս արդիւնքէն ետք: 1 էսիսթի պէտք ունէր Եանիս, որ թրիփըլ տապըլ կրնար իրագործել Սպանիոյ դէմ` 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգելէ ետք: Թայլըր Տորսի 22 կէտ աւելցուց ի նպաստ Յունաստանի, որ գրաւեց Գ. խմբակի պարագլուխի դիրքը: Իտալիա, որ 89-54 արդիւնքով յաղթեց Կիպրոսին, գրաւեց 2-րդ...

Լիոնել Մեսսի 2 Կոլ Նշանակեց Իր Հրաժեշտի Մրցումին` Արժանթինի Հետ

Լիոնել Մեսսի 2 Կոլ Նշանակեց Իր Հրաժեշտի Մրցումին` Արժանթինի Հետ

Լիոնել Մեսսի իր երկրին` Արժանթինի մէջ վերջին մրցումը կատարեց ազգային խումբին հետ` մրցելով 2026-ի մոնտիալի զտումի նախավերջին մրցումին` Վենեզուելայի դէմ: Այս յիշատակելի մրցումին Մեսսի 2 կոլ նշանակեց Պուէնոս Այրեսի «Էսթատիօ Մոնումենթալ» մարզադաշտի 84 հազար 567 համակիրներուն ներկայութեան: «Այս ձեւով կարենալ աւարտելը երազս եղած էր: Միշտ դաշտին վրայ լաւ թէ գէշ փորձառութիւններ ունեցած եմ, բայց միշտ հաճելի եղած է Արժանթինի հետ...

Թենիս.  Սապալենքա Եւ Անիսիմովա Հասան Աւարտական

Թենիս. Սապալենքա Եւ Անիսիմովա Հասան Աւարտական

«Եու. Էս. Օփըն»-ը կ՛աւարտի այս շաբաթավերջին, ուր այսօր գիշեր տեղի կ՛ունենայ աղջկան աւարտականի մրցումը, իսկ վաղը` տղոց աւարտականը: Աղջկանց աւարտականի մրցումը իրար դէմ պիտի հանէ աշխարհի թիւ 1 թենիսվումըն Արինա Սապալենքան եւ թիւ 9 դասուած ամերիկացի Ամանտա Անիսիմովան: Պիելոռուս Սապալենքա կիսաւարտականին սեթ մը կորսնցնելէ ետք Ճեսիքա Փեկուլայի դէմ (6-4), կրցաւ 6-3 եւ 6-4 արդիւնքով շահիլ յաջորդ երկու սեթերը` դուրս ձգելով...

Դ. Դասակարգի Աւարտական Հանգրուան.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ 4-0 Արդիւնքով Յաղթեց Եւ Բարձրացաւ Գ. Դասակարգ

Դ. Դասակարգի Ախոյեանի Տիտղոսին. Այս Շաբաթ Օր` ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ղատ Աֆտալ

Այս շաբաթ օր Պհամտունի «Ամին Ապտելնուր» մարզադաշտին վրայ տեղի պիտի ունենայ ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ - Ղատ Աֆտալ մրցումը, որուն աւարտին խումբ մը պիտի դառնայ Դ. դասակարգի ախոյեան: Երկու խումբերն ալ գրաւած էին իրենց խմբակներու առաջին դիրքերը, ուր Ա. խմբակէն Ղատ Աֆտալ եւ Աթլեթիքօ Պէյրութ եւ Բ. խմբակէն ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւ Լիուաա Սայտա բարձրացած էին Գ. դասակարգ: Ճիշդ է, որ...

2026-ի Մոնտիալի Զտում.  Այսօր` Նետերլանտներ – Լեհաստան Եւ Սլովաքիա – Գերմանիա

2026-ի Մոնտիալի Զտում. Այսօր` Նետերլանտներ – Լեհաստան Եւ Սլովաքիա – Գերմանիա

Այսօր եւրոպական ազգային խումբեր կը սկսին 2026-ի մոնտիալի զտումի իրենց մրցումները, մինչ այլ խումբեր արդէն իսկ սկսած են իրենց երթը, մանաւանդ այն խումբերը, որոնք Ազգերու լիկայի աւարտական հանգրուաններ չէին հասած: Գ. խմբակին մէջ, ուր արդէն իսկ 8 մրցումներ տեղի ունեցած են, Նետերլանտներու խումբը Ռոթերտամի մէջ պիտի հիւրընկալէ Լեհաստանը: Երկու խումբերն ալ թեկնածու են հասնելու Մոնտիալին եւ 2 յաղթանակներ արձանագրած են...

Եուրոպասքեթ.  Ախոյեան Սպանիոյ Դիրքը` Վտանգուած

Եուրոպասքեթ. Ախոյեան Սպանիոյ Դիրքը` Վտանգուած

Լիմասոլի մէջ (Կիպրոս) տեղի կ՛ունենայ Եուրօպասքեթի կամ պասքեթպոլ Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցաշարքը, որուն Ա. հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ Կիպրոսի, Ֆինլանտայի եւ Լեհաստանի մէջ, իսկ Բ. հանգրուանը, ինչպէս նաեւ քառորդ կիսաւարտական եւ աւարտական մրցումները` Ռիկայի (Լաթվիա) մէջ: 24 խումբեր կը մրցին 4 խմբակներու բաժնուած, ուր առաջին 4 դիրքերը գրաւող խումբերը կը հասնին Բ. հանգրուան, ուր կը սկսի անշուշտ նաք-աութի ձեւը` պարտուող խումբին դուրս...

Page 97 of 1275 1 … 96 97 98 … 1,275

Արխիւներ